Նամակ երկրէն – Հայութեան ամենակարեւոր խաչմերուկը – Րաֆֆի Կարիպեանի հետ – Րաֆֆի Տուտագլեան
03 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ//:
Հայութեան ամենակարեւոր խաչմերուկը․ Րաֆֆի Կարիպեանի հետ
Նամակ երկրէն
Հայաստանը հայութեան ժամադրավայրն է, աշխարհասփիւռ հայութեան հանդիպման կէտը, իւրաքանչիւր հայու աշխարհի ամէնէն կարեւոր խաչմերուկը: Ինքնիրեն հայ համարող ոեւէ հայ, անկախ իր ապրած վայյրէն, անկախ Հայաստանի հանդէպ իր ունեցած դրական կամ բացասական տրամադրութիւններէն, անկախ իր կուսակցական պատկանելիութենէն կամ քաղաքական համոզումներէն, կ’ուզէ անպայման, կեանքին մէջ գոնէ մէկ անգամ, Հայաստան այցելել:
Ես ինծի բախտաւոր կը համարեմ, որովհետեւ իմ աշխատանքիս կամ հրապարագրական գործունէութեանս պատճառով, առիթ կ’ունենամ հանդիպելու ամէն տարի Հայաստան այցելող բազմաթիւ հայերու:
Վերջերս, Երեւանի մէջ ծանօթացայ Րաֆֆի Կարիպեանին, Ժընեւի հայ համայնքի ամենաաշխուժ դէմքերէն մէկուն: Րաֆֆին տարիներ շարունակ Զուիցերիոյ, եւ մասնաւորաբար՝ Ժընեւի հայ գաղութի միւս անդամներուն հետ հետեւողական աշխատանք տարած է՝ հայկական խնդիրներու բարձրացման եւ հայկական շահերու պաշտպանութեան համար:
Րաֆֆիի հետ Զուիցերիոյ հայ գաղութի մասին զրուցելը բացառիկ հաճոյք է, քանի որ ան շատ լաւ գիտէ զուիցերիահայութեան պատմութիւնը: Հետաքրքրական է, որ Զուիցերիոյ մէջ հայերը նկատառելի ներկայութիւն եղած են դեռ 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ: Զուիցերիոյ ժողովուրդն ալ ընդհանրապէս բարեացակամ եղած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ հալածանքի ենթարկուող քրիստոնիա հայերուն հանդէպ եւ փորձած է նաեւ օգտակար ըլլալ: 1896-ին, օրինակ, համիտեան արիւնալի ջարդերու օրերուն, 2.9 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Զուիցերիոյ ժողովուրդին աւելի քան 15 տոկոսը, այսինքն աւելի քան 450 հազար քաղաքացի, դաշնակցային կառավարութեան ուղղուած դիմում մը կը ստորագրէ, պահանջելով, որ կառավարութիւնը հայկական ջարդերու կանգնեցման համար միջամտէ Բարձրագոյն Դրան մօտ:
Զուիցերիացի միսիոնարներ եւ մարդասիրական աշխատանքի նուիրեալներ Ցեղասպանութեան օրերուն բազմաթիւ հայերու կեանքը փրկած են, վերապրող որբեր հաւաքելով ու մանկատուներու մէջ անոնց համար խնամք եւ կրթութիւն կազմակերպելով: Րաֆֆին մասնաւորաբար կը նշէ մեծ հայասէր Անթոնի Քրաֆթ Պոնարը (Anthony Krafft-Bonnard), որուն ջանքերով բազմահարիւր որբեր վերապրեցան ջարդերէն: Պոնար հեղինակ է հայկական հարցին նուիրուած շարք մը աշխատութիւններու եւ հիմնադիրը՝ հայանպաստ աշխատանք տանող կազմակերպութիւններու…
Վերջին մի քանի տասնամեակներուն զուիցերիա հաստատուած են Միջին Արեւելքի երկիրներէն եւ արդէն նաեւ Հայաստանէն եկած հայեր: Վեց հազար հայ ընտանիքներու հասցէներու կ’ուղարկուին հայկական միջոցառումներու եւ հարցերու վերաբերեալ տեղեկութիւններ ու նիւթեր: Հայկական կեանքը աշխուժ պահելու համար Րաֆֆիի նման հայորդիներ ժամանակ եւ ջանք չեն խնայեր: Զուիցերիահայերու անդուլ եւ հետեւողական պայքարի շնորհիւ էր, որ 2003-ին Զուիցերիան ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, իսկ երկու տարի առաջ Ժընեւի մէջ հայերը կրցան Հայասպանութեան նուիրուած յուշակոթող կանգնեցնել: Բայց ինչպէս միւս գաղութները, ձուլումը կը մնայ համայնքի դիմագրաւած մեծագոյն խնդիրը, կը պատմէ Րաֆֆի:
Րաֆֆի Կարիպեան արդէն վաղուց բնակարան գնած է Երեւանի մէջ եւ որոշած է այլեւս կեանքի մեծ մասը Հայաստանի մէջ անցնել: Ան ձերբազատուած է Եւրոպայի իր կալուածներէն եւ գործերէն ու իր ամբողջ ուշադրութիւնը կ’ուզէ Հայաստանի վրայ կեդրոնացնել: Իր համալսարանաւարտ եւ դեռ համալսարանական, արհեստավարժ եւ դեռ ուսանող 4 զաւակները հայրենիքին կապելու ձեւերէն մէկը իր Հայաստան տեղափոխուիլն ու զիրենք ամէն տարի Հայաստան բերել է:
«Ետեւ պէտք չէ նայինք», կ’ըսէ Րաֆֆի, որովհեետեւ եթէ մտածենք օր մը ետ երթալու, վերադառնալու մասին, ուրեմն արդէն պատերազմը պարտութեամբ սկսած կ’ըլլանք: Հայաստանը հիմա նոր ժամանակներ կ’ապրի եւ մարտահրաւէրները շատ աւելին են, քան կը պատկերացնենք: Եւ կարեւոր է, որ համատեղենք ճիգերը, ուժերը քով-քովի բերենք եւ մասնակից ըլլանք այս երթին: Սա է Եգիպտոս ծնած, եւ իր երիտասարդութիւնն ու ամբողջ կեանքը Զուիցերիա ապրած Րաֆֆիի հաւատամքը:
Րաֆֆի Տուտագլեան
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com