ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Հայաստանի եւ հայութեան պատմական դժուարին երթը՝ երկու կրակի միջեւ յառաջ շարժելու վճռակամութեամբ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Հայաստանի եւ հայութեան պատմական դժուարին երթը՝ երկու կրակի միջեւ յառաջ շարժելու վճռակամութեամբ

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Հայաստանի եւ հայութեան պատմական դժուարին երթը՝ երկու կրակի միջեւ յառաջ շարժելու վճռակամութեամբ

3 Փետրուար 2020

Փետրուար 3ի այս օրը հայոց յուշատետրին մէջ կը բանայ ազգային-քաղաքական ուսանելի էջը Հայաստանի եւ հայութեան 571 թուի հերոսական, այլեւ յաղթական ապստամբութեան՝ Վարդան Բ․ Մամիկոնեան իշխանի սպարապետութեամբ, ընդդէմ հզօր Պարսկաստանի կողմէ զրադաշտականութիւնը վերստին մեր ժողովուրդին պարտադրելու․․․ բռնաճնշումներուն։

Դաւանափոխութեան հազկերտեան ճնշումներ, որոնց դիմագրաւման համար պայքարի դաշտ նետուած Հայաստանին օգնելու դիմաց՝ Բիւզանդիոնը իր դաւանած քաղկեդոնականութիւնը փորձեց պարտադրել հայ ժողովուրդին։
Հայոց պատմութեան այդ յիշարժան էջին՝ անոր կապուած ազգային-դաւանական խնդիրներուն, ժամանակաշրջանի աշխարհառազմավարական խմորումներուն եւ ատենի հայոց հոգեւորական թէ աշխարհական ղեկավարութեան մասին հակիրճ ծանօթութիւն ընթերցողը կրնայ գտնել «Յուշատետր»ի առանձին փոստով։

Փետրուար 3ի առաւօտեան մեր բարի լոյսին կիզակէտը ներշնչուած է հազարամեակներու մեր ազգային պատմութեան մեծագոյն հանգոյցներէն մէկուն՝ երկու կրակի միջեւ յայտնուելով հանդերձ սեփական ուղիով անշեղ ու անդեդեւ յառաջ քալելու Հայաստանի եւ Հայութեան ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ ՈԳԻէն։

Բարի լոյս՝ մեր ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆՆ ու ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ամէն գնով, ի հարկին գերագոյն զոհաբերութեան գնով ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ հաստատակամութեան կորովով։

Բարի լոյս՝ երէկի ու այսօրուան, հազարամեակներո՜ւ մեր յաղթարշաւը շարունակող զինուորագրեալներուն, որոնք պատրաստ են մէկ մարդու պէս ծառանալու Ազգի ու Հայրենիքի ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԳԱԼԻՔը երկու կրակի միջեւ ճզմելու ելած՝ մեր կրօնն ու լեզուն, մեր մշակոյթն ու պատմական յիշողութիւնը աջէն թէ ձախէն մեզմէ խլելու եկած մեծապետական ամէն կարգի սպառնալիքներուն դէմ։

Շուրջ 1450 տարի առաջ, Պարսկական Կայսրութեան պարտադրած զրադաշտականութեան դէմ ծառացած հայկական փոքր ածուին ռազմական օգնութիւն խոստանալով՝ Բիւզանդական Կայսրութիւնը նախապայման կը դնէր քաղկեդոնականութեան ընդունումը։

Սոսկ դաւանափոխութեան նպատակ չէին հետապնդեր հաւասարապէս ե՛ւ Պարսկաստանը, ե՛ւ Բիւզանդիոնը։ Մեծապետական մեր զոյգ հարեւաններն ալ հետամուտ էին հայու ազգային ինքնալքումին ու ձեռնթափ համակերպումին։

Հայաստանն ու Հայութիւնը փաստօրէն առնուած էին երկու կրակի միջեւ, որմէ շատ մեծ դժուարութեամբ խուսանաւել փորձեցինք հետագայ դարերուն։

Այո՛, դարերու երկայնքին մենք ուղի հարթեցինք միշտ երկու կրակի միջեւ՝ արաբներու եւ մոնկոլներու, խաներու եւ ռուսներու, սուլթաններու եւ ցարերու, Լենիններու եւ Քեմալներու միջեւ խուսանաւելով։
Մինչեւ որ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումով կրցանք արգելակել հայոց պատմութեան անկումի ընթացքը՝ թէկուզ 70 տարուան համար մեր անկախութենէն ծանր գին վճարելով «թրքական սալին եւ ռուսական մուրճին միջեւ» պետականօրէն ճզմուելու ռուս-թրքական սադրանքին։

Բարի լոյս՝ հայոց պատմութեան դաժան դասերը մտահան չընելու արթնամտութեամբ։

Բարի լոյս՝ վերանկախացեալ Հայաստանի Ազատութեան եւ Արդարութեան համար մղուող համահայկական մեր այսօրուան ոգորման յեղափոխական երթը եւս երկու կրակի միջեւ խեղդելու ամէն կարգի սադրանքները դիմագրաւելու եւ ձախողութեան մատնելու վճռակամութեամբ։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail