Ախալքալաքի Արդարադատութեան Տան Մէջ Կ՛արգիլուի Հայերէն Խօսիլը

Ախալքալաքի Արդարադատութեան Տան Մէջ Կ՛արգիլուի Հայերէն Խօսիլը

03 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 –

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Ախալքալաքի բնակիչներուն Արդարադատութեան տան աշխատակիցները թոյլ չեն տար շփուիլ իրենց եւ աշխատակիցներու համար հասկանալի հայերէն լեզուով, եւ թիւրըմբռնումներու պատճառով մարդիկ յաճախ ստիպուած կ՛ըլլան քանի մը անգամ փաստաթուղթեր ներկայացնել, որպէսզի յայտը լիարժէք ըլլայ: Մինչդեռ ատիկա ժամանակի ու ֆինանսներու կորուստ է:

Բողոքող քաղաքացիները դիմած են Jnews.ge կայքին` ըսելով, որ Արդարադատութեան տունը այն վայրն է, ուր իւրաքանչիւր մարդ մօտ 450 պետական եւ մասնաւոր բնոյթի ծառայութիւններ ստանալու իրաւունք ունի: Ախալքալաքի մէջ ատոնք միշտ չէ, որ հասանելի են` լեզուական խոչընդոտներու պատճառով:

Jnews.ge-ի լրագրողի հարցումին, թէ ինչո՞ւ հայ աշխատակցուհին անհրաժեշտ տեղեկութիւնները չի ներկայացներ հայ յաճախորդին երկուքին համար ալ հասկանալի հայերէն լեզուով, ան պատասխանած է, որ ներքին կանոնները իրեն թոյլ չեն տար տեղեկատուութիւնը ներկայացնել հայերէնով:

Ախալքալաքի շրջան բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայեր են, որոնք, յատկապէս աւագ սերունդը լաւ չի տիրապետեր վրացերէնին եւ ատիկա խնդիրներ կ՛առաջացնէ եւ կը յանգեցնէ վէճերու ու թիւրըմբռնման:

«Ես կը հասկնամ վրացերէն, բայց` վատ: Քանի մը անգամ հայեր սպասարկած են ինծի: Մէկուն հարցրեցի` ինչո՞ւ հայերէն չի խօսիր, ոչինչ պատասխանեց: Այստեղ հիմնականօրէն հայեր կ՛ապրին: Տղամարդիկ խոպան կ՛երթան, փաստաթուղթեր ձեւակերպելը կը մնայ կանանց վրայ, որոնք ո՛չ վրացերէն գիտեն, ո՛չ ռուսերէն: Իսկ անոնք պէտք է ե՛ւ վրացերէն իմանան, ե՛ւ ռուսերէն, ե՛ւ հայերէն: Սա պետական հիմնարկ է, եւ անոնք պարտաւոր են բնակչութեան բացատրել, այլ ոչ թէ փաստի առջեւ կանգնեցնել: Եթէ զիրար հասկնան, քանի մը անգամ այստեղ-այնտեղ երթալու կարիք չըլլար»,- կայքին ըսած է Դիլիսկա գիւղէն բնակչուհի մը:

Jnews.ge կայքի բազմաթիւ պաշտօնական, գրաւոր եւ բանաւոր հարցումներու արդիւնքով Վրաստանի Արդարադատութեան տունը յայտնած է, որ գործավարութիւնը Վրաստանի բոլոր պետական հիմնարկներուն մէջ կ՛իրականացուի վրացերէն լեզուով: Սակայն բողոքողները չեն նշեր, թէ կը դժգոհին, որ փաստաթուղթերը վրացերէնով կը պահանջեն, այդ առումով խնդիր չկայ, քանի որ Արդարադատութեան տան կից թարգմանիչներ կ՛աշխատին: Բողոքը աշխատակիցներու ու յաճախորդներու շփումներուն կը վերաբերի: Բայց այդ առնչութեամբ կայքին տրուած պատասխանին մէջ խօսք չկայ, միայն կը նշուի. «Առանձնայատուկ կը ցանկանք նշել, որ Արդարադատութեան տունը կը յարգէ բոլոր մարդոց մշակութային ինքնութիւնը, ինչպէսեւ ազգային փոքրամասնութիւն ներկայացնող իւրաքանչիւր անձի լեզուական ու էթնիկ ինքնութիւնը: Մենք կը ձգտինք աջակցիլ բոլոր շահագրգիռ անձերուն, որոնք չեն տիրապետեր պետական լեզուին Արդարադատութեան տան ծառայութիւններէն օգտուելու համար: Սակայն աջակցութիւնը չենթադրեր օրէնքի պահանջներու անտեսում: Արդարադատութեան տունը որեւէ քաղաքացիի ծառայութիւն մատուցելէ չէ հրաժարած պետական լեզուի չիմացութեան պատճառով, եթէ հաշուի առնուած են ընդհանուր վարչական օրէնսգիրքի պահանջները: Ուշագրաւ է, որ օգտուողները յստակ կ՛ընկալեն օրէնքի այդ պահանջքը, ինչ որ կ՛ողջունենք»:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

yerakouyn.com/2020/01/31/ախալքալաքի-արդարադատութեան-տան-մէջ-կ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail