Վենետիկի Յանձնաժողովի Նախագահը Սահմանադրական Դատարանին Շուրջ Ստեղծուած Տագնապին Գծով Կոչ Կ՛ուղղէ Զսպուածութեան

Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուքիքիոն

Վենետիկի Յանձնաժողովի Նախագահը Սահմանադրական Դատարանին Շուրջ Ստեղծուած Տագնապին Գծով Կոչ Կ՛ուղղէ Զսպուածութեան

04 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուքիքիոն յայտարարութիւն տարածած է Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ` ընդգծելով դատաւորներու կանուխ կենսաթոշակի անցնելու կամաւորութեան սկզբունքի պահպանումը: Ան կոչ ուղղած է թեթեւցնելու լարուածութիւնն ու խնդիրը լուծելու զսպուածութեան եւ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ:

«Իբրեւ շարունակութիւն 29 հոկտեմբեր 2019-ի իմ յայտարարութեանս` ես մտահոգուած կը մնամ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին շուրջ բաց հակամարտութեամբ: Կը կիսեմ այս առումով Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) համազեկուցողներու մտահոգութիւնները: Կ՛ուզեմ կրկին անդրադառնալ այն առաջարկներուն, որ կատարուած են Վենետիկի յանձնաժողովի տեսակէտով, որ հրապարակուած է հոկտեմբեր 2019-ին, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ Սահմանադրական դատարանին մէջ վաղաժամ կենսաթոշակի անցնելու սկզբունքը պէտք է իսկապէս ըլլայ կամաւոր եւ բացառէ որեւէ քաղաքական կամ անձնական ճնշում դատաւորներուն վրայ, եւ պիտի իրականացուի այնպէս, որ ազդեցութիւն չունենայ առկայ գործերու արդիւնքին վրայ:

Վերջին շրջանի հրապարակային յայտարարութիւններն ու գործողութիւնները չեն համապատասխաներ այդ չափանիշներուն եւ չեն կրնար օժանդակել լարուածութեան մեղմացման:

Ժողովրդավարական մշակոյթն ու հասունութիւնը կը պահանջեն կառուցակարգային զսպուածութիւն, բարեխղճութիւն եւ փոխադարձ յարգանք` պետական հաստատութիւններուն միջեւ:

Կրկին կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր կողմերուն ցուցաբերելու զսպուածութիւն եւ մեղմացնելու լարուածութիւնը այդ մտահոգիչ իրավիճակին մէջ` Հայաստանի Սահմանադրութեան բնականոն գործողութիւնը ապահովելու համար», նշած է Պուքիքիոն:

Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուքիքիոն

www.aztagdaily.com/archives/463510

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail