Սուրիական Բանակի Կատարած Ռմբակոծումին Պատճառով Իտլիպի Մէջ Սպաննուած Են 6 Թուրք Զինուորներ

Սուրիական Բանակը Իրաւունք Ունի

Սուրիական Բանակի Կատարած Ռմբակոծումին Պատճառով Իտլիպի Մէջ Սպաննուած Են 6 Թուրք Զինուորներ

04 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թեհրան. «Սուրիական Բանակը Իրաւունք Ունի».

Սուրիական Բանակը Իրաւունք Ունի

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իտլիպի մէջ սուրիական բանակին կողմէ կատարուած հրետանիով ռմբակոծման պատճառով 4 թուրք զինուորներ սպաննուած են եւ 9 ուրիշներ վիրաւորուած: Աւելի ուշ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 6-ի:

Ըստ «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին, Սարաղեպ գիւղին մօտ փոխադարձ հրթիռակոծման ընթացքին սպաննուած են 4 թուրք եւ 9 սուրիացի զինուորներ:

Նախարարութիւնը աւելցուց, որ թրքական ուժերը հակադարձած են «յարձակումին եւ Իտլիպի շրջանին մէջ թշնամական թիրախներ քանդած»` պնդելով, որ սուրիական բանակը ռմբակոծումը կատարած է` հակառակ թրքական ուժերու դիրքերէն նախապէս տեղեակ պահուելուն:

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնեց. «Զինուորները նահատակուեցան սուրիական վարչակարգի ուժերուն կողմէ կատարուած ռմբակոծման պատճառով: Մեր նահատակներուն արիւնը ի զուր պիտի չթափի, արարքին հեղինակները հաշուետուութեան պիտի ենթարկուին»:

Թուրքիոյ նախագահութեան տեղեկատուութեան գրասենեակի նախագահ Ֆախրեթթին Ալթուն իր կարգին յայտնեց. «Թրքական պետութիւնը հաշուետուութեան պիտի ենթարկէ այս դաւադիր յարձակումին հեղինակները»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մեկնաբանելով դէպքը յայտնեց. «Իտլիպի մէջ թրքական ուժերուն դէմ սուրիական բանակին յարձակումները անպատասխան պիտի չձգենք: Այդտեղ գործողութիւնները կը շարունակուին, եւ 40 դիրքեր հարուածուեցան»:

«Թուրք ապահովական պաշտօնատարներ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններ կը վարեն, եւ անհրաժեշտութեան պարագային բանակցութիւններ պիտի վարեմ», աւելցուց ան:

Էրտողան Ուքրանիա մեկնելէ առաջ Անգարայի օդակայանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Մեր բանակը հակադարձեց (սուրիական) վարչակարգին` հիւսիսային Սուրիոյ մէջ մեր ուժերուն ռմբակոծման եւ, ըստ նախնական տեղեկութիւններու, վնասազերծեց 30 կամ 35 սուրիացի զինուորներ»:

«Թրքական հրետանին ու «Էֆ-16»-ներ մինչեւ այս պահը կը շարունակեն պատասխանել Իտլիպի մէջ մեր զինուորներուն դէմ կատարուած ռմբակոծման», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը:

Սակայն Սուրիոյ մէջ հաշտեցման ռուսական կեդրոնը նշեց, որ թրքական օդուժը չէ խախտած Սուրիոյ օդային սահմանը եւ չէ հարուածած սուրիական ուժերը` աւելցնելով, որ թրքական բանակը Ռուսիան տեղեակ չէ պահած Իտլիպի մէջ իր շարժումներէն, երբ սուրիական կառավարական ուժերուն կողմէ ռմբակոծման ենթարկուած է:

Կեդրոնը շեշտեց, որ ռուս եւ թուրք զինուորականներ կապի մէջ են, եւ վիրաւորներուն Թուրքիա տեղափոխումը կազմակերպուած է` նշելով, որ ռուսական օդուժը շարունակ կը հսկէ Իտլիպի մէջ ապազինեալ գօտիին վերեւ օդային տարածքին:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին նշեց, որ թրքական օդուժը չէ խախտած Սուրիոյ օդային տարածքը եւ չէ ռմբակոծած սուրիական բանակը:

«Սուրիական հողեր ներթափանցած թրքական ուժերը կրակոցի ենթարկուեցան սուրիական բանակին կողմէ, որ ահաբեկիչներ կը թիրախաւորէր», յայտնեց նախարարութիւնը:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի, մեկնաբանելով Իտլիպի մէջ արձանագրուած միջադէպը, յայտնեց. «Կը հասկնանք կարգ մը երկիրներու` Իտլիպի մէջ զինուորական գործողութիւններուն նկատմամբ մտահոգութիւնը, սակայն սուրիացի ժողովուրդին ու կառավարութեան պէտք է արտօնել, որ իրենց ճակատագիրը իրենք ճշդեն»:

«Սուրիական բանակը իրաւունք ունի բռնագրաւումի կամ ահաբեկչութեան ենթարկուած սուրիական որեւէ հողի վրայ, կամ Սուրիոյ անվտանգութիւնն ու միութիւնը վտանգողի դէմ գործողութիւններ շղթայազերծելու», նշեց Մուսաւի:

Ան ըսաւ, որ բոլոր երկիրները «պէտք է յարգեն Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնն ու ազգային անվտանգութիւնը»:

Սուրիական Բանակը Իրաւունք Ունի

www.aztagdaily.com/archives/463521

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail