«Դարու Գործարք»-ի Մերժման Շուրջ Արաբական Միաձայնութիւն Գոյութիւն Ունի» Կ՛ըսէ Պաղեստինի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Աջին՝ Ռիատ Մալիքի

«Դարու Գործարք»-ի Մերժման Շուրջ Արաբական Միաձայնութիւն Գոյութիւն Ունի» Կ՛ըսէ Պաղեստինի Արտաքին Գործոց Նախարարը

04 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքի յայտնեց. «Կը գնահատենք բոլոր անոնք, որոնք աջակցութիւն յայտնեցին ընդդէմ պաղեստինցիներուն ոչ արդար լուծումներ պարտադրելու փորձերուն»:

«Պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքները զլանալու աննախադէպ փորձեր գոյութիւն ունին», ըսաւ ան:

Աջին՝ Ռիատ Մալիքի

Մալիքի նաեւ շեշտեց. «Դարու գործարք»-ը մերժելու առնչութեամբ միաձայնութեամբ որդեգրուած արաբական որոշում գոյութիւն ունի»:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս իր կարգին յայտնեց, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը պիտի շարունակէ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը պոյքոթի ենթարկել, եթէ խաղաղութեան ծրագիրի գործադրութիւնը շարունակուի` ընդգծելով, որ Պաղեստինը «պիտի չընդունի որեւէ գործարք, որ պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքները կը կրճատէ»:

Ան զարմանք յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ միակողմանի կերպով կը ջնջեն միջազգային օրինականութեան որոշումները եւ զանոնք ոտնահարող որոշումներ կ՛որդեգրեն: «Ատիկա անընդունելի է», ըսաւ ան:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը նաեւ ընդգծեց. «Օսլոյի համաձայնութեան հիմամբ պաղեստինցիներու պատմական հողերուն 20 առ հարիւրով բաւարարուեցանք եւ օրին Իցհաք Ռապինի հետ համաձայնութիւն գոյացուցինք` հասնելու համար լուծումի մը, որ բռնագրաւուած հողերու վերատիրացման քայլ կը ներկայացնէ»: Ան աւելցուց. «Թրամփի ծրագիրը մեզի միայն Այսրյորդանանի եւ Կազայի հողերուն 6 առ հարիւրը կու տայ, եւ պաղեստինեան պետութիւնը կը բաժնէ վեց մասերու»:

Աջին՝ Ռիատ Մալիքի

www.aztagdaily.com/archives/463522

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail