Էրտողան Կ՛ողջունէ «Դարու Գործարք»-ը Մերժելու Արաբական Լիկայի Որոշումը
04 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շեշտեց. «Այն ինչ որ «Դարու գործարք» կը կոչուի, բռնագրաւումի ծրագիր մըն է եւ ոչ թէ խաղաղութեան ծրագիր, եւ նշեալ գործարքին պարունակած բառերը կեղծ իմաստներ կը կրեն»:
«Գործարքը կ՛ըսէ, թէ պաղեստինեան կողմը պէտք է ճանչնայ հրէական բնակեցման վայրերուն Իսրայէլի սահմաններուն մէջ ըլլալը, եւ արգելք կը հաստատէ արտասահման գտնուող շուրջ 5-6 միլիոն պաղեստինցիներուն իրենց երկիր վերադարձին դիմաց», նշեց Էրտողան:
«Գործարքը կ՛ըսէ, թէ Կազան պէտք է ապազինել, եւ Համաս շարժումը` պէտք է իր զէնքը յանձնէ, իսկ Իսրայէլի՞ զէնքերը, ի՞նչ պիտի ըլլան անոր հիւլէական զէնքերը», հարց տուաւ ան:
Ան զարմանք յայտնեց «կարգ մը կողմերուն իր երկրին անկախութեան համար պայքարող Համասի ղեկավարութեան հետ իր ընտրութիւններէն նեղանալուն» նկատմամբ:
«Դարու գործարք»-ը Երուսաղէմը կը ճանչնայ իբրեւ Իսրայէլի անբաժանելի մայրաքաղաք, իսկ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պաղեստինցիներուն կը խոստանայ, որ Ապու Տիս գիւղը ըլլայ Պաղեստինի մայրաքաղաքը»:
Էրտողան ողջունեց Արաբական լիկայի «Դարու գործարք»-ը մերժող կեցուածքը` յոյս յայտնելով, որ «Արաբական լիկային սրամտութիւնը կը շարունակուի»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին յայտնեց. «Պաղեստինի վերաբերեալ ամերիկեան ծրագիրը բռնագրաւումին եւ Երուսաղէմի ու Այսրյորդանանի իսրայէլեան կցումին օրինականութիւն շնորհելու փորձ մըն է»:
«Այս գործարքը հողերու կցման գործարք եւ ոչ թէ խաղաղութեան ծրագիր, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան ծայրայեղ պահանջները Միացեալ Նահանգներու բերնով պարտադրելու գործարք մըն է, եւ ատոր նպատակը պաղեստինցիներուն` իսրայէլեան բռնագրաւումին ու անկէ բխող ցաւերուն անձնատուութիւնը ապահովելն է», ըսաւ ան:
www.aztagdaily.com/archives/463523