ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ – Հայ-Թաթարական Ընդհարումներու Մարտական Եւ Գաղափարա-Քաղաքական Խորհուրդը

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ – Հայ-Թաթարական Ընդհարումներու Մարտական Եւ Գաղափարա-Քաղաքական Խորհուրդը

04 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Մեծ մտաւորական եւ հայ քաղաքական մտքի տեսաբան Լէոյի (Առաքել Բաբախանեան) կարծիքով, ընդհարումներու պատասխանատուութիւնը Դաշնակցութեան վերագրելով` թուրքերը կը հետապնդէին նաեւ հետեւեալ նպատակը. «…նոյն այդ դաշնակցականները հայդուկային խումբեր էին կազմում եւ տանում Թուրքիա` կռուելու համար: Այս նոյնպէս մեծ յանցանք էր համաիսլամական եւ համաթուրանական փրոփականտի ենթարկուած պէկերի աչքում եւ այդ յանցանքների համար էր, որ թուրքերը Անդրկովկասում յարձակւում էին իրենց հարեւան հայերի վրայ»(1):

Ռուս կառավարութիւնը, երկու թռչուն մէկ քարով զարնելու, թէ՛ հայ եւ թէ՛ թուրք ազգայնականութիւնը մէկ հարուածով եւ իրարու ձեռքով ոչնչացնելու, անոնց միութեան եւ անկախութեան ձգտումները խեղդելու այս առիթէն չափազանց գոհ` կատարեց ո՛չ միայն հանդիսատեսի, այլեւ հրահրողի դեր, ինչպէս Պաքուի նահանգապետ Նակաշիձէն անձամբ ինքն էր, որ կոզակներու գլուխ անցած` կը քաջալերէր թաթար ամբոխի յարձակումները հայկական թաղամասերու վրայ: Հայերու յաճախակի դիմումը նահանգապետ Նակաշիձէին` ինքնապաշտպանութեան համար զինք տրամադրելու կամ կոտորածը կանխելու նպատակով, կը մերժուի` պատճառաբանելով, իբր թէ «Քաղաքում զինուորական բաւարար ուժեր չկան»: «Տարօրինակ պատասխան, ամենամեծ ցոյցերի ժամանակ, նրա ունեցած ուժերը բաւական են լինում երկու ժամուան մէջ ցրելու ցուցարարներին, իսկ կոտորածի ժամանակ ուժը անհետանում է»(2):

Նակաշիձէն ի վերջոյ թուրքերու սարքած ոճիրը պսակեց իր «պատժող արշաւախումբերով»:

Մինչեւ հայ-թաթարական բախումներ` Անդրկովկասի մէջ գործող դաշնակցական միաւորները իրենց նիւթական եւ մարդկային ամբողջ կարելիութիւններն ու միջոցները տրամադրած էին բացառաբար արեւմտահայութեան դատին: Ցարական հակահայ քաղաքականութեան բերումով, տեղական մարտական խումբերը պիտի ստանձնէին սեփականի պաշտպանութիւնը, որոնց պիտի գային միանալու, այս անգամ, արեւմտահայ մարտական կարկառուն ներկայացուցիչներ:

Վարի շարք՝ ձախէն աջ՝ Արսէն Սմբատ, Տուրպախ, Տիգրան Սիրունեան, կեդրոնը՝ ձախէն աջ՝ բժ. Քէֆէջեան, Սեբաստացի Մուրատ, նստած՝ ձախէն աջ՝ Իշխան, Աանուկ Սիրունեան

Դժբախտաբար, թուրքերուն համար, հայ բազուկը Կովկասի մէջ անզէն չէր, ինչպէս` Թուրքիոյ մէջ: Հայ երիտասարդը եւ հայ յեղափոխութիւնը անոր սորվեցուցած էին գործածել զէնք իր անձին, ընտանիքին ու ազգին սրբազան պաշտպանութեան համար: Հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակաշրջանի ինքնապաշտպանութեան ոգին կը հանդիսանայ ռազմագէտ Նիկոլ Դումանը: Ան երկաթէ կամքով, արիութեամբ ու վճռակամութեամբ կը ղեկավարէ ու կը կազմակերպէ ինքնապաշտպանական խումբերը (Պաքու, ապա Երեւան-Նախիջեւան եւ ընդհանրապէս` Անդրկովկաս), իր կողքին նաեւ այլ շրջաններու մէջ ղեկավար ունենալով դաշնակցական զինուորական ընտրանին` Վարդան (բուն անունով Սարգիս Մեհրապեան կամ Խանասորի Վարդան, Արցախ), Արմէն Գ(Կ)արօ (Գարեգին Փաստրմաճեան) եւ Տուրպախ (Յարութիւն Կիրակոսեան, Թիֆլիս), Սեդրակ Ջալալեան (Սէթօ(3)), Սեբաստացի Մուրատ (Խրիմեան), Դաշնակցական Խեչօ (Խաչատուր Ամիրեան), Մածուն Խեչօ (Գրիգոր Միրզաբէկեան), Դրօ (Դրաստամատ Կանայեան), Քեռի (Արշակ Գաւաֆեան), Սեպուհ (Արշակ Ներսէսեան), Համազասպ (Սրվանձտեան), Սեւ-Քարեցի Սաքօ (Սարգիս Ծովանեան), Աւօ (Աւետիս Բիզեան), Կոտոյի Հաճի (Յակոբ Կոտոյեան), Առիւծ Աւագ, Սմբատ (Սմբատ Բորոյեան, զօրավար Մախլուտօ) եւ ուրիշներ (երեւանեան նահանգ եւ Զանգեզուր): Իսկ Ռոստոմ (Ստեփան Զօրեան) ներկայ էր ամէնուրեք, այնտեղ, ուր կռիւ կար եւ կազմակերպչական գործ:

Հայ-թաթարական մարտերուն մասին Թիֆլիսի «Լումայ» գրական ամսագիրը հետեւեալը կը գրէ. «Ուժի դէմ ուժ. ահա, դժբախտաբար, ինչն է ազդում խաւար ամբոխի վրայ: Քանի որ հեզ ես, համբերող, ծեծում են, աղերսները ոչ միայն չեն օգնում, այլեւ աւելի յանդուգն են դարձնում գրգռուած ամբոխին: Երբ բռունցք ես ցոյց տալիս, ամբոխը խեղճանում է: Այս մի սոսկալի դրութիւն է, որ մեզ` բոլոր ազգերից խաղաղ հայերիս, ստիպում է ակամայ արիւն թափել»(4):

Այդ օրերուն Նիկոլ Դուման անձամբ կը կազմակերպէր մարտական խումբեր, եւ ինչպէս միշտ, նաեւ հայ-թաթարական ընդհարումներուն կ՛արձակէր դաժան հրամաններ թշնամու նկատմամբ. «Այս բարբարոսներուն միայն սարսափով կարելի է խելքի բերել» ըսելով, Դումանի փրկարար համակարգը` փոխվրէժը, կրաւորական ինքնապաշտպանութենէն գործօն յարձակողական գործողութիւններու դիմելը կը դառնան հայկական բոլոր ինքնապաշտպանական շրջաններու մարտական ուժերը առաջնորդող սկզբունքը: Ն. Դուման սպառնագիրներ եւ մահավճիռներ կ՛արձակէր հայատեաց պաշտօնեաներու դէմ, որոնցմէ շատերը ինկան «Նիկոլեան տիքթաթէօրութեան» օրով, ինչպէս` վրացի իշխան զօրավար-նահանգապետ Միխայիլ Նակաշիձէն, թաթար Աղա Ռըզա Պապայեւ, ռուս բանակի զօրավար, նախիջեւանցի թաթար Մաքսուտ Ալիխանով-Աւարսկի, հայատեաց փաստաբան Մոհամետ Քենկերլինսքի(5), Շուշիի ոստիկանութեան փոխգնդապետ Սախարով, Շումակեւիչ, Միքելաձէ, Ջաւախով, Շախթախթինսքի, Հաթամ պէկ, Շամիր եւ ուրիշներ:

Այստեղ կարեւորութեամբ կ՛ուզենք ընդգծել դաշնակցական մարտական ղեկավար Նիկոլ Դումանի յատկութիւնն ու կատարած հրահանգներու տարողութիւնը, որ ազգի անվտանգութեան ու ինքնապաշտպանութեան ընթացքին իրագործուեցաւ: Թէ ի՛նչ չափով կը գործադրուէին Դումանի հրահանգները, ահաւասիկ կը տեսնենք հայ-թաթարական ընդհարումի ընթացքին հետեւեալ դէպքին մէջ: 1904-1905 թուականներուն Երեւանի մէջ Քենկերլինսքին, որ վերը նշեցինք, կը կազմակերպէր հայկական կոտորածներ: Հայերը կը դիմեն նահանգապետին, որպէսզի վտարէ զայն Երեւանէն, եւ այս վերջինը զայն կ՛ուղարկէ հին Նախիջեւան. այդտեղի հայերն ալ կը բողոքեն, եւ Քենկերլինսքի ստիպուած կ՛ըլլայ ձգել ոչ միայն Երեւանի նահանգը, այլեւ` Կովկասը: Անոր մեկնումի օրը Դուման կ՛իմանայ եւ ընկերներ կը ղրկէ կայարան, որպէսզի տեռորի ենթարկեն Քենկերլինսքին: Սակայն ԿԿ-ը մարդ կ՛ուղարկէ կայարան, որպէսզի ահաբեկչութիւնը կայարանի մէջ չկատարուի: Նիկոլի հրահանգով ահաբեկիչները անոր կը հետեւին մինչեւ Ալեքսանդրապոլ, հոն Ալեքսանդրապոլի ԿԿ-ի ներկայացուցիչը դարձեալ կը խնդրէ, որ այդ կայարանի մէջ ալ չկատարուի ահաբեկչութիւնը. Դումանի հրահանգով ահաբեկիչները այս անգամ կը հետապնդեն Քենկերլինսքին մինչեւ Պաթում, ուր վերջապէս 31 օգոստոս 1905 կը կատարուի ահաբեկումը:

Ահեղ մարտեր ու պատժական արշաւանքներ տեղի ունեցան Երեւանի եւ Փոլատ-Այրիի մէջ, Թիֆլիսի թէ Արցախի բարձունքներուն, մանաւանդ` Ասկերանի «Քանլը» (արիւնոտ) կիրճին մէջ, ուր հայերը այնպիսի քաջութեամբ կռուեցան եւ այնպիսի ջարդ տուին թաթարներուն, որ մինչեւ Թուրքիա հասաւ անոնց սարսափելի աղաղակը. «Կովկասի հայերը եամա՜ն են…», ինչպէս նաեւ` հայ մարտական կազմակերպութեան անունը կը հոլովուէր բոլոր շրջաններու մէջ:

Հայ-թաթարական կռիւներու ժամանակ ազդեցիկ անձեր համերաշխութեան կոչերով հանդէս եկան, ինչպէս` Յովհաննէս Թումանեանն ու թաթար գրող Միրզա ալ Աքպար Սապրը եւ ուրիշներ:

Մէկուկէս տարի տեւած հայ-թաթարական բախումներու վերջաւորութեան ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը յաջողի թաթարներուն պարտադրել, որ անոնք հաշտութեան («պարըշլըք») առաջարկով ներկայանան: Նաեւ հայկական բնաշխարհին մէջ` Արարատեան դաշտի, Զանգեզուրի եւ Արցախի մէջ, դարերէ ի վեր թաթարներուն հաստատած որջերը ՀՅԴ-ն կ՛ոչնչացնէ: Հետեւաբար հայութիւնը շնորհիւ ՀՅ Դաշնակցութեան` պատուով դուրս ելաւ այնքան անհաւասար ու արիւնալի բախումներէն, եւ առաջքը առնուեցաւ ընդհանուր կոտորածին:

Դժբախտաբար, թուրքին համար, նաեւ շուտ վերջ գտաւ ռուս-ճափոնական պատերազմը, որով համաթուրանական այդ առաջին ձեռնարկը սահմանափակուեցաւ իր նախնական գործողութիւններու շրջանակին մէջ (հետագային պիտի իրականանար անոնց երազը նախ Մեծ եղեռնով, յետոյ` Նախիջեւան, Ջաւախք եւ Արցախով):

Դաշնակցութեան մարտական տիտան Դումանի եւ անոր զինակից ընկերներու գործունէութեան գերխնդիրը թրքական բռնակալութեան շրջանին ազատագրական պայքարի գաղափարներու եւ տրամադրութիւններու սերմանումն էր, մարտական կազմակերպութիւններու ստեղծումը ու հայ երիտասարդութիւնը մարտական ոգիով դաստիարակելու նպատակաուղղուած խնդիրներու կենսագործումը:

Գանձակեցի կռուող օրիորդներ իրենց հրամանատարին հետ

Հայ-թաթարական կռիւներու մասին այդ օրերուն շատ մելան թափեցաւ արտաքին աշխարհի կողմէ: Ռուս ազատամիտ եւ եւրոպական մամուլը յատուկ թղթակիցներ ուղարկած էին դէպքերուն վայրերը:

Օրինակ` փարիզեան «Tan»-ը 1905 սեպտեմբեր 15-ի կովկասեան թղթակցութեան մէջ վառ գոյներով կը պատկերացնէ քաղաքակրթական խոր հակադրութիւնները երկու կռուող տարրերուն միջեւ. «Հայերը աւելի կրթուած եւ աւելի աշխատասէր, քան` կովկասեան միւս ժողովուրդները, կը ներկայացնեն խելքն ու մտաւորականութիւնը. իսկ թուրք ժողովուրդը ունի պահպանողական կուսակցութեան մը մտայնութիւնը, նախանձախնդիր աւանդութիւններու եւ յարգող` ցարի վեհապետական իշխանութիւնը»:

«The Times» 1905 սեպտեմբեր 25-ի թիւին մէջ կը խօսի թուրքերուն թալանիչ ու ցեղապաշտ բնազդներու մասին («The predatory instincts of the tartars…»), նոյնպէս` Սոցիալ-դեմոկրատ համառուսական կուսակցութեան կեդրոնական թերթեր` «Իսքրա»-ն (ռուսերէն` «Կայծ»), «Պրոլետար»-ը ու այլ թերթեր:

Իտալացի պատմաբան եւ դիւանագէտ Լուիճի Վիլլարին (Luigi Villari, 1876-1959) ճանապարհորդած էր Հարաւային Կովկասի մէջ 1905 թուականին եւ ականատես եղած` ցարական կառավարութեան կողմէ հրահրուած հայ-թաթարական ընդհարումներուն:

1906 թուականին ան Լոնտոնի մէջ լոյս կ՛ընծայէ անգլերէն խիստ կարեւոր «Fire and Sword in the Caucasus» («Կրակ եւ սուր Կովկասի մէջ») գիրքը, ուր կան արժէքաւոր դիտարկումներ պատմական այդ ժամանակաշրջանին վերաբերեալ: Վիլլարիի կարծիքով, հայ-թաթարական արիւնոտ ընդհարումները` «…անոնք սովորական ազգամիջեան բախումներ չէին, այլ աւելի լայն առումով, անիկա համընդհանուր հակամարտութեան դրուագ մըն էր, որ կ՛ընթանար Ռուսական կայսրութեան մէջ. մէկ կողմէ ժամանակակից յառաջադիմական գաղափարները կրողներն էին (հայերը), իսկ միւս կողմէ` ասիական միջնադարեան բռնատիրութեան կողմնակիցները (կովկասեան թաթարները)»: Ան յանդուգն կերպով կը յայտարարէ, որ կովկասեան արիւնալի անցքերը «մէկ մասն են այն կռիւին, զոր կը մղէ ժամանակակից քաղաքակրթութիւնը ասիական բարբարոսութեան դէմ»:

Վիլլարին կը նշէ. «Թաթարներու մտաւորականութիւնը մոլի հակահայկական է եւ ամբողջութեամբ կը վայելէ ցարական կառավարութեան աջակցութիւնը, որ իր հերթին կ՛ընկալէ թաթարները իբրեւ տարածաշրջանի մէջ իրենց համար կայուն հակակշիռ` ազգային ազատագրական եւ ընկերվարական ազատութիւններու գաղափարներով տոգորուած հայերուն հնազանդեցնելու համար»:

1905-1906 թուականներուն Պաքուի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, որքան ալ հայ-թաթարական ջարդեր կոչուին, իրականութեան մէջ հայոց ջարդեր էին, ինչպէս որ 20-րդ դարասկիզբի Պաքուի նահանգապետ, արիւնալի դէպքերու ականատես ռուս Ալեքսանտր Նովիքով անձնական իր օրագրին մէջ պատմական փաստերու լոյսին տակ ներկայացնելով` արձանագրած էր, որ իրադարձութիւնները միայն հայոց ջարդեր են: Իր օրագրին մէջ ան մանրամասն կը նկարագրէ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, կը խօսի հայերու դիակներու մասին:

Այստեղ կը ներկայացնենք Պաքուի նախկին նահանգապետ Նովիքովի յանդուգն ու ցնցող բաց նամակը, որ օրին ուղղուած էր Նակաշիձէին. «Ողջ Ռուսաստանը, ողջ աշխարհը սասանեցաւ` իմանալով փետրուար 6-9 Պաքուի մէջ կատարուած սարսափները… Ով որ կը ճանչնայ հեղինակը, պարտաւոր է ցոյց տալու զայն հրապարակաւ… Ես կը ճանչնամ յանցաւորը եւ սրբազան պարտք կը սեպեմ յիշել անոր անունը:

«Կոտորածի հեղինակը դուք էք…

«Դուք Կայէնէն ալ վատ էք, Կայէն միայն մէկ եղբայր սպաննեց, դուք թաթխեցիք ձեր ձեռքերը հարիւրաւոր անմեղ եղբայրներու արեան մէջ:

«Դուք Յուդայէն ալ վատ էք, որովհետեւ Յուդան, զարհուրելի գործը նիւթելէ ետք, զղջաց ու խեղդուեցաւ, իսկ դուք հնարաւոր կը գտնէք ապրիլ…

«Դուք անպատուեցիք հրաշագեղ Վրաստանը, որ ձեզ իրեն զաւակ կը սեպէր: Դուք անարգեցիք Ռուսաստանը… Թող ձեր անունը լինի յաւիտեանս արհամարհուած»:

Նիկոլ Դումանի գիրքը

Հայ-թաթարական բախումներէն ետք, ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր անզուգական մարտական եւ ռազմական տեսաբանին` Նիկոլ Դումանի բանաձեւումով, հայ ժողովուրդին սեփականութիւնը կը դարձնէր այն անփոխարինելի ու անժամանցելի ճշմարտութիւնը, թէ` «Ինչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ՛ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ուժն է: Եւ մի ազգ, եթէ ուզում է մնալ յարգուած, եթէ չի ուզում կորչել, պէտք է լինի զէնքի ընդունակ, միշտ պէտք է լինի կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ` քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում»: Արդ, մարտական եւ մտաւորականի կերպարներուն մէկտեղումին արդիւնքներէն մէկն էր ազգերու միջեւ հրահրուած թշնամանքին եւ հակամարտութեանց` հայ-թաթարական կռիւներու ազդեցութեան տակ 1907-ին Դումանի կոթողային աշխատութիւնը` «Նախագիծ ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան: Հայ ժողովրդի երեք գլխաւոր հատուածների համար» գրքոյկը, որ հայ ռազմավարական ծրագրին մէջ իբրեւ ուղեցոյց մինչեւ օրս իր ուրոյն տեղը ունի` գաղափարական իր հիմքով եւ ռազմավարական իր ուղղութեամբ:

Մօտ երկու տարի ընդհատումներով հայ-թաթարական ընդհարումներուն հայութիւնը փայլուն քննութիւն տուաւ: Ցարական կառավարութեան հայադաւ քաղաքականութիւնը հանդիպելով հայութեան հերոսական եւ կազմակերպուած դիմադրութեան` այս անգամ եւս փուլ եկաւ: Հայ ժողովուրդի հերոսական պայքարը ստիպեց ցարական կառավարութեան 1905 օգոստոսին չեղեալ յայտարարել հայոց դպրոցները փակելու եւ եկեղեցական գոյքերը բռնագրաւելու օրէնքը:

(Շար. 2)

1.- Լէօ, «Թրքահայ յեղափոխութեան գաղափարաբանութիւնը», հ. Բ, Փարիզ, 1935, էջ 51:

2.- «Դրօշակ», 1905 թ., թիւ 3, էջ 37:

3.- Սէթօ անունը Սեդրակին կրճատումը չէ, այլ կազմուած է յեղափոխական գործունէութեան շրջանի իր կեղծանուն` Ս. (Սէ) եւ Թ (Թօ) տառերու հնչումով:

4.- «Լումայ» գրական, պատմական եւ հանրային ամսագիր, տասներորդ տարի, 1905, թիւ 4, յունիս, Թիֆլիս, էջ 128:

5.- Արեւելահայերէն գրականութեան մէջ գրուած` Կենգերլինսկի:

www.aztagdaily.com/archives/463438

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail