ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Այնքա՜ն պիտի ուզէի․․․ դիմակազերծ ընել մարդիկը Վերջապէս գտնէի մարդիկ, որոնց գործը
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Այնքա՜ն պիտի ուզէի․․․
դիմակազերծ ընել մարդիկը».
«Վերջապէս գտնէի մարդիկ, որոնց գործը
եւ կեանքը համապատասխան ըլլար
իրենց գեղեցիկ խօսքերուն»
4 Փետրուար 2020
Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար։ Կինը եկած է իր խելքը, մտային, բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար։ Ինքզինքնին յարգող բոլոր կիներուն իտէալը միայն հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ երկրիս վրայ գործօն բարերար տարր մը դառնալը։
[…] Այդ շրջանին ատելութիւն զգացումը ուժեղ էր իմ մէջ, ամէն տեղ եւ ամէնուն մէջ կը տեսնէի հակասութիւններ, աններդաշնակութիւն՝ խօսքի եւ գործի մէջ եւ խորապէս կը տառապէի. […] Յովհ. Շ. «Հայրենիք»ի մէջ կը պաշտպանէր կնոջ ազատութիւնը եւ մտերմական խօսակցութեան մէջ աղջկայ մը համար կ՚ըսէր, թէ պատշաճութեան զգացում չունի, որովհետեւ օր մը գործի համար մինակը եկեր էր խմբագրատուն:
Թերթի մէջ, որ լիպերալներու օրկանը կը համարուէր, կը գրէին ապահարզանի իրաւունքների մասին ռազմաշունչ յօդուածներ եւ միւս կողմանէ կը բամբասէին կիներու մասին, որ այրի հազիւ՝ յետոյ կրկին ամուսնացեր էին կամ տեսնուէր էին այրի մը հետ. Սիպիլ՝ իրենց թանկագին աշխատակցուհին էր, բայց չէին վարաներ իր բարքերը քննադատելու ամենախիստ որակումներով. Նոյնիսկ ծաղրով, որովհետեւ դժբախտ ամուսնութենէ մը յետոյ՝ երբ ամուսինը, Անկարա էր իր գործով, ինքը Պոլսոյ մէջ սիրային բարեկամութիւն կը մշակէր արդէն Հրանտ Ասատուրի հետ:
Այս Բոլորը եւ շատ ուրիշ բաներ ինձ կը մղէին ըմբոստութեան եւ կը մտածէի, որ եթէ կարենաի պատկերացնել այդ հակասութիւնները, դիմակազերծ ընել մարդիկը, շատ օգտակար գործ կատարած կ՚ըլլայի. Այնքա՜ն պիտի ուզէի, որ վերջապէս գտնէի մարդիկ, որոնց գործը եւ կեանքը համապատասխան ըլլար իրենց գեղեցիկ խօսքերուն: Ահա թէ ինչո՛ւ, իմ ներքին իսկ բխող պատճառներով, խորապէս համոզուած էի, որ գրականութիւնը պերճանք մը չէ:
*
* *
Իրա՛ւ գրողի ու արուեստագէտի ինքնահաւատարմութեամբ արարելու եւ կին էակի լիարժէքութեան նուիրագործումին պատուանդան ծառայելու այսօրինակ բուռն տարերքով հայոց անմահներու համաստեղութեան մէջ իր առինքնող բարձունքը նուաճեց ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ (Յովհաննէսեան, 1878-1943?), որուն ծնունդը կը նշենք Փետրուար 4ի այս օրը։
Բարի լոյս՝ հայ գրականութեան կանացի շունչին փառքն ու ողբերգութիւնը յաւերժին կտակած ԸՄԲՈՍՏ ՈՒՂԵՒՈՐին խոհապաշտութեամբ, որ հայ ժողովուրդի պատմակերտ վերիվայրումներու ժամանակաշրջանին ապրեցաւ՝ Պոլիս, Փարիզ, Թիֆլիս եւ Երեւան, ամէնուր հասարակական բուռն ծառայութեան լծուեցաւ, բայց ամէն բանէ անդին եւ վեր՝ ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԵԱՆ եւ ԻՐԱՒՈՒԹԵԱՆ պաշտամունքով անկորնչելի հարստութիւններ երկնեց եւ ժառանգ թողուց մեր սերունդներուն։
Յարակից՝ առանձին հրապարակումներով ու հակիրճ ներկայացուած են Զապէլ Եսայեանի փոթորկալի կեանքին, ազգային-քաղաքական բուռն գործունէութեան եւ, մանաւա՛նդ, գրողի գեղարուեստական վարար ներաշխարհին հետ հաղորդութեան պահեր։
Բարի լոյս՝ ՄԱՐԴն ու ՀԱՅը ԱԶԱՏԱԽՈՀ հայեացքով ընկալելու եւ ճանչնալու, ԽՈՐԱԹԱՓԱՆՑ արուեստով լուսարձակի տակ բերելու եւ ՄԱՅՐԱԿԱՆ գուրգուրանքով ու ջերմութեամբ սնուցանելու ՎԱՒԵՐԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒՆՔին նուիրուած անզուգական Զապէլ Եսայեանի ԱՒԱՆԴին։
Բարի լոյս՝ ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԵԱՆ իրենց ԾԱՐԱՒը այսօր Զապէլ Եսայեանի շունչով ու լոյսով ջերմացնող հայաշխարհի ուղեւորներուն, որոնք կը վերանորոգեն ԱԶԱՏ ու ԱՐԴԱՐ ապրելու իրենց ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ