Իրանի Մշակութային Ժառանգութեան, Ձեռարուեստի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարի Այցը Նոր Ջուղա
04 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄՇԱԿՈՅԹ:
Երկուշաբթի՝ 3 Փետրուարի կէսօրին, ներկայութեամբ Իրանի Մշակութային ժառանգութեան, ձեռարուեստի եւ զբօսաշրջութեան նախարար դոկտ. Մունեսանի, Սպահանի նահանգապետ Աբբաս Ռեզայիի, Մշակութային ժառանգութեան, ձեռարուեստի եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան Սպահանի գերատեսչութեան տնօրէն պրն. Ալլահեարիի, շարք մը այլ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ Սպահանի հայոց թեմի ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներու, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Սէթ Եսայեան» աւանդական հիւրանոցին։ Այս մասին կը հաղորդէ Alikonline.ir-ը:
Թեմական խորհուրդի զբօսաշրջութեան ոլորտին առնչուող նախագիծերուն ծիրէն ներս, «Քոչեր» հայկական թաղամասին մէջ գտնուող եւ պատմական անցեալ ունեցող թեմապատկան այս բնակարանը համապատասխան վերանորոգութիւններէ ետք վերածուած է աւանդական հիւրանոցի եւ անուանակոչուած «Սէթ Եսայեան» անուամբ։ Հիւրանոցի տնօրէն նշանակուած է Զաւիկ Ղարախանեան, որ կատարած է տեղի կահաւորումը։
«Սէթ Եսայեան» հիւրանոցի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ նախարարի ձեռամբ մուտքի ժապաւէնի յատմամբ, որմէ ետք ներկաները մօտէն ծանօթացան կատարուած վերանորոգութեան բարձրորակ աշխատանքին ու հիւրանոցի հնարաւորութիւններուն։ Դոկտ. Մունեսան բարձր գնահատելով նախնական շինութենէն որոշ բաժիններու նոյնութեամբ պահպանումը՝ շարք մը մասնագիտական խորհուրդներ տուաւ հիւրանոցին առաւել իւրայատուկ տեսք հաղորդելու համար։ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վարուժ Մինասեան այցելուներուն ներկայացուց շէնքի պատմական անցեալը։
Այնուհետեւ հիւրերը ուղեւորւեցին դէպի Ս. Ամենափրկիչ վանք, ուր անոնց դիմաւորեց Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Սիփան եպս. Քէչէճեան։ Այցելութեան յաջորդ հանգրուանը հանդիսացաւ «Ս. Յովսէփ Արիմաթացի» եկեղեցին, ուր բոլորը իրազեկուեցան սոյն պատմական կոթողի անցեալին մասին։ Դոկտ. Մունեսան դրուատանքի խօսք ըսելով աւելի քան 400 տարի անցեալ ունեցող Նոր Ջուղայի եւ տեղի հայ բնակչութեան մշակոյթի ու արւեստի կապակցութեամբ, շեշտեց, որ Նոր Ջուղան, իբրեւ Սպահան քաղաքի զբօսաշրջութեան արհեստի առանցքներէն, մեծ դեր ունի սոյն ոլորտի զարգացման գործին մէջ։ Ան նաեւ իր համաձայնութիւնը յայտնեց նմանատիպ նախագիծերու հովանաւորման համար։
Ներկաները նաեւ այցելեցին վանքի մօտակայքը գտնւող «Արմենիա» աւանդական հիւրանոց, որ նոյնպէս պատմական անցեալ ունեցող թեմապատկան բնակարան է։ Սոյն հիւրանոցը վերանորոգուած եւ կահաւորուած է Սաքօ Սիմոնեանի եւ Ժորժիկ Ղազարեանի միջոցով։ Դոկտ. Մունեսան ծանօթացաւ շինութեան պատմութեան, վերանորոգման եւ բաժինի մը վերաշինութեան աշխատանքներուն ու հիւրանոցի հետ կապուած ապագայ ծրագիրներուն։ «Արմենիա» աւանդական հիւրանոցի պաշտօնական բացումը պիտի կատարւի մինչեւ իրանական Նորուզի արձակուրդներուն սկիզբը։
Այցելութիւններու աւարտին նախարարը, նահանգապետն ու պրն. Ալլահեարին (հիւրերը) իրենց հիացումն ու գնահատանքը արտայայտեցին Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին՝ Նոր Ջուղայի զբօսաշրջութեան արհեստի զարգացման ուղղութեամբ կատարած ծաւալուն գործունէութեան կապակցութեամբ, իսկ պրն. Ռեզային թեմի ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ հեռախօսազրոյց ունենալով թռիչքուղիներու ոլորտի պատասխանատուներէն մէկուն հետ, վերջինէն խոստում ստացաւ Սպահան-Երեւան չուերթի վերականգնման ուղղութեամբ։
Yerakouyn.com/2020/02/04/իրանի-մշակութային-ժառանգութեան-ձեռա/