Ֆրանսա Յունաստանին Աջակցելու Համար Զօրք Կ՛ուղարկէ Միջերկրական Ծով

Ֆրանսա Յունաստանին Աջակցելու Համար Զօրք Կ՛ուղարկէ Միջերկրական Ծով

04 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

««Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում»»

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

ԱԹԷՆՔ, «Կարտիըն».- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն որոշեց մարտանաւեր ուղարկել Միջերկրական ծով՝ զօրակցելու համար Յունաստանի՝ ծովուն արեւելեան ջուրերուն մէջ շրջանի ուժանիւթային հարստութիւններուն տիրանալու համար Թուրքիոյ ծաւալապաշտական նկրտումները կասեցնելու ջանքերուն:

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս, որ անցեալ շաբաթ Ֆրանսա այցելած էր, ողջունեց Մաքրոնի այս քայլը՝ յայտարարելով, որ ֆրանսական մարտանաւերը պիտի հանդիսանան Թուրքիոյ հետ տարակարծութիւնները խաղաղ միջոցներով լուծելու երաշխիք մը:

Աթէնք Թուրքիոյ նշեալ գործողութիւնները կը նկատէ Յունաստանի եւ Կիպրոսի գերիշխանութիւնը ոտնակոխող քայլեր:

Թուրքիա Նոյեմբերին, Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան հետ կնքած էր համաձայնագիր մը, որմով Անգարա կը փորձէ արդարացնել Միջերկրական ծովուն մէջ իր ապօրինի քայլերը, որոնք, ըստ Աթէնքի եւ Նիկոսիոյ, կը խախտեն Յունաստանի եւ Կիպրոսի տարածքային ամբողջականութիւնը:

Համաձայնագիրը նաեւ կ՛ենթադրէ Թուրքիոյ կողմէ զինուորական աջակցութիւն Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան: Ֆրանսայի նախագահը քննադատած էր Լիպիա զօրք ուղարկելը: «Վերջին քանի մը օրերուն մենք ականատես եղանք, թէ թրքական մարտանաւերը՝ սուրիացի վարձկաններու ուղեկցութեամբ Լիպիա կը հասնին: Այդ լրջօրէն կը խախտէ Պերլինի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը», յայտարարած էր Մաքրոն:

Յունաստան մերժած էր Թուրքիոյ պահանջը՝ ապառազմականացնելու Եգէական ծովուն մէջ գտնուող յունական 16 կղզիները, որոնց մօտերը զինուորական բախումի մը հաւանականութիւնը վերջին տարիներուն կ՛աճի:

Ֆրանսացիները արդէն մասնակցեցան շարք մը ռազմափորձերու՝ Յունաստանի եւ Կիպրոսի զօրքերուն հետ: Այդ ռազմափորձերուն ընթացքին Միցոթաքիս ողջունած էր շրջանին մէջ ֆրանսական նաւերուն ներկայութիւնը: Մաքրոն յայտարարեց, որ Ֆրանսա կ՛աջակցի Յունաստանին եւ Կիպրոսին, իսկ Թուրքիոյ գործողութիւնները սադրանք են եւ կը խախտեն այդ երկիրներուն տարածքային ամբողջականութիւնը:

ARMENIAN GENOCIDE – genocide erzeroum 1895

asbarez.com/arm/363259/Ֆրանսա-Յունաստանին-Աջակցելու-Համար-Զ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail