Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Էրտողան Ի՛նք Վար Կ՛առնէ Դիմակը – Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Էրտողան Ի՛նք Վար Կ՛առնէ Դիմակը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Էրտողան Ի՛նք Վար Կ՛առնէ Դիմակը – Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Էրտողան Ի՛նք Վար Կ՛առնէ Դիմակը

04 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՕՐՈՒԱՅ ՍԼԱՔ:

««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին Արեւմտյան Հայաստանի եւ Կիլիկիայի տարածքների ապառազմականացման, այնտեղից Թուրքիայի Հանրապետության բռնազավթիչ ուժերը դուրս բերելու վերաբերյալ»»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան դարձեալ սպառնալիքներով կը խօսի Սուրիոյ դէմ. կը սպառնայ վրէժը լուծել այն թուրք զինուորներուն, որոնք սպաննուած են Իտլիպի շրջանին մէջ։ Գործի անցնելով՝ ան Փետրուարի առաջին օրերուն մեծ ուժ կեդրոնացուց Սուրիոյ սահմանին վրայ, պահանջելով Ռուսիայէն, որ արգելք չկանգնի Սուրիոյ դէմ իր հաւանական արշաւանքին (չմոռցաւ հին-նոր դաշնակից Ռուսիոյ դաս տալ, որ Խրիմը Ուքրանիոյ կը պատկանի)։ Ան նաեւ մտահոգ է, որ շուրջ մէկ միլիոն գաղթականներ Սուրիայէն դէպի Թուրքիա կը խուժեն…

Միջազգային լրատու աղբիւրներ լուռ համակրանքով արձագանգեցին Էրտողանի կեցուածքներուն։ Ո՛չ ոք կը հարցնէ, թէ թուրք զինուորներ ի՛նչ գործ ունին սուրիական հողին վրայ, Իտլիպի շրջանին մէջ, որ աշխարհին ծանօթ է իբրեւ սուրիական իշխանութեան ընդդիմադիր ուժերու վերջին զօրակայանը, աւելի՛ն, այն գօտին, ուր այժմ համախմբուած են ոճրածին խմբաւորումներուն զինեալները, որոնց արմատները չորցնելու ելած են սուիրական իշխանութիւնները, անոր զօրակից ռուսերը, նոյնը ընել կը յաւակնին շրջանի ամերիկեան ուժերը, նման նախաձեռնութեան համամիտ է ամբողջ աշխարհը։

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

Էրտողանի այս սպառնալիքները աղաղակող նորագոյն հաստատումն են այն իրականութեան, որ Թուրքիա բանիւ եւ գործով պաշտպան է ծայրայեղական զինեալներուն, զանոնք գործի կը լծէ Սուրիայէն մինչեւ Իրաք ու Իրան, Լիբանանէն մինչեւ Եգիպտոս եւ այլուր։

Սա ա՛յն Էրտողանն է, որ քանի մը օր առաջ Իսրայէլը կը դատապարտէր՝ պաղեստինեան հողեր իւրացնելու մեղադրանքով, երբ նախագահ Թրամփ եւ վարչապետ Նեթանիահու հրապարակ նետեցին իսրայէլ-պաղեստինեան տագնապի լուծման «չնաշխարհիկ ծրագիրը»։ Սա այն Էրտողանն է, որ իր հովանաւորներուն զօրակցութեամբ վերջնականապէս բռնագրաւեց Սուրիոյ Ալեքսանտրէթը։ Սա այն Թուրքիան է, որուն իսկական գործակիցը՝ Իսրայէլ իր հողերուն կցուած յայտարարեց 1967ին բռնագրաւուած Կոլանը։ Վերջապէս, սա նոյն Էրտողանն է, որ իսլամութեան դատի պաշտպանի յոխորտանքով՝ իսլամ քիւրտեր եւ այլ ժողովուրդներ կը ջարդէ իր հողերուն վրայ եւ Իրաքի ու Սուրիոյ սահմաններէն ներս։ Չէ՞ որ անոր նախահայրերը՝ սուլթաններէն մինչեւ հանրապետականներ, իրագործած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը, թրքատիպ ուղի թելադրելով, երէկ եւ այսօր՝ «եղբայրական» Ատրպէյճանին…

Երէկի ցեղասպանն ու այսօրուան ջարդարարը չի կրնար խաղաղարար հաշտարարի դեր խաղալ Միջին Արեւելքի մէջ։ Ո՛չ մէկ տրամաբանութիւն նման իրաւունք կու տայ անոր։ Աշխարհը, ու առաջին հերթին՝ արաբական աշխարհը, իրաւունք չունին աչք փակելու էրտողանեան ու նախնիներու ոճիրներուն վրայ։

Որովհետեւ՝

Թուրքիոյ ու նմաններու ոճիրներուն ու բռնարարքներուն իւրաքանչիւր անտեսում՝ ուղղակի քաջալերանք կը հանդիսանայ նոր սանձարձակութիւններու, որոնցմէ ահաւոր վնասներ կրած են Կիպրոսն ու Յունաստանը, արաբական աշխարհն ու նոյնինքն Եւրոպան, որ իր մորթին վրայ կը զգայ, թէ Թուրքիա ամէն քայլափոխի կը չարաշահէ գաղթականներու տագնապը, որուն ստեղծման մէջ ան գլխաւոր դերակատար մըն է։ Այսօր արդէն մարդիկ դասի չեն կարօտիր, թէ թրքական ոճիրներուն անպատիժ թողուիլը ցեղասպանական ինչպիսի՜ ծրագիրներու եւ ոճիրներու դուռ բացած է աշխարհի տարածքին…

Իմաստ չունի ըսելը՝ թէ պէտք է վար առնել Թուրքիոյ ու Էրտողաններու դիմակը։ Անոնք իրենց ձեռքով վար առած են այդ դիմակը։ Մեզի ու աշխարհին կը մնայ գործածել մեր աչքերը։

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

3 Փետրուար 2020

ARMENIAN GENOCIDE – genocide erzeroum 1895

asbarez.com/arm/363198/Էրտողան-Ի՛նք-Վար-Կ՛առնէ-Դիմակը/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail