ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Ժողովուրդը անպատիժ չի ձգեր իր վստահութիւնը չարաշահողները
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
Ժողովուրդը անպատիժ չի ձգեր
իր վստահութիւնը չարաշահողները
5 Փետրուար 2020
– Ես անգամ մը տեսայ այն շունը,- կատաղութենէն ֆշշալով պատմեց երիտասարդ մը,- Համուտ Աղի Ղշլայի առջեւ կանգնած էր ոստիկաններու հետ։ Զիս տեսնելուն՝ հեգնօրէն ծիծաղեցաւ ու զիս մօտը կանչեց.-
Սենեակի մէջ Հաւաքուած պատանիներու փսփսուքը դադրեցաւ։ Շունչերնին բռնած մտիկ կ’ընէին։
– «Լակոտնե՛ր»,- ըսաւ ինծի՝ ատրճանակը ձեռքին մէջ խաղցնելով,- «իմ մասին գէշ բաներ կը գրէք ձեր աշակերտական թերթին մէջ։ Խելքերնիդ գլուխնիդ հաւաքեցէք, ինծի հետ կատակ ընել չըլլար, ինծի Դհերցի Դաւօ կ՚ըսեն, ձեր խերը կ’անիծեմ… Անգամ մ’ալ որ տող մը գրէք, ձեզ բոլորդ ալ կը փտեցնեմ բանտի մէջ: Ամէնքդ ալ կը ճանչնամ։ Այսպէս խապար տար ընկերներուդ։ Տէ՛, կորսուէ աչքիս առջեւէն, շան լակոտ… ձեզ բոլորդ ալ պիտի փտեցնեմ»,- ու առանց խօսեցնելու՝ վռնտեց զիս։
Օրուան ամենակարող Դաւոյի իրենց հասցէին ուղղած սպառնալիքը ծանր թաթով չոքեցաւ սենեակի մէջ։ Ոմանք սարսափեցան, շատեր ալ բռունցքնին սեղմած՝ կատաղութեամբ լռեցին։ Ի՜նչ ըսես չէր կրնար ընել Դաւօն, որ մէկ օրէն միւսը դաւաճանութեան գնով դարձած էր կառավարութեան աչքի լուսը, ամենակարող գործակալը, որու խօսքը գետին չէր իյնար։ Միշտ շրջապատուած ոստիկաններով ու բազմաթիւ զինուորներով՝ Դաւօն Խաչ Փողանի վրայ կ’երեւէր, աջ ու ձախ սպառնալիքներ թափելով։
Տաճատը, որ նոյնպէս ուշադրութեամբ մտիկ ըրած էր, կամաց մը Պարգեւի կողը մխթեց։ Յայտնի էր, որ կ’ուզէր հարցում մը տալ պատմողին, բայց չէր համարձակեր։
– Հը՛, Տաճատ, ի՞նչ է:
– Բան չկայ, Պարգեւ, միայն կ’ուզէի գիտնալ, թէ…
– Էդ ի՞նչ կը խօսիք էդ անկիւնը,- հարցուց պատմող պատանին՝ Տաճատի իրեն յառած աչքերէն կռահելով, որ իր մասին կը խօսին։
– Հի ՛չ, բան չկայ․․. դուն քովդ ատրճանակ ունէի՞ր։
– Հա, ի՞նչ կայ որ…
Տաճատի վայրագ աչքերը վայրկեան մը խաղացին իրենց բունին մէջ եւ առանց պատասխանելու՝ գլուխը անդին դարձուց։
Տաճատի պատասխան չտալն ու գլուխը անդին դարձնելը զայրացուց վերի անկիւնը նստած պատանին…
– Ծօ՛, խլլոտ, ի՞նչ ըսել կ’ուզես…
– Հէ՛չ,- չոր կերպով պատասխանեց Տաճատը։
– Ինծի նայէ,- մատը թափահարելով սպառնաց պատանին,- կօշիկէդ վեր մի՛ ելլեր… տեղդ նստիր ու քիթդ մի կոխեր տղամարդու գործի մէջ։
– Ինծի՞ կ’ըսես։
– Հա՛, քեզի․․.
Շուրջի ընկերները միջամտելով՝ հանդարտեցուցին երկու կռուողները, որոնք զայրացած տեղերնէն բարձրացած էին:
Անախորժ միջադէպը մոռցնելու մտօք, հաւանուած պատանիներէն Գալուստը սկսաւ Դաւոյի մէկ ուրիշ քաջագործութեան մասին պատմել։
– Կէս գիշերը անցած էր, երբ յանկարծ չորս կողմէն շրջապատեցին մեր դրացի Էրկան Կարոյենց տունը։ Նախ քան Կարոյենց տունը մտնելնին, շրջապատի բոլոր տներու տանիքները բռնուեցան զինուորներու կողմէ։ Ատոնցմէ 5-6 զինուոր ալ մեր տան տանիքը բարձրանալով՝ դիրք բռնեցին։ Ես աղմուկէն արթնցած էի։ Մօտեցայ պատուհանին ու վարագոյրի ծայրը բարձրացնելով՝ սկսայ դիտել փողոցի անցուդարձը։ Պայծառ լուսինը ցերեկուան նման կը լուսաւորէր։ Որոշ կերպով կարելի էր տեսնել, նոյնիսկ ճանչնալ մարդիկը։ Տունը շրջապատող զինուորները դիրքեր բռնած՝ կը սպասէին։ Ինչպէս կ’երեւէր, կը սպասէին մէկու մը գալուն։
Մէկ ալ փողոցը գտնուող զինուորներու մէջ շարժում մը սկսաւ։ Փողոցի վերի կողմէն երեւցան խումբ մը մարդիկ, որոնք արագ քայլերով կը մօտենային։ Սիրտս սկսաւ մուրճի պէս զարնել։ Ամբողջովին տեսողութիւն կտրած էի։ Հասան մեր դրան մօտ ու կանգ առին Կարոյի դրան քով։ Գրեթէ միահասակ մարդիկ էին, միաձեւ հագուստներով, ու բոլորի գլուխներն ալ պաշլուխով փաթթուած՝ այնպէս որ ոչ մէկու դէմքը կարելի էր տեսնել։
– Այդ՝ դաւաճանի սովորական ծպտումն է,- Գալուստին ընդմիջեց Արսէնը,- գիշերային խուզարկութիւններու ժամանակ, Դաւօն ինքնութիւնը ծածկելու համար, զինուորի համազգեստով կը պտըտի միշտ բազմաթիւ հետեւորդներով։
– Ա՜խ, երանի անգամ մը դէմ դիմաց հանդիպէի այդ սրիկային,- հոգոց հանելով փսփսաց Պարգեւը Տաճատի ականջին․- Ես գիտեմ թէ ի՜նչ կ՚ընէի․․․
Տաճատը ատամները սեղմած՝ նայեցաւ ընկերոջը, քիթը տրորեց բռունցքով, աչքերը պսպղացին ու գլուխը շարժեց, որպէս թէ ըսել ուզէր՝ ես ալ գիտեմ թէ ի՛նչ կ՚ընէի:
*
* *
Մալխասի հանրայայտ «Զարթօնք» յուշագրական վէպէն առնուած է վերեւի հատուածը, որ վանեցի յեղափոխական պատանիներու հանդիպման մասին հպանցիկ, այլեւ հոգեհարազատ պատումով՝ ակնարկ մը կը նետէ Հայկական Յեղափոխութեան տխրահռչակ մատնիչներէն ԴԱՒԱՃԱՆ ԴԱՒՕի մասին։
Վանի դաշնակցական գործիչներէն էր դհերցի Դաւոն, որ Փետրուար 5ի օրը՝ 1908 թուականին, թուրք ոստիկանութեան մատնեց աւելի քան տասնամեակ մը Վանի հայութեան կուտակած ու գաղտնի թագստոցներու մէջ պահած ինքնապաշտպանութեան զէնքերու եւ զինամթերքի պահեստանոցները։
Դաւաճան Դաւօ իր ազգադաւ յանցագործութեան համար նոյնինքն ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ որոշումով ենթարկուեցաւ մահապատիժի՝ Մալխասի յուշավէպով նկարագրուած պատանի ՏԱՃԱՏի (Թերլեմէզեան) ձեռամբ:
Յուշատետրի առանձին էջով՝ ներկայացուած է սեւ ու ամօթալի դրուագը դհերցի Դաւոյի ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԵԱՆ։
Բարի լոյս՝ իր ծոցին մէջ դիակ չպահող մեր ժողովուրդին եւ անոր յեղափոխական յաղթարշաւին, որ միշտ ալ գիտցաւ ազգային մեր ՇԱՂԱԽէն հեռացնել ԱՐԻՒՆՈՏ ԹԹԽՄՈՐը – օգտագործելով Աւետիս Ահարոնեանի հռչակաւոր պատմուածքին խորագրի պատկերաւոր բնութագրումը։
Բարի լոյս ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԽՍՏԱՊԱՀԱՆՋՈՒԹԵԱՆ՝ հայ ժողովուրդի ԱՐԻՒՆը ծծող ու ՔՐՏԻՆՔը վատնող ցեցերէն ու վնասակար տարրերէն մեր երթը մաքրելու։
Դիւրին է որեւէ ժողովուրդի վստահութեան տիրանալ պատեհապաշտութեամբ։ Դիւրին է նաեւ ժողովուրդի վստահութիւնը իբրեւ սանդուխ օգտագործել՝ իշխանութեան գահերու վրայ բարձրանալու համար։ Բայց զգո՜յշ՝ որեւէ ժողովուրդ տրամադիր չէ եղած անպատիժ ձգելու իր վստահութիւնը չարաշահողները։
Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարին հերոսապատումը յագեցած է ոչ միան հայութեան թշնամիները, այլեւ ներքին մակաբոյծներն ու տզրուկները խստագոյնս պատժելու ՅԱՆԴԳՆՈՒԹԵԱՄԲ։
Հայաստանի վերանկախացումէն եւ հայոց Հանրապետութեան վերականգնումէն ասդին՝ մեր ժողովուրդի ամբողջական ազատագրումի պայքարը թէեւ նոր ժամանակներու հունով յառաջ կը շարժի, այդուհանդերձ՝ այսօր եւս կը դիմագրաւէ ՔԱՂՑԿԵՂը սեփական ժողովուրդին վստահութիւնը չարաշահել փորձող ԽԼՈՒՐԴներու։
Բարի լոյս՝ ազգային ինքնամաքրման ուղին միշտ բաց, այլեւ անարգել պահելու մարտունակութեան։
Բարի լոյս՝ հաւատաւորներուն, եւ արթուն պայքար՝ ընդդէմ մերօրեայ հայ մարդու միտքն ու կամքը ամէն կարգի կաշառքի եւ շահատակումի թոյնով ջլատելու պատեհապաշտութեան։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ