Արամ Համբարեան. «Մենք Կը Ցանկանք, Որ Հայերը Եւս Ներկայացուած Ըլլան Ուաշինկթընի Մէջ Որոշումներ Կայացնողներու Շրջանակին Մէջ»
05 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՍՓԻՒՌՔ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Վուտրօ Ուիլսընի անուան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ քննարկում Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան վրայ ազգային խումբերու ազդեցութեան մասին: Քննարկումին ընթացքին Լոպիիստական աշխուժութեան ամերիկահայ փորձը ներկայացուց Ուաշինկթընի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:
Վերջին 20-30 տարիներուն ընթացքին ամերիկահայ համայնքը մեծ յառաջընթաց արձանագրած է եւ արդիւնքի հասած Միացեալ Նահանգներու մէջ պահանջը յառաջ մղելու գործով, քննարկումին ըսաւ Արամ Համբարեան:
«Ամերիկայի մէջ հայերը իրենց շահերը սկսած են պաշտպանել այն պահէն, երբ այստեղ հաստատուեցաւ հայկական ներկայութիւնը», ըսաւ ան:
Համբարեանի համաձայն ամերիկահայութեան շահերու պաշտպանութեան կազմակերպումը անցած է շարք մը պատմական շրջափուլերով: 19-րդ դարու կոտորածներէն մինչեւ Ցեղասպանութիւն, Պաղ պատերազմ եւ յետխորհրդային տարիներ: Պատմական այս առանցքներուն մէջ ձեւաւորուած է ամերիկահայ համայնքի շահերու պաշտպանութեան քաղաքական ուղեգիծը:
«Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւններու ամրապնդում, ղարաբաղեան տագնապի կամ, ըստ մեզի, արցախեան տագնապի լուծում ժողովրդավարական սկզբունքներու հիման վրայ, ինչպէս նաեւ արդարութեան վերականգնում Հայոց ցեղասպանութեան հարցով: Մենք յոյս ունինք, որ այս առնչութեամբ նախագահը գալիք ապրիլին պիտի դիմէ ճիշդ քայլին», նշեց Համբարեան:
Կարեւոր նկատելով երկրի հասարակական կեանքին մէջ ազգային խումբերուն աշխուժ ներգրաւուածութիւնը` Համբարեան կ՛ընդգծէ` Հայ դատի յանձնախումբը մեծ աշխատանք կը կատարէ այս ուղղութեամբ` տարբեր ոլորտներու մէջ պայմաններ ստեղծելով ամերիկահայ մասնագէտներու եւ երիտասարդներու համար, յատկապէս` երկրի մայրաքաղաքին մէջ:
«Ամերիկայի մէջ որոշում կայացնողները ամերիկացիներն են, որոնք Ուաշինկթըն կու գան Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ վայրերէ տարբեր մասնագիտական ունակութիւններով: Մենք կը ցանկանք, որ հայերը եւս ներկայացուած ըլլան Ուաշինկթընի մէջ որոշումներ կայացնողներու շրջանակին մէջ», ըսաւ Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավարը:
Ըստ անոր, լոպիիստական գործունէութեան կարեւոր բաղադրիչներն են համայնքի պատրաստակամութիւնը գործելու ի նպաստ իր շահերուն, նուիրուածութիւնը այս գործին եւ պահանջատիրութիւնը համայնքի առաջնորդներէն գործելու այս ուղղութեամբ: Կարեւոր է ազդարարել նուիրուածութիւնը սեփական համայնքի շահերուն եւ խուսափիլ ամերիկեան որեւէ քաղաքական ուժի նկատմամբ կողմնակալութեան դրսեւորումէ:
«Մենք վերջերս կազմակերպեցինք Ցեղասպանութեան մասին երկու բանաձեւ: Անոր համար անհրաժեշտ եղաւ երկար ժամանակ, սակայն երբեք չբռնեցինք այս կամ այն ամերիկեան քաղաքական կուսակցութեան կողմը», նշեց Արամ Համբարեան:
Սակայն իւրաքանչիւր լոպիիստական գործունէութիւն ունի իր ներքին տրամաբանութիւնը: Այս կամ այն քաղաքական գործիչին աջակցութիւնը, ներառեալ նիւթական նուիրատուութիւնները համայնքին կողմէ, անոր անբաժանելի մասն են: Համբարեան կ՛ընդգծէ, որ նախընտրական նուիրատուութիւնները չափազանց ազդեցիկ եւ կարեւոր են այս ոլորտին մէջ, եւ լոպիիստական կառոյցներու գործառոյթներէն է կոչը համայնքի անդամներուն` համաձայնութեան պարագային աջակցութիւն ցուցաբերելու այս կամ այն գործիչին:
www.aztagdaily.com/archives/463657