«Թուրքիա Կը Յարգէ Դրացի Երկիրներուն Գերիշխանութիւնը, Սակայն Պիտի Հակադարձէ Ահաբեկչութեան» Կ՛ըսէ Շենթոփ
05 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
««Արեւմտյան Հայաստանի կառավարության ձեւավորումը ինքնանպատակ գործողություն չէ»»
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ, մեկնաբանելով Իտլիպի մէջ Սուրիական բանակի յարձակումին պատճառով թուրք զինուորներու սպանութիւնը, յայտնեց. «Թուրքիա կը յարգէ դրացի երկիրներու հողերու գերիշխանութիւնը, սակայն ձեռնածալ պիտի չմնայ յարձակումներուն դիմաց ահաբեկչութեան որջերուն, որոնք սնունդ կ՛առնեն մեր հարաւային սահմանին վրայ անկայունութենէն եւ թիրախ կը դարձնեն երկիրն ու քաղաքացիները»:
«Թուրքիան նոյնպիսի կերպով պիտի հակադարձէ զինք թիրախ դարձնող յարձակումներուն եւ զանոնք պարտութեան պիտի մատնէ», ըսաւ Շենթոփ:
Յիշեցնենք, որ երկուշաբթի օր Իտլիպի մէջ սուրիական բանակին կողմէ հրետանիով ռմբակոծման պատճառով սպաննուած էին 6 թուրք զինուորներ, իսկ 9 ուրիշներ վիրաւորուած էին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին յայտարարեց. «Կ՛ուզենք արագացնել Սուրիոյ մէջ լուծման հոլովոյթը, եւ այս առումով Ռուսիան կարեւոր պարտաւորութիւն ունի»:
«Աչք պիտի չփակենք Իտլիպի մէջ մեզ թիրախ դարձնող յարձակումներուն եւ պիտի շարունակենք հակադարձել», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը:
Մինչ այդ, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական աղբիւրներ կը վստահեցնեն, թէ Իտլիպի մէջ սուրիական բանակի դիրքերուն դէմ թրքական յարձակումները մարդկային վնասներ չեն պատճառած: «Մայատին»-ի լրագրողը կը նշէ, որ սուրիական բանակի դիրքերուն դէմ թրքական յարձակումին մասին «Էրտողանի պատմած դրուագը» չափազանցուած է:
www.aztagdaily.com/archives/463681