Թուրքիան Ջնջած Է Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ Հետ Միացեալ Հսկողութիւնը
05 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
««Արեւմտյան Հայաստանի կառավարության ձեւավորումը ինքնանպատակ գործողություն չէ»»
Սուրիոյ հիւսիսը ռուս-թրքական միացեալ հսկողութիւնը ջնջուած է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էն Սոն Հապեր»-ը:
Իբրեւ պատճառ կը նշուին սուրիական բանակին կողմէ թրքական դիրքերու ռմբակոծումը եւ թրքական կողմին կրած մարդկային կորուստները: Աղբիւրը կը նշէ, թէ Ռուսիոյ աջակցութիւնը վայելող Սուրիոյ կառավարական ուժերու գործողութիւններուն պատճառով սպաննուած են 7 թուրք զինուորներ, այդ պատճառով ալ ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած լարուածութիւնը չ՛արտօներ շարունակել միացեալ հսկողութիւնը:
Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի 22 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ ունեցած հանդիպումին հիմամբ կնքուած էր յուշագիր մը, որուն 5-րդ կէտը կը նշէ, թէ 23 հոկտեմբերի ժամը 12:00-էն սկսեալ Ռուսիոյ զինուորական ոստիկանութեան եւ Թուրքիոյ սահմանապահ ջոկատները մուտք պիտի գործեն Թուրքիա-Սուրիա սահմանի սուրիական կողմին վրայ, որ դուրս է Թուրքիոյ «Խաղաղութեան աղբիւր» զինուորական գործողութեան շրջանէն:
Անոնք պէտք է նպաստէին թուրք-սուրիական սահմանէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ քրտական խմբաւորումներու հեռացման, որ աւարտած է 23 հոկտեմբերի ժամը 12:00-էն 150 ժամ ետք: Նշուած ժամկէտի աւարտէն ետք, Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ կ՛իրականացուէր ռուս-թրքական միացեալ հսկողութիւն:
Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց. «Սուրիական կառավարութեան պիտի չարտօնենք Իտլիպի մէջ հողեր ձեռք բերել, եւ կարիքը չկայ Ռուսիոյ հետ Սուրիոյ հարցով վտանգաւոր տարակարծութիւն ունենալու»:
www.aztagdaily.com/archives/463684