Հայ Գիտնականի Աշխատութիւնը Ընդգրկուած է Պելճիքայի Համալսարանի Ուսումնական Ծրագիրին Մէջ

Armenian chemist Robert Bakhchadjian

Հայ Գիտնականի Աշխատութիւնը Ընդգրկուած է Պելճիքայի Համալսարանի Ուսումնական Ծրագիրին Մէջ

05 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ԳԻՏԱԿԱՆ:

««10 World’s Oldest Things From Armenia – Leather Shoe – 5,500 years old – People Of Ar»»

Հայ քիմիագէտ Ռոպերթ Պախչաճեան

Հայ քիմիագէտ Ռոպերթ Պախչաճեանի «Պայմոտըլ օքսիտէյշըն՝ տարասեռ եւ համասեռ հակազդեցութիւններու զուգորդումը» անգլերէն լեզուով ծաւալուն մենագրութիւնը Պելճիքայի Ղենտի համալսարանի քիմիական ճարտարագիտութեան փրոֆէսըր Ժ. Դիպոյի առաջարկով իբրեւ դասագիրք ներառուած է ուսումնական ծրագրերուն մէջ՝ ուսանողներուն յանձնարարուող գրականութեան ցանկով:

Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ գիրքը վերջին տասնամեակներու միակ հիմնարար աշխատութիւնն է այս բնագաւառէն ներս: Անիկա հասցէագրուած է յատկապէս բնագիտական քիմիագիտութեան բնագաւառի գիտնականներուն, ճարտարագէտներուն, ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են այս բնագաւառի հիմնախնդիրներով: Գիրքը կրնայ ծառայել նաեւ իբրեւ դասագիրք համալսարաններու բնագիտական մասնագիտութիւններու ուսանողներու համար:

Հեղինակը գիտական համագործակցութեան սերտ կապեր ունի Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Ա. Բ. Նալբանդեանի անուան բնագիտական քիմիագիտութեան ուսումնարանին հետ, ուր աշխատած է մինչեւ Ֆրանսա հաստատուիլը: Պախչաճեան նախաձեռնողն ու գլխաւոր խմբագիրն է բնագիտական քիմիագիտութեան քանի մը գիտական մատենաշարերու, որոնք լոյս տեսած են համաշխարհային առաջնակարգ գիտական հրատարակչութիւններու կողմէ:

Գիրքը 2019-ին տպագրած է բնագիտական եւ ճարտարագիտական գրականութեան ամերիկեան խոշորագոյն հրատարակչութիւններէն մէկը՝ «Սիարսի փրէս-Թէյլըր ընդ Ֆրանսիս կրուփ»-ը, Պոգա Ռադոնի (Ֆլորիտա), Լոնտոնի եւ Նիւ Եորքի մէջ: Անիկա լայն տարածում գտած է նաեւ համացանցով:

ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ – Մենք Հայ ենք -ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ

yerakouyn.com/2020/02/05/հայ-գիտնականի-աշխատութիւնը-ընդգրկու/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail