Ֆրանսայի Խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը Փոխանցեց Յատուկ Յանձնախումբի Մը

04 դեկտեմբեր 2015

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանը որդեգրած է երեսփոխան Վալերի Պուայէի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու վերաբերեալ օրինագիծը յատուկ յանձնախումբի փոխանցելու վերաբերեալ որոշում մը:

Քուէարկութեան մասնակից 38 երեսփոխաններէն 26-ը թեր քուէարկած են բանաձեւը յանձնախումբին փոխանցելու որոշումին, իսկ 12-ը դէմ: Քննարկումին մասնակցած եւ խօսք արտասանած երեսփոխաններու մեծամասնութիւնը համաձայն էր, որ Ֆրանսան ունենայ օրէնք մը, որով պատիժ սահմանուի Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն դէմ, սակայն վերջնական որոշում տրուեցաւ նախագիծը ուղարկելու յատուկ յանձնախումբ:

«Ժամանակն է, որ Ֆրանսան ստանձնէ այն պատասխանատուութիւնը, որ ունի ժողովրդավարութեան պահպանման հարցին մէջ: Յոյս ունիմ, որ խորհրդարանի երեսփոխանները պիտի ըլլան միասնական օրինագիծին քուէարկութեան ժամանակ», քննարկման սկիզբը յոյս յայտնած է Պուայէ:

Յունուար 2013-ին Պուայէի պատրաստած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու վերաբերեալ նախագիծը որդեգրուած էր Ֆրանսայի խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին կողմէ, սակայն երկրին Սահմանադրական խորհուրդը զայն սահմանադրութեան հակասող ճանչցած էր:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail