Սահմանադրական Փոփոխութեան Եւ Դատարանին Առնչուող Օրէնքներու Նախագիծերը Ընդգրկուած Են Ազգային Ժողովի Այսօրուան Արտահերթ Նիստի Օրակարգին Վրայ
06 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած է խորհուրդի արտահերթ նիստը, կը յայտնէ խորհրդարանի պաշտօնական կայքը:
Խորհուրդը համաձայնութիւն տուած է այսօր արտահերթ նիստ գումարելու, օրակարգին վրայ ընդգրկուած են «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին», «Հանրաքուէի մասին» սահմանադրական օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» եւ «Սահմանադրական դատարանի մասին» սահմանադրական օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը առաջին եւ երկրորդ ընթերցումով, ինչպէս նաեւ Սահմանադրութեան մէջ առաջարկուող փոփոխութեան նախագիծը առաջին ընթերցումով քննարկելու մասին հարցերը:
Օրէնքներու նախագիծերով կ՛առաջարկուի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնելէ կամ Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուելէ առաջ Սահմանադրական դատարան ներկայացնելը պարտադիր չնկատել, ինչպէս նաեւ առիթ տալ Ազգային ժողովի նախագահին անձամբ հրապարակելու խորհրդարանին կողմէ ընդունուած սահմանադրական փոփոխութիւնները` առանց նախագահի ստորագրութեան:
Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւն կատարելու նախագիծով իշխող մեծամասնութիւնը կ՛առաջարկէ դադրեցնել Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի եւ վեց անդամներու պաշտօնավարումը, կից ներկայացուած փաստաթուղթերու շարքին է նաեւ սահմանադրական փոփոխութիւնը հանրաքուէի դնելու վերաբերեալ Ազգային ժողովի որոշման նախագիծը:
www.aztagdaily.com/archives/463814