Փելոսի Պատռեց Նախագահի Խօսքին Բնագիրը. Թրամփ Կը Խոստանայ Վերջ Տալ Միջին Արեւելքի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմներուն

Փելոսի Պատռեց Նախագահի Խօսքին Բնագիրը. Թրամփ Կը Խոստանայ Վերջ Տալ Միջին Արեւելքի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմներուն

06 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

««Արեւմտյան Հայաստանի կառավարության ձեւավորումը ինքնանպատակ գործողություն չէ»»

ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ – Մենք Հայ ենք -ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին առջեւ տարեկան «Միութեան իրավիճակը» նախագահական ճառին մէջ յայտնեց. «Կ՛ուզենք վերջ տալ Աֆղանիստանի մէջ երկարամեայ պատերազմին եւ մեր ուժերը վերադարձնել հայրենիք, որովհետեւ պատերազմները ծանր բեռ են մեր ընտանիքներուն վրայ, եւ յստակ է, որ չեմ ուզեր Աֆղանիստանի մէջ սպաննել հարիւր հազարաւորներ, որոնց մեծամասնութիւնը անմեղ է»:

Ան նաեւ յայտնեց, որ ամերիկացիներուն կեանքերը խնայելու համար «աշխատանք կը տանինք վերջ տալու Միջին Արեւելքի մէջ մեր պատերազմներուն»` նշելով, որ «Ամերիկայի թշնամիները փախուստի կը դիմեն, Ամերիկայի առիթները կը բարձրանան, եւ անոր ապագան շատ պայծառ է: Տնտեսական անկումի տարիները վերջ գտած են»:

Սպիտակ տան ղեկավարը Քոնկրեսին յայտնեց, թէ ամերիկեան ուժերը իր հրամանով սպաննած են իրանեան «Քուտս» ջոկատի հրամանատար զօր. Քասեմ Սիւլէյմանին, որպէսզի յաւիտեանս վերջ գտնեն անոր ոճիրները` աւելցնելով, որ իր վարչակազմը նաեւ վերջ տուած ու պարտութեան մատնած է ՏԱՀԵՇ-ը, եւ վերջինիս ղեկավարը Ապու Պաքր Պաղտատին այլեւս ոչ եւս է:

Ան շեշտեց, որ Վենեզուելայի «ընկերվարական նախագահ» Նիքոլաս Մատուրոյի «բռնատիրութիւնը պիտի քանդուի»: «Մատուրոն անօրինական ղեկավար է, բռնապետ է, իր ժողովուրդին հետ վայրագութեամբ կը վարուի»` աւելցնելով, որ Մատուրոյի «բռունցքը պիտի կտրուի ու քանդուի»:

Նշենք, որ Վենեզուելայի ընդդիմութեան ղեկավար Խուան Կուայտօ «Միութեան իրավիճակ»-ի նախագահական ճառին պատուոյ հիւրն էր: «Վենեզուելայի իսկական նախագահը ահա մեր մէջ է», ըսաւ Թրամփ:

Միւս կողմէ, Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսի Թրամփի խօսքի աւարտին պատռեց նախագահի ճառին կրկնօրինակը եւ նշեց, որ այդ արարքը «քաղաքավար այն բանն է, որ կարելի է ընել, եթէ նկատի ունենանք այլընտրանքները»:

Փելոսի հրաժարեցաւ նախագահը Քոնկրեսին ներկայացնելու «պատիւն ու իւրայատուկ քայլը ունիմ ներկայացնելու Միացեալ Նահանգներու նախագահը» աւանդական խօսքէն եւ բաւարարուեցաւ ըսելով «Միացեալ Նահանգներու նախագահը»:

Նախագահական ճառէն առաջ Փելոսի իր ձեռքը երկարեց Թրամփի ձեռքը սեղմելու համար, սակայն վերջինս անտեսեց զինք:

Մինչ այդ, «Կալլըփ» ընկերային հետազօտութեան ընկերութեան կատարած հարցախոյզին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահին ժողովրդականութիւնը 2017-ին նախագահութեան պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր հասած է իր բարձրագոյնին` հասնելով 49 առ հարիւրի, ինչ որ 4 առ հարիւրով աւելի բարձր է անցեալ ամսուան ցուցանիշէն:

Անոր նկատմամբ դժգոհութիւն յայտնած է հարցախոյզին մասնակիցներուն 50 առ հարիւրը:

Ըստ հարցախոյզին, ամերիկացիներուն 52 առ հարիւրը կը զօրակցի Ծերակոյտին մէջ անոր պաշտօնազրկման դատավարութեան մէջ Թրամփի անպարտ յայտարարման, իսկ 46 առ հարիւրը հակառակը կը պնդէ:

ARMENIAN GENOCIDE – genocide erzeroum 1895

www.aztagdaily.com/archives/463830

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail