Սուրիական Ուժերուն Մինչեւ Ուրբաթ Պայմանաժամ Ճշդելով. Էրտողան. «Թուրքիան Առանձինը Պիտի Վերականգնէ Իտլիպի Մէջ Լարուածութեան Մեղմացման Դրութիւնը»
06 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր երկրի խորհրդարանին առջեւ արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Թուրքիան առանձինը պիտի վերականգնէ Իտլիպի մէջ լարուածութեան մեղմացման դրութիւնը, եթէ սուրիական բանակը չհեռանայ այնտեղէն, ուր թրքական հսկողութեան կէտեր կը գտնուին:
Ան նշեց, որ Իտլիպի մէջ թրքական ուժերուն վրայ սուրիական վերջին յարձակումը իր երկրին քաղաքականութեան մէջ «շրջադարձի կէտ» ներկայացուցած է:
Էրտողան ըսաւ, որ Իտլիպի մէջ թուրք զինուորներուն վրայ յարձակումը Անգարայի համար նոր փուլի մը սկիզբն է` նշելով. «Անկարելի է, որ արտօնենք, որ ներկայ կացութիւնը շարունակէ ինչպէս որ է` այն վայրին մէջ, ուր մեր զինուորներուն արիւնը թափուեցաւ»:
«Գիտենք, թէ (սուրիական) վարչակարգը անկարող է շարժիլ առանց Ռուսիոյ օդային եւ Իրանի ցամաքային աջակցութեան», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը:
Ինչ կը վերաբերի Իտլիպի հարցով Մոսկուայի հետ հաղորդակցութեան, Էրտողան թուրք երեսփոխաններուն յայտնեց, որ Փութինին ըսած է, թէ սուրիական բանակը պէտք է հեռանայ Իտլիպի մէջ թրքական հսկողութեան կէտերէն, «այլապէս առանձին զայն պիտի հեռացնենք»` շեշտելով, որ Իտլիպի մէջ լարուածութեան մեղմացման դրութիւնը պէտք է վերականգնի:
«Սուրիական ուժերուն մինչեւ ուրբաթ օր պայմանաժամ կու տանք հեռանալու թրքական հսկողութեան կէտերուն մօտ եղող շրջաններէն», յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահը:
«Փութինի հետ անգամ մը եւս հանդիպում պիտի ունենամ` առնչակից պաշտօնատարներու հետ քննարկումներէն ետք: Ռուսիոյ հետ մեր յարաբերութիւններուն մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայենք», յայտնեց Էրտողան:
«Այն ինչ որ Իտլիպի մէջ պատահեցաւ, պատճառ դարձաւ Թուրքիա մուտք գործելու համար մէկ միլիոն տեղահանուածի սահման ուղղուելուն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իր երկիրը պիտի չտատամսի յառաջիկայ օրերուն Եփրատի արեւելեան ափին վրայ իր զինուորական գործողութիւնը շարունակելու, եթէ իր պահանջները չգործադրուին:
Էրտողան յայտնեց, որ թրքական ուժերը Սուրիա կը գտնուին Ատանայի համաձայնութեան հիմամբ` աւելցնելով. «Մտադիր չենք յաւիտեանս Սուրիոյ մէջ մնալ: Մեր գործը պիտի աւարտի, երբ ահաբեկչական կազմակերպութիւններն ու օտար ուժերը այդտեղէն հեռանան»:
Մինչ այդ, ռուսական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ սուրիական բանակը Իտլիպի արեւելքը գտնուող թրքական հսկողութեան կէտի մը պաշարման սեմին կը գտնուի:
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Սուրիոյ բանակը ազատագրած է Իտլիպի արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ Ապու Տուհուրի արեւմուտքը գտնուող Թալ Թուքնը եւ պաշարած թրքական հսկողութեան կէտը, որ դարձած է թրքական բանակի հսկողութեան 5-րդ պաշարուած կէտը:
Իտլիպի Մէջ Սպաննուած Թուրք Զինուորներու Եւ Լիպիոյ Հարցով Էրտողան-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուած է երկու օր առաջ Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքին մօտ թրքական բանակին վրայ կատարուած հրետանային յարձակումը, որուն պատճառով սպաննուած էին 6 թուրք զինուորներ, իսկ 9 ուրիշներ վիրաւորուած էին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Փութինին յայտնած է, որ թուրք զինուորներու վրայ յարձակումը կը խախտէ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատելու միացեալ ջանքերը:
Թուրքիոյ նախագահը նոյն ատեն յայտարարած է, որ իր երկիրը նոյնպիսի այլ իրավիճակներու ժամանակ պիտի օգտագործէ ինքնապաշտպանութեան իր իրաւունքը:
Էրտողան եւ Փութին նաեւ քննարկած են Լիպիոյ եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Թուրք զինուորները, որոնք ըստ թրքական կողմին «Իտլիպ կ՛երթային բախումները կանխարգիլելու», յայտնուած էին սուրիական բանակի հրետանիի կրակոցներուն տակ: Ռուսիա յայտարարած էր, թէ միջադէպին պատճառը այն էր, որ Թուրքիան ռուսական կողմին չէր տեղեկացուցած յառաջ շարժելու մասին:
Թուրքիոյ նախագահական պալատը յայտնեց, թէ Էրտողան յայտնած է. «Իտլիպի մէջ պատահածը Ռուսիոյ հետ գոյացած փոխադարձ հասկացողութեան բացայայտ խախտում մըն է, եւ ատիկա սուրիական վարչակազմին համար հետեւանքներ պիտի ունենայ»:
«Պէտք չկայ Ռուսիոյ հետ ներկայ փուլին ճակատումի կամ հակասութեան մէջ մտնելու, Ռուսիոյ հետ ռազմավարական կարեւոր նախաձեռնութիւններ ունինք», նշած է Էրտողան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց. «Թուրքիան չի յարգեր Իտլիպի հարցը լուծելու հիմնական խոստումները: Իտլիպի մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիին մէջ հարիւրաւոր զինեալներ կը փոխադրուին Լիպիա` մասնակցելու համար զինուորական գործողութիւններուն»:
www.aztagdaily.com/archives/463833