«Հզօր Հայրենիք, Անկախ Հայաստան» Կարգախօսը՝ Որպէս Սրբազան Սկզբունք

ARARAD -ARMENIA

«Հզօր Հայրենիք, Անկախ Հայաստան» Կարգախօսը՝ Որպէս Սրբազան Սկզբունք

06 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

««Օսմանեան կայսրութեան վաւերական փաստաթուղթերը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ – “Osmanli Betyelerinde Ermeniler” (1994)»»

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՅԱԿՈԲ ՃԱՄՊԱԶԵԱՆ –

Անցեալ դարավերջի 90-ական թուականներուն, երբ պատմութիւնը մեզի մեր հայրե­նի­քը պետութիւն դարձնելու բացառիկ առիթ տուած էր եւ այդ օրերու տխրահռչակ նա­խագահ Լ. Տէր Պետրոսեանը հնարաւորութիւնը ունէր մարմնաւորելու ազգային ողջ ներուժը ու զայն ծառայեցնելու առկայ նպատակին, փոխարէնը ապօրինաբար հայոց ամենաազգային ու աւանդական կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշ­նակցութեան ղեկավար­ները կալանաւորեց եւ արտաքսեց զայն իր իսկ ծնունդ տուած անկախ հայրենիքէն, թալանեց ու փակեց անոր կառոյցներն ու լրատուական գրա­սենեակները: Սակայն, ժամանակի արդար տնօրի­նումով մը, այսօր գոյութիւն չունի իր իսկ հիմնած Հ․Հ․Շ․ կուսակցութիւնն ու սունկի նման բուսած կուսակցութիւնները, բայց ոտքի է Դաշնակցութիւնը եւ ան պիտի մնայ անդեդեւ ու անշարժ իր հայրենի հողին վրայ՝ մայր Հայաստանի մէջ:

Այսօր, այդ դէպքերէն քառորդ դար ետք, երբ համաժողովրդական խաղաղ բայց ան­դիմադրելի ալիքը սրբեց-տարաւ կաշառուած եւ ապազգային վարչակարգը, կը թուէր թէ իմաստուն դարձած են յեղաշրջողները՝ անցեալի սխալները չկրկնելու համար։ Սակայն ամենավատ երազի մէջն անգամ դժուար էր երեւակայել, որ «թաւշեայ» իշ­խա­նափոխութեան հասած նորաստեղծ կուսակցութեան նորելուկ կարգ մը առաջնորդները, թէկուզ «թաւիշի ու սիրոյ» քօղարկումով, պիտի փորձէին նոյնը ընել՝ փաստելու, որ իրենք ընդամէնը իրենց քաղաքական աւագ առաջնորդին անգաղափարական ժա­ռան­գորդներն են:

Ահա այս մտահոգութենէն մղուած՝ պարտադրուած եմ պատմական ամփոփ ակնարկ մը նե­տելու կուսակցութեանս անցած ճամբուն վրայ:

130 տարի առաջ Հ․Յ․ Դաշնակցութեան ծնունդը կարեւորագոյն իրա­դարձութիւններէն մէկը ըլլալով հանդերձ՝ եղաւ նաեւ անկիւնադարձային հանգրուան մը սփիւռքացած հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, եւ չնայած Հ․Յ․ Դաշնակցութիւն կու­սակցութեան համար ինքնա­փա­ռաբանումի ու գովասանքի խօսքերը միշտ ալ խոտոր հնչած են, յօդուածիս մէջ կրկնելու գնով անգամ մը եւս կ’ուզեմ շեշտել, որ Դաշ­նակ­ցութիւնը եղաւ գերա­զանցապէս գլխագիր ԳՈՐԾԻ ԵՒ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ կուսակ­ցու­թիւն, եւ գերագոյն գործի յաջողութեան ի խնդիր՝ ան տուաւ իր լաւագոյնը, ու զոհաբերութեան ոչ մէկ սահման ճանչնա­լով՝ հայ ժողովուրդի իրականութեան մէջ ստեղծեց նուիրաբերութեան նոր չափանի­շեր։

Գործի ու զոհողութեան ճամբով է, որ Հ․Յ․ Դաշնակցութիւնն ու անոր ղեկավա­րու­թիւնը օսմանեան բռնակալութեան օրերուն յաջողեցան հայ ժողովուրդը արթնցնել իր դարաւոր թմբիրէն եւ ազատագրական պայքարի դրօշը բարձրացնել նոյնինքն սուլ­թա­նին դէմ՝ ի խնդիր հայ մարդու ազատ ու անկաշկանդ գոյատեւումին ու անխափան յառաջդիմութեան։

Գործի ու զոհողութեան ճամբով էր, որ Մեծ Եղեռնէն հազիւ երեք տարի ետք (ո՜վ կրնար երեւակայել), Հ․Յ․ Դաշնակցութիւնը պիտի կարենար ի մի բերել հայ ժողո­վուր­դի բեկորները եւ 6 դարու ստրկական գոյավիճակին վերջ տալով՝ մայիսեան վար­­դահեղեղ ու պայծառ առաւօտ մը ստեղծել Ազատ ու Անկախ Հայրենիքը։

Գործի ու զոհողութեան ճամբով էր, որ 1918 թուականին, նորանկախ Հայաստանի ճգնա­ժամային օրերուն, Հ․Յ․ Դաշնակցութիւնը յանդուգն վճռակամութեամբ կուրծք ցցեց բռնատիրական սարսափ յառաջացուցած կարմիր բանակին դէմ՝ ամրագրելով նուի­րաբերումի եզակի չափանիշ մը եւս եւ պատկառանք յառաջացնելով նոյնիսկ գեր­պե­տութիւններու մօտ:

Ու տակաւին, Խորհրդային Միութեան տարիներուն, գործի ու զոհաբերութեան ան­զու­գական չափանիշով էր, որ Հ․Յ․ Դաշնակցութիւնը սփիւռքի գաղութներուն մէջ յա­ջողեցաւ ոչ միայն հայապահպանումի ու հայակերտումի աննախընթաց կռուաններ ստեղծել, այլեւ հայ երիտասարդութեան հոգիներուն մէջ վառ պահեց յեղափոխական նկարագիրը, ծաւալեց քաղաքական հսկայ գործունէութիւն, դէմ դրաւ պոլշեւիկեան չա­րամիտ միջամտութիւններուն ու իր շարքայիններէն ամէնէն ընտիրները նուիրա­բերեց հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան բագինին, երբ արտերկրի մէջ վտանգուե­ցաւ հայ գաղութներու ապահովութիւնը։

Զոհաբերութեան ու գործի նոյն յանձնառութեամբ՝ Հ․Յ․ Դաշնակցութիւնը դարձեալ գտնուեցաւ առաջին գիծի վրայ, երբ հայրենիքի ու Արցախի ազատամարտի ահա­զան­գը հնչեց։ Ղարաբաղի անառիկ լեռներէն թէ Հայաստանի սահմաններուն վրայ, Երե­ւա­նի փողոցներուն մէջ թէ խորհրդարանի բեմէն, Դաշնակցութիւնը մնաց պատնէշի վրայ՝ հայ ժողովուրդի կանչին ու մտահոգութիւններուն ականջալուր։

Գործի ու զոհաբերութեան ճամբով էր, որ Հ․Յ․ Դաշնակցութեան ղեկավարները երեք տասնամեակներու վրայ երկարող հայրենի պետական այրերուն հետ փորձեցին հայ­րե­նանուէր ջինջ զգացումներով գործակցիլ՝ միմիայն ծառայելու համար հայ ժողո­վուր­դին ու հայրենիքին: Եւ միշտ չէ, որ արդիւնքները եղան յատկանշական: Իսկ եր­բեմն գործակցութիւնը եղաւ սխալ դատողութեամբ: Այո՛, կուսակցական ղեկավար կազ­­մը երկար տարիներ կառչած մնաց իր աթո­ռին, չկարողացաւ տնօրինել պարտն ու պատ­շաճը։ Սակայն այսօր Հ․Յ․Դ․ ընդհանուր ժո­ղովներու ճամբով նոր աւիւն ներար­կուած է ղեկավար մարմինին, քանզի ժողովներն էին եւ տակաւին կը մնան կազմա­կերպութեան ուղին ճշդողները եւ ոչ թէ անհատնե­րը: Այո՛, Դաշնակցութիւնը հաւա­տա­րիմ պէտք էր մնար իր գաղափարական հանգանակին ու հեռու մնար երկիրը թալանող մարդոց հետ քաղաքական դաշինքներ կազմելէ, նոյ­նիսկ երբ շատերու հա­մար իրագործելի կը թուէր երկրին կարգուսարքը իշխանու­թեան ներսէն փոխելու հնարաւորութիւնը: Շատերուս համար Հ․Յ․ Դաշնակցութեան այս մօտեցումը մնաց դատապարտելի եւ անհասկնալի, իսկ ուրիշներ այս քաղաքականութեան մէջ տեսան իշխանական պարգեւներէն օգտուելու մի­տումներ, որոնք անյարիր են Դաշնակ­ցու­թեան եւ դաշնակցականի բարոյական կերպարին…

Ուստի ժամը հասած է եւ կանգ առնել է պէտք:

Եկէք պահ մը կանգ առնենք հայ ժողովուրդի միասնութիւնը խաթարող ու վտանգող անիմաստ եւ կործանարար մերօրեայ վէճերէն, մէկդի դնենք մեր անհա­տա­կան եւ հաւաքական յոռի հաշիւները, դառնանք մէկ բռունցք մեր հայրենիքին եւ հայ ժողո­վուրդի թշնամիին դէմ, ինչպէս ը­րին մեր նախնիները ճգնաժամային ու օրհասական օրերուն: Չէ՞ որ մեր ժողովուրդի միասնական ոգին ու յա­րա­տեւ պայքարի աննկուն կամքը հրաշքներ կրնան գործել, ինչպէս որ գործեցին Ղա­րաբաղի ու Հայաստանի սահմաններուն վրայ։

Եկէք պահ մը կանգ առնենք եւ գիտակցինք, թէ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս Դաշ­նակցութիւնը դեռ հսկայական ճանապարհ ունի կտրելիք՝ հայ նորա­հաս սերունդ­ներու հայացման, սփիւռքեան կառոյցներու եւ կռուաններու ամրացման, եւ այս բո­լո­րէն աւելի՝ Հայաստանի ու Արցախի զոյգ պետականութեանց հզօրա­ցման ուղղու­թեամբ:

Եւ, վերջապէս, եկէք պահ մը մեր գլուխները խոնարհեցնենք այն բոլոր նուիր­եալնե­րու յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց կեանքի ու գործի օրինակով մեզի տուին ազ­գային նկարագիր, պայ­քարելու կամք, զոհաբերութեան ոգի եւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայրենիքին ծառայելու եւ նուիրաբերուելու գիտակցութիւն։

Այո՛, այսօր Հ․Յ․ Դաշնակցութիւնը գուրգուրանքով, պատիւով եւ հպարտութեամբ կը նայի «թաւշեայ յեղափոխութեամբ» ձեռք բեր­ուած յաջողութիւններուն, որովհետեւ կը հաւատայ, որ հայ ժողովուրդի զաւակնե­րուն զոհաբերութիւնները վերջիվերջոյ սկսած են տալ իրենց արդար արդիւնքը։ Մեր պետականութեան աստիճանաւոր վերելքը պէտք չէ խաթարուի երկպառակութիւն սերմանող, խաչագողութիւնն ու կողոպուտը քաղաքական ասպարէզի վերածած մարդոց քանդիչ արարքներով։ Ուստի արդա­րօ­րէն կ’ակնկալենք, որ Հայաստանն ու անոր երիտասարդ իշխանաւորները ըլլան նաեւ հայ մար­դուն իր հայրենիքին մէջ ամբողջականօրէն ազատ եւ ապահով ապրելու ե­րաշ­խա­ւոր­նե­րը, դառնան շինարար հայուն կռուանը, վերածուին աշխարհացրիւ հա­յու­թեան նե­րուժը համատեղող պատուանդանի՝ պահելով «հզօր հայրենիք, անկախ Հա­յաստան» կարգախօսը որպէս սրբազան սկզբունք։

Արդ, պէտք է կանգ առնենք ու սրբագրումէ մը ետք յառաջ ընթանանք, որպէսզի վաղը մենք զմեզ չմեղադրենք, երբ հոգեմտաւոր ծուլութեամբ պայմանաւորուած մակերե­սայ­նութիւնը շարունակաբար խեղդէ մեզ…

Պէտք է կարողանանք մերթ փառքով օծուած, մերթ ամօթով պատուած մեր պատ­մութեան խորհուրդը հասկնալ, անոր ընթացքին ու ելեւէջներուն համապարփակ ու­սումնասիրութիւնը կատարել:

Պէտք է կարողանանք սրընթաց աշխարհի երբեմն խելացնոր հեւքին մէջ արժանաւո­րապէս դիրքաւորուելու համար՝ գիտական լոյսի տակ դնել մեր ազգային առաքի­նու­թիւններն ու մոլութիւնները, եւ, վերջապէս, պէտք է ձեւակերպենք համազգային աշ­խարհահայեցողութիւն՝ համահայկական եւ համահայաստանեան զգացումով:

Միայն այսպիսով կարելի է դարերէն եկող մեր հայ ինքնութիւնը միասնական ճիգե­րով դրոշմել դէպի հզօր ապագայ գացող մեր զաւակներու գիտակցութեան ու հոգիին մէջ, վանել մեզ պառակտող ցեցերը՝ ի խնդիր ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայրենիքի շարունա­կա­կան վերելքին եւ մեր ազգի գոյատեւման, որպէսզի մեր պատմութեան մէջ, յարա­փո­փոխ ու ճակատագրական հանգրուաններուն, կարենանք այլեւս միաս­նականօրէն մղել վերջին հողահաւաքի սրբազան պատերազմը։ Սրբազան պատե­րազմ դարաւոր թշնամիին դէմ՝ մինչեւ վերջնական եւ ամբողջական յաղթանակ։

Միացում բոլոր ճակատներու վրայ՝

Մէկ ու միացեալ ժողովուրդով,

Մէկ ու ամբողջականօրէն ազատ ու անկախ Հայրենիքի համար։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

yerakouyn.com/2020/02/06/հզօր-հայրենիք-անկախ-հայաստան-կարգա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail