ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Սիմոն Աշըկգէօզեան (ԴԷԴ-DAD, 1939-1991) Արցախեան հերոսը եւ դաշնակցական յառաջամարտիկը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Սիմոն Աշըկգէօզեան (ԴԷԴ-DAD, 1939-1991) Արցախեան հերոսը եւ դաշնակցական յառաջամարտիկը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Յուշատետր

Սիմոն Աշըկգէօզեան (ԴԷԴ-DAD, 1939-1991).
Արցախեան հերոսը եւ դաշնակցական յառաջամարտիկը

Ն. Պէրպէրեան

Փետրուար 6ի օրը հայ ժողովուրդը կը նշէ ծնունդը Արցախեան Ազատամարտի անձնուէր հերոսներէն Սիմոն Աշըկգէօզեանի, որ հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ իր անմոռանալի տեղը գրաւեց իբրեւ Մարտունաշէնի ինքնապաշտպանութեան անզուգական հրամանատարը։

Սիմոն Աշըկգէօզեանի անունը, միաժամանակ, անջնջելիօրէն կապուած է Դաշնակցութեան հայաստանեան վերընձիւղման եւ կազմաւորման հետ։ Գաղափարապաշտ իր վարքով, անբասիր նկարագրով եւ մարտական խիզախութեամբ՝ այլապէս գիտական աշխատանքի վաստակաւոր այս գործիչը հանդիսացաւ ճառագայթող դրօշակիրներէն մէկը Դաշնակցութեան հայրենիք վերադարձին։

Աւազանի անունով Աչըկգէօզեան Սիմոն Յովհաննէսի՝ ան ծնած է 1939ի Փետրուար 6ին, Ռումանիոյ Գալաց քաղաքը։

Աշըկգէօզեաններու տոհմական բնօրրանը եղած է Արեւմտեան Հայաստանը: Հայրը՝ Յովհաննէսը, Մեծ Եղեռնէն հրաշքով փրկուած է՝ Ռումանիա պանդուխտ գտնուելու բերումով։ Աշըկգէօզեաններու 86 հոգինոց գերդաստանէն 78ը զոհուած է Տէր-Զօրի անապատին մէջ։ 1946ի հայրենադարձութեան օրերուն, Յովհաննէս Աշըկգէօզեանի ընտանիքն ալ Ռումանիայէն ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան։

Սիմոն նախնական իր ուսումը ստացած է Երեւանի թիւ 24 միջնակարգ դպրոցին մէջ։ 1955ին ընդունուած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Երկրաբանական Ֆակուլտետը, որմէ շրջանաւարտ եղած է 1960ին՝ ինժեներ-երկրաբանի որակաւորմամբ։ Ս. Աշըկգէօզեան 1970 թուին Մոսկուայի մէջ պաշտպանած է իր թեկնածուական ատենախօսութիւնը։ 1984ին արժանացած է աւագ գիտաշխատողի կոչումին։

1960էն 1991, աւելի քան 30 տարի, Սիմոն Աշըկգէօզեան աշխատած է Հ.Խ.Ս.Հ. Գ.Ա. Երկրաբանական Գիտութիւնների Ինստիտուտին մէջ, հեղինակած է 70է աւելի գիտական աշխատութիւններ, զբաղած է թարգմանութիւններով։ Շուրջ 11 տարի դասախօսի պաշտօն կատարած է Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ։ Զբաղած է Հայաստանի գունաւոր եւ ազնիւ մետաղներու հանքավայրերու հեռանկարային ուսումնասիրութեամբ։

1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժէն յետոյ, ան Աղէտի Գօտիին մէջ ղեկավարած է երկրաշարժաբանների միջազգային ջոկատը։ Գիտութեան անխոնջ մշակ ըլլալու կողքին՝ Սիմոն Աշիկգէօզեան զբաղած է արուեստով եւ մարզանքով։ Երկար տարիներ երգած է «Նարեկ» արական երգչախումբին մէջ՝ Խոր Վիրապի վանքը։

1988ի Արցախեան Շարժման սկզբնական փուլին իսկ, գիտական իր աշխատանքը մէկդի ձգած՝ Ս. Աշըկգէօզեան ամբողջապէս նուիրուած է ազգային-ազատագրական պայքարի վերածնունդին։ «Դէպի Երկիր» վերադարձող Հ.Յ.Դաշնակցութեան անդամագրուած առաջին ուխտեալներէն եղած է։ Գործօն մասնակցութիւն ունեցած է 1990ի Նոյեմբերին Հ.Յ.Դ. Հայաստանի անդրանիկ՝ հիմնադիր Շրջանային Ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ։ Իր գաղափարապաշտութեամբ եւ բարոյականութեամբ վճռորոշ դեր ունեցած է հայրենի երիտասարդ-ուսանող սերունդը Դաշնակցութեան կապելու եւ դէպի Արցախեան Ազատամարտ մղելու պատմակերտ գործին մէջ։

1989 թուականի Հ.Հ.Շ. առաջին համագումարին, Ս. Աշըկգէօզեան ընտրուած է Հ.Հ.Շ. արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի անդամ։ 1990ին ընտրուած է Երեւանի Քաղաքապետական Խորհուրդի պատգամաւոր, մասնակցած է Խ. Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի աշխատանքներուն՝ կենսոլորտի պաշտպանութեան յանձնաժողովի կազմէն ներս։

1989ին Սիմոն Աշըկգէօզեան անդամագրուած է հանրածանօթ «Արաբօ» կամաւորական ջոկատին եւ մասնակցած է Եղէգնաձորի շրջանի Գնիշիկ, Երասխ, Արենի, Խաչիկ, ապա Նոյեմբերեանի մէջ՝ Ոսկեպար եւ սահմանամերձ այլ գիւղերու ինքնապաշտպանական մարտերուն։ Այնուհետեւ մեկնած է Արցախ (Շահումեանի շրջան), ուր 1991ի Ապրիլ 19էն սկսեալ ստանձնած է Մարտունաշէնի «Արաբօ» ջոկատի հրամանատարութիւնը։

Ս. Աշըկգէօզեան զոհուած է 1991ի Ապրիլի 30ին՝ Մարտունաշէնի ինքնապաշտպանութեան ժամանակ, Խ.Ս.Հ.Մ. ներքին գործերու նախարարութեան ուժերու աջակցութեամբ ատրպէյճանական յատուկ նշանակութեան զինեալ ջոկատներու (ՕՄՕՆ) կողմէ իրագործուող Արցախը հայաթափելու «Օղակ» գործողութիւնը կանխելու կռուին։

Վկաները կը շեշտեն, թէ Մարտունաշէնի մէջ մղուած պայքարը ճակատագրական եղաւ հերոսին համար: Անհաւասար եւ խելագարութեան հասած կռիւը, մարտական ընկերներին սպառնացող մահաբեր իրավիճակը ստիպած են հրամանատարին, որպէսզի ծայրայեղ քայլերու դիմէ: Մարտունաշէնի ժողովուրդին կազմակերպուած նահանջը իրականացնող իր ջոկատի ընկերներուն կողմէ իրեն ուղղուած նահանջին միանալու բազում խնդրանքներուն՝ Սիմոն Աշըկգէօզեան կտրականապէս մերժումով պատասխանած է։ Իր հարազատ կուսակցութեան՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան գրեթէ քայլերգը դարձած «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգելով՝ նահատակուած է գիտնական Սիմոն Աշըկգէօզեան։ Տեսնելով իրավիճակը՝ Դէդ իր վրայ է վերցուցած թշնամիին կրակը դիմագրաւելու կռուին ամբողջ ծանրութիւնը, որպէսզի գիւղի խաղաղ բնակչութեան անվտանգ նահանջն ապահովէ։

Սիմոն Աշըկգէօզեանի աճիւնը ամփոփուած է Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական տարածքի գերեզմնատան մէջ։

Հ.Հ. նախագահի 1996 թուականի Սեպտեմբեր 20ի ՆՀ-640 հրամանագրով՝ Ս. Աշըկգէօզեան յետ-մահու պարգեւատրուած է «Մարտական Խաչ» Ա. կարգ աստիճանի շքանշանով։

2011ի Ապրիլ 29ին Ե.Պ.Հ. Աշխարհագրութեան եւ Երկրաբանութեան Ֆակուլտետի Միներալոգիայի եւ Պետրոգրաֆիայի Կաբինետը անուանակոչուած է Սիմոն Աշըկգէօզեանի անունով։

Սիմոն Աշըկգէօզեանին Դէդ (Dad) կը կոչէին իր ընկեր-զինուորները, որովհետեւ ջոկատին ամենատարեցն էր, բոլորին համար հեղինակութիւն էր, անոր խօսքը վիճելի չէր։ Իսկ Դէդի զոհուելէն յետոյ, ինչպէս որ վկայութիւնները կը նշեն, մինչեւ մէկ շաբաթ ատրպէյճանցիները իրենց վախէն չեն համարձակած Մարտունաշէն մտնել… Սիմոնի մարտական ընկերները իրենց ղեկավարին մասին շատ բան ունին պատմելու, բայց կը ցանկանան, որ յիշողութիւնները երկար ապրին՝ նոյնինքն հրամանատարի գործին շարունակութեամբ:

Սիմոն Աշըկգէօզեան ընդհանրապէս հայրական գուրգուրանքով վարուած է երիտասարդ սերունդի իր ընկերներուն հետ, որոնց միշտ յետ պահած է կռուի առաջին գիծերէն՝ ըսելով, որ «Ես ոչ մէկիդ մահը չեմ ուզում տեսնել, ինչ լինում է, թող ինձ լինի»…:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

ՆԿԱՐ – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Սիմոն Աչիկգէօզեան (ԴԷԴ-DAD, 1939-1991)

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail