Սե­­­ւակ Պա­­­լըք­­­ճը – Հրատարակուեցաւ դատավճիռի պատճառաբանութիւնը – մար­­­դասպա­­­նու­­­թեան մե­­­ղադ­­­րանքով 16 տա­­­րի 8 ամիս բան­­­տարկու­­­թիւն վճռած էր ոճ­­­րա­­­­­­­գոր­­­ծին դէմ

Սե­­­ւակ Պա­­­լըք­­­ճը — Հրատարակուեցաւ դատավճիռի պատճառաբանութիւնը – մար­­­դասպա­­­նու­­­թեան մե­­­ղադ­­­րանքով 16 տա­­­րի 8 ամիս բան­­­տարկու­­­թիւն վճռած էր ոճ­­­րա­­­­­­­գոր­­­ծին դէմ

05.02.2020 — ԱՌՕՐԵԱՅ — ԻՐԱՒԱԿԱՆ:

Sevag Balikci

24Ապրիլ 2011-ին պար­­­տա­­­­­­­դիր ծա­­­ռայու­­­թեան աւար­­­տին մօ­­­տեցող օրե­­­րուն սպան­­­նո­­­­­­­ւած էր շար­­­քա­­­­­­­յին Սե­­­ւակ Պա­­­լըք­­­ճը։ Դա­­­տավա­­­րու­­­թիւնը դի­­­տումնա­­­ւոր մար­­­դասպա­­­նու­­­թեան մե­­­ղադ­­­րանքով 16 տա­­­րի 8 ամիս բան­­­տարկու­­­թիւն վճռած էր ոճ­­­րա­­­­­­­գոր­­­ծին դէմ։ Պատ­­­ճա­­­­­­­ռաբա­­­նու­­­թեան մէջ դա­­­տարա­­­նը ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նօ­­­­­­­րէն քննար­­­կեց անզգու­­­շութեան կամ դի­­­տումնա­­­ւոր մար­­­դասպա­­­նու­­­թեան երե­­­ւոյթնե­­­րը։

Դա­­­տարա­­­նը նկա­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նալով որ նա­­­խապէս որոշ թշնա­­­մու­­­թիւն մը գո­­­յու­­­թիւն չէր ու­­­նե­­­­­­­ցած ոճ­­­րա­­­­­­­գոր­­­ծի եւ զո­­­հուա­­­ծի մի­­­ջեւ վճի­­­ռը կա­­­յացուց հա­­­ւանա­­­կան նպա­­­տակադ­­­րութեամբ մար­­­դասպա­­­նու­­­թեան հի­­­ման վրայ։ Դա­­­տարա­­­նը ան­­­գամ մը եւս բնու­­­թագրած է դէպ­­­քի պա­­­տահ­­­ման պա­­­հու ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րը եւ հա­­­մոզում կա­­­յացու­­­ցած, որ ան­­­կա­­­­­­­րելի է զէն­­­քին ինքնըս­­­տինքեան տրա­­­քու­­­մը։

Բայց նկա­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նալով ոճ­­­րա­­­­­­­գոր­­­ծի եւ զո­­­հուա­­­ծի մի­­­ջեւ նա­­­խապէս թշնա­­­մու­­­թեան մը գո­­­յու­­­թիւն չու­­­նե­­­­­­­նալը, հա­­­մոզո­­­ւած է, որ դէպ­­­քը ոչ թէ դի­­­տումնա­­­ւոր ոճ­­­րա­­­­­­­գոր­­­ծութիւն է, այլ անզգու­­­շութեան հե­­­տեւան­­­քով կա­­­տարո­­­ւած մար­­­դասպա­­­նու­­­թիւն։

Նշենք որ դա­­­տարա­­­նը նա­­­խապէս բո­­­լորո­­­վին առ­­­կած ըլ­­­լա­­­­­­­լով ըն­­­դունած էր կա­­­տարո­­­ւածը եւ շատ աւե­­­լի նո­ւազ պա­­­տիժ տնօ­­­րինած։ Այդ ոճի­­­րին դէմ Պա­­­լըք­­­ճը ըն­­­տա­­­­­­­նիքի իրա­­­ւապաշտպան­­­նե­­­­­­­րը առար­­­կած էին եւ այդ առար­­­կութեան հի­­­ման վրայ դա­­­տավա­­­րու­­­թիւնը կրկնո­­­ւած եւ վճռո­­­ւած էր վե­­­րոն­­­շեալ ազա­­­տազրկումը։

agos.com.tr/am/hvotvadzi/23566/hradaraguyetsaw-tadavchiri-badcharapanutiwni

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail