Ժընեւ 20 Յուլիս 2015թ — Ութերորդ նստաշրջան:
Յարգելի նախագահ, նստաշրջանի իմ առաջին ելոյթի ընթացքին, թոյլատրեցէք ինծի շնորհաւորելու ձեզ, ութերորդ նստաշրջանի նախագահ ընտրուելու կապակցութեամբ:
Մենք կը պնդենք եւ կը հաստատենք, որ Բնիկ ժողովուրներու մշակութային ժառանգութիւնը իր մէջ ներառած է աւանդական կենսակերպի ինչպէս նիւթական, այնպէս ալ ոչ նիւթական աշխարհընկալումը, ինքնաբացահայտելը եւ ստեղծագործական ներուժը, եւ այդ իսկ պատճառով, այն պէտք է արժեւորուի որպէս իրենց ինքնորոշման արտայայտութիւն եւ որպէս արտայայտութիւն իրենց հոգեւոր եւ ֆիզիքական կապի մասին իրենց երկրի տարացքի եւ բնութեան հետ:
Այնուհանդերձ, Բնիկ ժողովուրդները ներկայիս կը բախուին երկու խնդիրներու:
Առաջինը, իրենց նիւթական մշակութային ժառանգութեան արագընթացի ոչնչացումն է, ըստ էութեան՝ սրբազան վայրերու, գերեզմաննոցներու ( օրինակ Ջուղայի գերեզմանատունի ), եկեղեցիներու եւ վանքերու ոչնչացումը: Մեր արխիւները կը հաշուեն 2538 եկեղեցիներ, 451 վանքեր եւ 1996 դպրոցներ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ:
Երկրորդը, իրենց նիւթական մշակութային ժառանգութեան արագգընթացը ու ապօրինի ուրացումն է եւ նոյնիսկ անոնց պատմական մշակութային ժառանգութիւն յայտարարելը, առանց ունենալու Բնիկ ժողովուրդի ազատ, նախնական եւ գիտակցուած համաձայնութիւնը, ինչպէս օրինակ այն դէպքերուն, երբ համաշխարհային մշակոյթային ժառանգութիւն յայտարարեցին ԼԱՒԱՇԻ պատրաստումը եւ կամ ՆԵՄՐՈՒԹ լեռը, կամ տիարպեքիրի ամրոցը: Այդ գործունէութիւնը եւ այդ վայրերը հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութիւնն էին թուրքական գաղութացումէ դեռ շատ առաջ:
Մենք կոչ կ՛ընենք ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ին չի մոռնալ այնպիսի պայմանագիրներու մասին, ինչպէս ՍԵՒՐԻ խաղաղութեան պայմանագիրը, ինչպէս նաեւ 1920 թուականի նախագահ Վուլտրո Վիլսոնի կայացուցած Իրաւարար վճիռը, առ այն, թուրքիայի հանրապետութեան անունով չի կարելի համաշխարհային ունեցուած համարել այն ամենը, որ նախօրօք արդէն կը պատկանի Արեւմտեան Հայաստանին:
Այնուհանդերձ, Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին հռչակագիրը, 8.1 յօդուածով կը յիշեցնէ այն մասին, որ Բնիկ ժողովուրներու եւ անոնց առանցին ներկայացուցիչները իրաւունք ունին չենթարկուելու բռնի ուրացման կամ իրենց մշակոյթի ոչնչացման: Այդ թիւով 10, 11, 12, 13 յօդուածներով որոնք պարունակում են ճշկրտումներ, որոնք կը ուժեղացնեն Բնիկ ժողովուրդներու նիւթական եւ ոչ նիւթական արժեքներու պաշտպանութիւնը:
Ահա թէ ինչու, Ջուղայի գերեզմաննոցի ոչնչացումը 2005 թուականի կը հանդիսանայ օրինազանցութիւն, նկարահանուած եւ դատապարտուած եւրոպական շրջանակներու կողմէ: Այդ հիմքերով Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը դատական հայց ներկայացուց Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան, որը մեզ պատասխանեց մերժումով՝ նշելով որ մենք նշեալ հանցագործութեան անմիջական տուժածներ չենք հանդիսանար:
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը արդէն տասը տարի է կը մասնակցի Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու ճանաչման եւ պաշտպանութեան պայքարին եւ կը ներկայացնէ ցեղասպանութիւն ապրած Բնիկ ժողովուրդի շահերը:
Մենք կը յայտարարենք որ անմիջական տուժածներ ենք, ինչպես նաեւ կը խնդրենք վէրջ տալ այն նուաստացուցիչ գործողութիւններու, որոնք կը հակադրեն մեզ հաւատալ, թէ մենք գոյութիւն չունինք որպես ժողովուրդ՝ ցեղասպանութեան պատճարով, ինչը որ վերապրեցին մեր ծնողները:
Այսքան տարիներու աշխատանքներէ ետք առաջին հիմնարար մօտեցումները պէտք է ըլլան ՄԱԿ-ի կողմէ ժողովուրներու, այդ թիւով Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի ճանաչումը որպէս բնիկներ, նպատակներու, սկզբունքներու ու փաստերու չափանիշներու համաձայն:
Մենք պատիւ ունինք տեղեկացներու ձեզ, որ հատուկ տեղեկագիր մը փոխանցեցինք պատկան մարմիններու, յայտարարութիւն՝ փոխհատուցման, վերականգման, հայրենադարձութեան եւ վնասներու հատուցման վերաբերեալ, կապուած հայերու ցեղասպանութեան հետ 1894են-1923 թուականերուն եւ նաեւ առնչութիւն ունեցող հետեւանքները Արեւմտեան Հայաստանի մէջ:
Պարոն նախագահ, շնորհակալութիւն ուշադրութեան համար:
Արմենակ Աբրահամեան
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի նախագահ