ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – «Հայ պետութիւն կարող էր լինել միայն Թուրքահայաստանում եւ յանկարծ, բոլորովին չսպասուած տեղից՝ մէջտեղը բսնում է ինչ-որ մի Հայաստանի Հանրապետութիւն՝ մարսելի՞ բան էր այդ»․․․
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Հայ պետութիւն կարող էր լինել միայն Թուրքահայաստանում եւ յանկարծ, բոլորովին չսպասուած տեղից՝ մէջտեղը բսնում է
ինչ-որ մի Հայաստանի Հանրապետութիւն՝ մարսելի՞ բան էր այդ»․․․
7 Փետրուար 2020
* Արեւմտահայերը, կամ՝ ինչպէս որ այդ ժամանակ ցաւալիօրէն յաճախ կ՚անուանուէին՝ գաղթականները, յաճախ կ՚արժանանային տեղւոյն բնակչութեան՝ արեւելահայերու ո՛չ այնքան բարեացակամ վերաբերմունքին։
Ծանր տնտեսական պայմաններու մէջ գտնուող Հայաստանի համար գաղթականներու հոծ զանգուածներուն տեղաւորելն ու կերակրելը իր ուժերէն վեր էր։
Արեւմտահայութիւնն իր հերթին կը համարէր, որ ժամանակաւորապէս է հաստատուած երկրի մէջ եւ առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային պիտի վերադառնար իր բնօրրանը։
Ինչպէս կը նշէր Ռուբէն Տէր-Մինասեան՝ «հիւրի» այս կարգավիճակը կը վիրաւորէր արեւմտահայերուն․-
«Եթէ չասենք թշնամական, պիտի ասել անվստահութիւն կար հայ ժողովրդի այդ երկու հատուածների միջեւ։
«…Պիտի նկատել, որ ռուսահայ մասսան տաճկահայերին կը համարէր եկուոր, գաղթական։ Նա կը կարծէր, թէ այդ մասսան՝ մօտ 200 հազար՝ միայն հիւր է իրենց երկրում։ Մի քանի վայրերում տաճկահայութիւնը բեռ կը համարուէր իրենց համար։
«Այդ հոգեբանութիւնը աննշմար չէր մնում տաճկահայերից, որոնց ինքնասիրութիւնը կը վիրաւորուէր։ Բացի այդ, տաճկահայը… այն գիտակցութիւնն ունէր, որ ձեռք բերուած ազատութիւնն ու անկախութիւնը իւր արիւնի գնով եւ իւր աշխատանքով է վաստակուած։ Նա նախանձով կը դիտէր Նոր Բայազէտի կամ Շիրակի ժողովուրդը, որի մէջ դեռ ազատութեան եւ անկախութեան գաղափարները չէին ամրապնդուած, ապահով եւ ազատ է, իսկ ինքը թափառական եւ արհամարհուած գաղթական կը համարուի» (Ռուբէն, «Հայ Յեղափոխականի մը յիշատակները», հ. 7, Երեւան, 1990թ.)։
* Սիմոն Վրացեանը նոյնպէս կ՚անդրադառնայ հայութեան երկու հատուածներու հակադրութիւններուն եւ 1919ի Փետրուարի համագումարը կը համարէ Հայաստանի կեանքի ամենակարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը։ Վրացեան կը գրէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը փորձէր վերացնել «հատուածական խնդիրը», սակայն հասկնալի է, որ մի քանի ամսուան մէջ անհնար էր լուծել խնդիրը, որ առաջացած էր դարերու ընթացքին.-
«Տասնեակ տարիներ հայ քաղաքական միտքը դաստիարակուել էր այն ուղղութեամբ, որ Հայաստանը այնտեղ էր, Բարթողեան լեռնաշղթայի միւս կողմը, հայկական հարց, Հայաստանի ինքնավարութիւն, հայ պետութիւն կարող էր լինել միայն Թուրքահայաստանում, եւ յանկարծ, բոլորովին չսպասուած տեղից՝ մէջտեղը բսնում է ինչ-որ մի Հայաստանի Հանրապետութիւն՝ մարսելի՞ բան էր այդ։ Յետոյ, այդ «Հանրապետութեան» մէջ դեռ շատ բաներ՝ օրէնքներից ու լեզուից սկսած մինչեւ ներքին կարգերը, մինչեւ հանրային կենցաղն ու բարքերը՝ ռուսի հոտ էր բուրում»,- կը գրէ Վրացեան։
* Հայ ժողովուրդի երկու հատուածներուն հակադրութիւնը ինքզինք զգացնել կու տար յատկապէս 1919ին, քանի որ Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը պէտք է աշխարհին ներկայացնէր միացեալ, ընդհանուր հայկական պահանջները։ Ռուբէն Տէր-Մինասեան կը գրէ, որ Բուլղարացի Գրիգորը առիթով մը ըսած էր, թէ «կը մնայ այն տեսակէտին վրայ, թէ այս Հայաստանը «Արարատեան Հանրապետութիւն» է, եւ աւելի վստահութիւն ցոյց կու տար Պօղոս Նուբար փաշայի պատուիրակութեան եւ նրա ձգտումներին, քան Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Դաշնակցութեան»։
* «Արեւմտահայոց համար Պօղոս Նուբար փաշա ա՛յն մարդն էր դիւանագիտական գետնի վրայ, ինչ որ Զօր. Անդրանիկն էր պատերազմի դաշտին մէջ։
«…1919թ. սկիզբները, Պոլսոյ գրաւման շրջանին, քաղաքի հայ աշակերտներու գլխարկներուն վրա ոսկի թելերով կը փայլէր Պօղոս Նուբարի անունը։ Ան գերագոյն յոյսն ու ապաւէնն էր թրքահայոց քաղաքական ըղձանքներուն եւ երազներուն»,- կը գրէ Անդրանիկ Չելեբեան («Զօրավար Անդրանիկ եւ Հայ Յեղափոխական Շարժումը. Կենսագրական ակնարկ», Երեւան, 1990):
* «Կառավարութեան եւ իմ կողմից ողջունում եմ համագումարը, որ վերջինն է լինելու, որովհետեւ հասել է այն օրը, երբ արեւմտահայ ու արեւելահայ հարցը պիտի վերանայ, միացեալ եւ մեծ Հայաստանի հիմնումով: Մենք մեր իղձերը չենք բաժանել տաճկահայերից: Այն սերունդը, որին ես եմ պատկանում, միշտ էլ երազել է մի՛ հայրենիքի գաղափարը: Այդ է ցոյց տալիս պատմութիւնը:
Դեռ երէկ էր, որ հողին յանձնեցինք Ռոստոմին եւ Արամին, որոնք տաճկահայ դատի պաշտպանն էին: Նրանց նման շատերն են զոհուել այդ ճանապարհին եւ այժմ, երբ իրականանում է այդ երազը, մերի եւ ձերի խնդիր չի կարող լինել: Ի սրտէ համագումարին յաջողություն եմ մաղթում» (Վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի բացման խօսքը՝ Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարին):
*
* *
Մինչեւ մեր օրերը լսելի կը մնան արձագանգները հայ քաղաքական միտքը խոցող մեծ բանավէճին, որ պաշտօնապէս հանդիսադրուեցաւ 99 տարի առաջ, Փետրուարի 6էն 13, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ գումարուած Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարի ընթացքին ու առիթով։
«Յուշատետր»ը անհրաժեշտ անդրադարձը կատարած է համագումարի կազմակերպման, անոր աշխատանքներուն, ընթացքին բռնկած բանավէճերուն, որդեգրած բանաձեւերուն ու ձեռնարկած քայլերուն մասին։
Բարի լոյս՝ մեր ժողովուրդի ՊԱՅԾԱՌԱՄԻՏ բոլոր ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ, որոնք ինչպէս հեռաւոր թէ մօտաւոր անցեալին, նոյնպէս եւ այսօր ու հետագային, հայոց հաւաքական կամքի գերագոյն լարումով յարատեւ կռուի կոչ կ՚ուղղեն՝
– յանուն մեր ժողովուրդի բոլոր հատուածներու համախմբումին ու միաւորումին՝ մէ՛կ ու միասնակա՛ն, ԱՄԲՈՂՋԱԿԱ՜Ն ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ պայքարի դաւանանքին շուրջ։ Ի վերջոյ ԲՌՆԱԿԱԼՆԵՐՈՒ ԲԻՐՏ ՈՒԺՈՎ բաժան-բաժան կոտորակուած են Հայաստանն ու հայութիւնը։
– ընդդէմ Հայաստանն ու հայութիւնը երկփեղկելու՝ Արեւմտահայաստանի եւ Արեւելահայաստանի, արեւմտահայու եւ արեւելահայու բաժնելու ամէն կարգի սադրանքներուն։ Ի վերջոյ հայ քաղաքական մտքի ներսէն եւս ԱՆՄԻՈՒԹԻՒՆ եւ ԱՆՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
սերմանած են ներքին ցեցերն ու վնասակար տարրերը՝ արտաքին թշնամիներուն առջեւ ջլատելով հայութեան միասնական ԾԱՌԱՑՈՒՄԻ ԿԱՄՔը։
Բարի լոյս՝ հազարամեակներու իր պատմութեան ընթացքին թէեւ միշտ ինկած, բայց ուշ կամ կանուխ վերստին յառնած եւ յանուն ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ու ՄԻՈՒԹԵԱՆ իր յաղթարշաւը յառաջ մղած անկոտրում հայութեան։
Բարի լոյս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մեր ՊԵՏԱԿԱՆ ՏԱՆ շուրջ բոլորուած, Արցախի ազատագրութեան միջազգային ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄին համար պայքարող, հայրենի ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ մէջ ինքզինք ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՂ, ազգային մեր լինելութեան նորօրեայ ՈՒԺԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՍԱՆՁԱԶԵՐԾՈՂ միասնական հայութեան։
Բարի լոյս՝ անցեալի երկփեղկումներու ԴԱՌՆ ԷՋԸ ՍՐԲԱԳՐԵԼՈՒ ուղղութեամբ ամէն օր քայլ մը աւելի յառաջ շարժելու յանձնառութեամբ եւ վճռականութեամբ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ