Րաֆֆի Տուտագլեան – ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔԸ՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՔՈՒԷՈՎ – ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔԸ՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՔՈՒԷՈՎ

Րաֆֆի Տուտագլեան – ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔԸ՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՔՈՒԷՈՎ – ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔԸ՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՔՈՒԷՈՎ

Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Րաֆֆի Տուտագլեան

07 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 –

2015-ին Հայաստանի երկրորդ նախագահը ոչ միայն համաձայն չէր նոր Սահմանադրութիւն որդեգրելուն, այլեւ այդ նոր Սահմանադրութեան ամենախիստ քննադատներէն մէկն էր։

Շատեր կողմ էին նոր Սահմանադրութեան (ներառեալ անձս) եւ դարձան անոր ջատագովը։ Հանրաքուէ որոշուեցաւ ու բոլորը գիտեն, որ արդիւնքները կեղծուեցան եւ այդ օրուան իշխանութիւնները եւ անոնց դաշնակիցները, ոտնակոխելով ժողովուրդի քուէն եւ արժանապատւութիւնը, կեղծուած ընտրութիւնը պարտադրեցին ամենաամօթալի միջոցներով։

Շատեր, ներառեալ անձս, այդ օրերուն բողոքեցինք ոչ թէ նոր Սահմանադրութեան, այլ կեղծուած հանրաքուէով Սահմանադրութիւնը պարտադրողներուն դէմ, զեղծումներուն դէմ։

Այսօր ոմանք սկսած են աղմուկ բարձրացնել, որ Սահմանադրութեան հանրաքուէ կազմակերպելու Ազգային ժողովի որոշումը Սահմանադրութեան խախտում է։ Ասոնցմէ շատեր լուռ էին, ականջ, աչք ու բերան փակած էին, երբ 2015-ին ամենակոպիտ խախտումներով հանրաքուէ տեղի ունեցաւ եւ նոր Սահմանադրութիւն պարտադրուեցաւ ամբողջ երկրի մը եւ ազգի մը։ Ատկէ աւելի մեծ խախտում կրնա՞ր տեղի ունենալ։

Հիմա որ ձայներնին բարձրացուցած խախտումներու մասին կը խօսին այսօրուան իրաւագէտ իմաստակները, ու՞ր էին անոնցմէ շատեր՝ մեծագոյն խախտումներու ժամանակ։ Հայաստանի բոլոր սահմանադրութիւններոււն համաձայն, երկրի իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին։ Ժողովուրդը իշխանութիւն կը ձեւաւորէ քուէարկութիւնով։ Եւ եթէ բռնաբարուի ժողովուրդի քուէարկութեան իրաւունքը, կը բռնաբարուի, ուրեմն, Սահմանադրութիւնը։

Անցնող բոլոր իշխանութիւնները օր ցերեկով բռնաբարած են Սահմանադրութիւններն ալ, ժողովուրդն ալ, ամէն անգամ երբ կեղծած են ընտրութիւններն ու հանրաքուէները։ Այսօրուան փոփոխութիւններու դէմ արտայայտուող իրաւաբանները լաւ կ՚ըլլայ, որ խօսին նաեւ այս մասին եւ ընդունին իրենց մեղքը՝ ժողովուրդի քուէարկութեան իրաւունքի բռնաբարման օրերուն, որպէսզի խօսելու եւ ճամարտակելու նուազագոյն credibility ունենան։

Իսկ հետաքրքրական է գիտնալ, որ եթէ խորհրդարանը՝ ժողովուրդը ներկայացնող մարմինը, հանրաքուէ առաջարկելու իրաւունք չունի, ապա որու՞ն կը պատկանի այդ իրաւունքը։ Նախկին իշխանութիւններու՞ն, որոնք 1995-էն 2015 երեք անգամ Սահմանադրական հանրաքուէ կազմակերպեցին, երեք հանրաքուէներն ալ՝ մէկը միւսէն աւելի խայտառակ։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Քանի մը օր է արդէն, նախկին իշխանութիւններու ջերմ պաշտպանը դարձած իրաւագէտները կը պնդեն, որ Ազգային ժողովը չի կրնար Սահմանադրութիւն փոխել։ Ասոր վրայ, երեւի, Ազգային ժողովը որոշեց հանրաքուէ կազմակերպել եւ հիմա այս իրաւագէտները կը պնդեն, որ հանրաքուէն եւս Սահմանադրութեան խախտում է։

Լաւ էլի, երեւի այս վերջին Սահմանադրութիւնը այնպէս գրուած է, որ միայն Հրայր Թովմասեանը իրաւունք ունի փոփոխութիւն կատարելու։ Իսկ Հրայր Թովմասեանն ալ շաբաթը մէկ Վենետիկի յանձնաժողովին կը դիմէ, գիտնալու համար, թէ ի՞նչ կ՚ըսէ Սահմանադրութիւնը: Մարդը ինքն իր գրածին ալ վստահ չէ։

Եւրոպացիներն ալ նամակներ կը գրեն գործադիրին, խրատներ կը բաշխեն աջ ու ձախ, առանց յստակ պատասխան մը տալու։

Գործադիրն ալ կը դիմէ Օրէնսդիրին, այս վերջինը՝ չէզոք նախագահին, չէզոք նախագահը՝ Հրայր Թովմասեանի Սահմանադրական դատարանին, Սահմանադրականը դատարանը՝ Եւրոպայի Վենետիկի Յանձնաժողովին, այս վերջինը՝ գործադիրին, գործադիրն ալ… եւ այսպէս շարունակ։

Փաստօրէն, Հայաստանի ամէնէն ձախող ու չկայացած ինստիտուտը՝ իրաւագիտութիւնն է, իրաւագէտներն ալ՝ սոբեստներու հաւաքածու, որոնցմէ ոչ կուտ, ոչ ալ կորկոտ դուրս կու գայ…

Ուրեմն, կը մնայ մէկ բան՝ ուղիղ ժողովրդավարութեան ճանապարհը։ Հարցերը կը դրուին քուէարկութեան, եւ ժողովուրդը ինք, իր ազատ ու արդար քուէով, կ՚որոշէ իր երկրի ճակատագիրը…

Րաֆֆի Տուտագլեան

ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ – Մենք Հայ ենք -ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ
Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail