ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – 6-13 Փետրուար 1919 – Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարը կեանքի կոչեց Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հանգանակը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
6-13 Փետրուար 1919.
Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարը կեանքի կոչեց
Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հանգանակը
Ն. Պէրպէրեան
Փետրուար 6ի օրը, 1919 թուականին, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, պաշտօնական ու հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարին, որ պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդի հետագայ հոլովոյթին հունաւորման մէջ։
Նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորման եւ հայոց անկախ պետականութեան արմատաւորման սկզբնական փուլն էր։ Ողբի, որբի եւ սովի պայմաններուն մէջ իր հայրենիքին անկախութիւնը նուաճած եւ հայոց ազգային պետականութիւնը վերականգնած հայ ժողովուրդի քաղաքական վերածնունդի ՊԱՀն էր։ Հայաստանն ու հայութիւնը «անձեւ քաոս»ի վիճակէն դուրս բերելու եւ ազգային-հասարակական ու պետական-իրաւական մարմինով ու նկարագրով օժտելու՝ միս ու ոսկոր կապելու եռանդուն, այլեւ դժուարին ոգորումի հանգրուանն էր։
Ազգային ինքնահաստատման ու պատասխանատուութեան այդ զգայուն պահուն իր աշխատանքները սկսաւ եւ, մինչեւ 13 Փետրուարի իր փակումը, հայ ժողովուրդի իրականութիւնը յուզող մեծ ու բարդ հարցերուն բուռն քննարկումը կատարեց եւ իր լուծումները առաջադրեց Արեւմտահայոց Համագումարը։
Արեւմտահայոց այս՝ Երկրո՛րդ Համագումարն էր, որ բիւրեղացուց եւ հռչակեց Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ազգային-քաղաքական հանգանակը՝ անոր իրագործման ուղղութեամբ անսակարկ, բոլո՛ր ուժերով նուիրուելու յանձնառութեան տակ դնելով թէ՛ ինքզինք, թէ՛ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները։
Համագումարը իր տեսակին մէջ երկրորդն էր։
Առաջինը տեղի ունեցած էր երկու տարի առաջ, 1917ի Մայիս 2էն 11, դարձեալ Երեւանի մէջ։ Առաջինն ալ գումարուած էր պատմական նոյնքան ծանրակշիռ պայմաններու մէջ եւ, աւելի՛ն, անհամեմատօրէն ջլատիչ՝ ընդհանուր յուսաբեկութեան մթնոլորտի մը մէջ։ Ռուս-թրքական ռազմաճակատին վրայ թէեւ պարտուած էր հայասպան պետութեան բանակը, բայց ցարական զօրքերու հրամանատարութիւնը ոչ միայն չուզեց քայլ մը եւս յառաջ երթալ, այլեւ որոշեց նահանջել դէպի 1878ի ռուս-թրքական սահմանագիծը՝ իր հետ գաղթի դատապարտելով, Կարինէն ու Սասունէն մինչեւ Վան, հարիւր-հազարաւոր հայութիւն։
Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած արեւմտահայութիւնը, այդպէ՛ս, ռուսական զօրքերու նահանջին հետ, արցունքը աչքերուն՝ գաղթականի ցուպով եւ ոտաբոպիկ, ակամայ պարպած էր Երկիրը ու որբի եւ սովի բազմութիւններով թափած էր Արարատեան Դաշտ ու Երեւան։
Արեւմտահայոց Առաջին Համագումարին մասնակցած էին արեւմտահայութեան բոլոր հատուածները ներկայացնող աւելի քան 66 պատգամաւորներ՝ առաւելաբար Դաշնակցութեան ղեկավարած հայ ազգային-ազատագրական շուրջ երեսնամեայ պայքարին մէջ թրծուած անուանի ֆետայիներու եւ գործիչներու գլխաւորութեամբ։
Նոյնինքն Անդրանիկ պատուոյ նախագահ ընտրուեցաւ Արեւմտահայոց Առաջին Համագումարին, որ իր աշխատանքները աւարտեց՝ ցեղասպան ոսոխին դէմ կուրծք ցցելու եւ մինչեւ վերջին շուրջ վերապրող Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան համար պայքարելու վճռական որոշումով։
Մանաւանդ որ թրքական ցեղասպան պետութիւնը, ռուսական զօրքերու նահանջէն քաջալերուած, կ՚արշաւէր Արեւելահայաստանի ուղղութեամբ՝ ամբողջացնելու համար Հայաստանի կործանման եւ հայ ժողովուրդի բնաջնջման համաթրքական իր երազին իրագործումը։
Արեւմտահայոց Առաջին Համագումարէն ետք, մինչեւ 1919ի Փետրուար 6ը, Հայաստանն ու հայութիւնը պատմական տարողութեամբ անկիւնադարձային հանգրուան նուաճեցին։ Եւ արդէն անկախ Հայաստանի մանուկ Հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ, արեւմտահայութիւնը վերստին ի մի եկաւ եւ գումարեց Ազգի ու Հայրենիքի հետագայ ուղին հունաւորելու, բայց մանաւանդ վերապրող հայութեան ընելիքը որոշելու կոչուած Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարը։
Երկրորդին ներկայ չեղան Ռոստոմի, Արամի եւ Անդրանիկի տարողութեամբ ղեկավար դէմքերը։ Ռոստոմ եւ Արամ նոր մահացած էին։ Իսկ Անդրանիկ քէնցած էր Հանրապետութեան կառավարութեան եւ հայրենիքի ազգային-քաղաքական կեանքը ղեկավարող երէկի իր դաշնակցական ընկերներէն, որոնցմէ շատերու հետ միասնաբար, կողք-կողքի, կռուած էին երկար տարիներ՝ թրքական անիրաւութեանց, խժդժութեանց եւ ջարդարարութեան դէմ։
Անդրանիկի բացակայութիւնը ախտանշաններէն մէկն էր աւելի ընդհանրական եւ խոր արմատ ունեցող ազգային-քաղաքական այն տարակարծութեան, որուն դէմ յանդիման գտնուեցաւ Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարը։
Հայաստանի Հանրապետութեան օրուան վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի կառավարութիւնն ու ատենի Հ.Յ.Դ. ղեկավարութիւնը ոչ մէկ ճիգ խնայեցին, որպէսզի Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարը ունենայ լայն ներկայացուցչական բնոյթ, ազատ արտայայտութեան բեմ դառնայ հայ քաղաքական բոլոր հոսանքներուն համար եւ, մանաւանդ, Հայաստանի ու հայութեան գերագոյն շահերուն պաշտպան կանգնելու նախանձախնդրութեամբ առաջնորդուի իր մէկ-շաբաթեայ աշխատանքներու ընթացքին։
Համագումարը նախապատրաստուեցաւ միջ-կուսակցական լայն խորհրդակցութիւններով, որոնք արդիւնաւորուեցան 1918 թուականի Դեկտեմբեր 19ին, երբ ի վերջոյ կեանքի կոչուեցաւ Համագումարի կազմակերպիչ միջ-կուսակցական մարմինը։ Կազմակերպիչ Մարմնի անդամներն էին՝ Գրիգոր Բուլղարացի, Սմբատ, Վ. Տէրոյեան, Ռ. Դրամբեան, Ա. Սասունի, Վ. Յոխիկեան, Յ. Մխիթարեան, Ա. Կիտուր եւ Ն. Պուռնութեան։
Համագումարի կազմակերպման ծախսերուն համար վարչապետ Քաջազնունիի կառավարութիւնը տրամադրեց 35 հազար ռուբլի։
Համագումարի բացման սկզբնական թուական ճշդուած էր 1919ի Յունուար 25ը, բայց ժամկէտը յարգելու դժուարութիւն ունեցող շրջաններու դիմումին ընդառաջելով՝ Կազմակերպիչ Մարմինը որոշեց 6 Փետրուար 1919ին կատարել Համագումարի պաշտօնական բացումը։
Փետրուար 4ին եւ 5ին, Կազմակերպիչ Մարմինը վերջնական ձեւի մէջ դրաւ Համագումարի օրակարգը, որ պիտի բաղկանար երեք մեծ գլուխներէ.-
Ա. Արեւմտեան Հայաստանի գաղթական հայութեան քաղաքական նպատակներու ձեւակերպումն ու արտայայտութիւնը։
Բ. Արեւմտեան Հայաստանի գաղթական հայութեան ներգաղթի խնդիրը եւ կազմակերպութիւնը։
Գ. Արեւմտեան Հայաստանի գաղթական հայութեան ներկայացուցչական ու հաշուեյարդարի մարմնի ընտրութիւնը։
Կազմակերպիչ Մարմինը նաեւ համաձայնութիւն գոյացուց ինչպէս Համագումարի նախագահութեան կազմին, նոյնպէս եւ յանձնախումբներուն ու զեկուցաբերներուն մասին։
Հաստատուեցան Համագումարի երեք նախագահները.- Գր. Բուլղարացի, Վ. Տէրոյեան եւ Վ. Քրմոյեան։ Նաեւ՝ երկու քարտուղարները.- Ա. Կիտուր եւ Յ. Վարդապետեան։ Կազմակերպիչ Մարմնի կողմէ քաղաքական զեկոյցը յանձնարարուեցաւ Բժ. Պոնափարթեանին։
Համագումարին պատգամաւորութիւնը կազմուեցաւ ժողովրդային քուէարկութեամբ։ 55 ընտրուած պատգամաւորներ մասնակցեցան Համագումարին։ Սիսիանի, Ղամարլուի եւ Դարալագեազի գաղթականները չկրցան կատարել իրենց պատգամաւորներու ընտրութիւնը, իսկ Ղարաքիլիսայի գաղթականութեան ընտրած պատգամաւորները չներկայացան Համագումարին։
Այդպէ՛ս, 6 Փետրուար 1919ին, Հայաստանի Խորհուրդի նիստերու սրահին մէջ կատարուեցաւ պաշտօնական բացումը Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարին, որուն բացման հանդիսութեան նախագահութիւնը վարեց Գր. Բուլղարացի։
Վարչապետ Յ. Քաջազնունի ողջոյնի պաշտօնական խօսքով ելոյթ ունեցաւ եւ յորդորեց Համագումարի մասնակիցները, որ յաղթահարեն հայութեան հատուածական բաժանումները եւ Համագումարէն դուրս գան միակամ ու վճռական։
Համագումարին մէջ տիրող հոսանքը նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման հրամայականը ամէն բանէ վեր դասելու եւ մնացեալ բոլոր նկատառումները անոր ստորադասելու ազգային-քաղաքական ուղղութիւնն էր։
Միայն հզօր Հայաստանի Հանրապետութեան կռուանով հայ ժողովուրդը կրնար ունենալ Արեւմտահայաստանը ազատագրելու եւ արեւմտահայութիւնը Երկիր վերադարձնելու իրա՛ւ յոյսը։
Համագումարին ներկայացուած էր նաեւ երկրորդ հոսանք մը, որ փոքրամասնութիւն կազմելով հանդերձ՝ կը ներշնչուէր Փարիզէն գործող Պօղոս Նուպար Փաշայի եւ անոր շուրջ խմբուած արեւմտահայ գործիչներու «Ծովէ Ծով Հայաստան»ի իրագործման ուղղութեամբ հայութեան ուժերը լարելու մտածողութենէն։
Քննարկումները եղան բուռն, հակադրութիւնները՝ սուր, բայց ի վերջոյ համագումարը յանգեցաւ այն եզրակացութեան, որ նոյնինքն Արեւմտահայաստանի վերատիրացման եւ աստանդական դարձած արեւմտահայութեան Երկիր վերադարձին համար կար մէկ ու միակ ուղի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումն էր Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան՝ հայրենիքի սահմաններուն ընդարձակումը Հայաստանի կառավարութեան առաջնային եւ աւագ պարտաւորութիւնը դարձնելով։
Այդպէ՛ս ալ եղաւ։
Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարէն ներշնչուած՝ կատարուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան փոփոխութիւն։ Ալ. Խատիսեանի վարչապետութեամբ կազմուեցաւ նոր կառավարութիւն, որուն անունով՝ վարչապետ Խատիսեան 28 Մայիս 1919ին պաշտօնապէս Հայաստանի Խորհրդարանին ներկայացուց Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի իրագործման ուղղութեամբ գործելու իր կառավարութեան անդառնալի յանձնառութիւնը։
Աւելի ուշ, աշնանամուտին՝ Սեպտեմբեր 1919ին, Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դաշնակցութեան Իններորդ Ընդհանուր ժողովը նաեւ ծրագրային ուժ տուաւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հանգանակին։
Այսպէ՛ս, 6 Փետրուար 1919ին բացուած Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարը փաստօրէն հունաւորեց հայ ժողովուրդի պատմական ձգտումներուն եւ ազգային գերագոյն շահերուն իրականացման հետագայ ուղին՝ ամբողջական Հայաստանի եւ ամբողջական հայութեան ազգային հանգանակը ամրագրելով։
Նկարները՝
Լքուած մեր հողերը՝ Մասիսի լանջին։
Երեւանեա՞ն փողոց՝ 1919ին
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ