Նախարար Զոհրապ Մնացականեան Եւրոպական Միութեան Դեսպաններուն Ներկայացուց Հայաստանի Բարեփոխումներու Գործընթացը
08 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան աւանդական հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավարին եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին համաշխարհային եւ շրջանային զարգացումներու պարունակին մէջ արդի մարտահրաւէրներու եւ անոնց դիմագրաւման վերաբերող հարցերու շուրջ:
Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան ծիրին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի կիրարկման հոլովոյթին:
Հայաստանի կառավարութեան զարգացման օրակարգին Եւրոպական Միութեան աջակցութեան շարունակականութեան պարունակին մէջ արտաքին գործոց նախարարը Եւրոպական Միութեան գործընկերներուն ներկայացուց երկրին մէջ իրականացուող լայնածաւալ բարեփոխումներու հոլովոյթը` ժողովրդավարութեան, իրաւունքի գերակայութեան ամրապնդման, անկախ դատաիրաւական համակարգի հաստատման, փտածութեան դէմ պայքարին վերաբերող:
Զոհրապ Մնացականեան ներկայացուց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումները:
www.aztagdaily.com/archives/464123