Հայերու Ներդրումը Պաքուի Մշակութային Կեանքէն Ներս (Ա)
07 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
Armenpress.am-ը ներկայացուցած է Լուսինէ Պօղոսեանի ծաւալուն ուսումնասիրութիւնը՝ «Հայերու ներդրումը Պաքուի մշակութային կեանքէն ներս» վերնագրով, որ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը՝ արեւմտահայերէնի վերածած՝ պիտի ներկայացնէ քանի մը բաժինով.
Աբշերոնեան թերակղզիին մէջ հայերը բնակութիւն հաստատած են դեռ վաղ միջնադարուն։ Միջնադարուն Պաքուն Աբշերոնի հարաւային մասը տեղակայուած բերդաւան էր, որ աստիճանաբար զարգանալով վերածուած է գիւղաքաղաքի, ապա՝ քաղաքի։ 19-րդ դ. երկրորդ կիսուն Պաքուն դարձած էր արդիւնաբերական եւ առեւտրական կեդրոն։ 1859 թ. քաղաքը հռչակուեցաւ նորաստեղծ Պաքուի նահանգի կեդրոն, որմէ ետք այստեղ սկսան իրականացուիլ մեծածաւալ կառուցապատման աշխատանքներ:
19-րդ դ. վերջին եւ 20-րդ դ. սկիզբը՝ Պաքուի մէջ մեծ քայլերով կը զարգանար քարիւղային արդիւնաբերութիւնը, ծովային առեւտուրը, կը բացուէին տարատեսակ ձեռնարկութիւններ։ Տնտեսական զարգացման զուգահեռ քաղաքին մէջ սկսած էր աշխուժանալ նաեւ մշակութային կեանքը, որուն մէջ մեծ դեր ունեցած է նաեւ Պաքուի հայկական համայնքը։
19-րդ դ. վերջի եւ 20-րդ դ. սկիզբի հայ ճարտարապետներու ներդրումը Պաքուի քաղաքաշինութեան գործին մէջ
Պաքուի հայկական համայնքը ոչ միայն մեծ ներդրում ունէր քաղաքի տնտեսութեան, այլեւ մշակութային կեանքին եւ քաղաքաշինութեան ոլորտին մէջ։ 1885-1915 թթ. ընթացքին Փեթերզպուրկի քաղաքացիական ճարտարապետներու կայսերական ուսումնարանին մէջ կրթութիւն ստացած 115 հայ երիտասարդ կը լրացնէ Անդրկովկասի մէջ ստեղծուած ճարտարապետական անձնակազմի բացը՝ ներգրաւուելով քաղաքաշինութեան տարբեր ոլորտներու մէջ։ Տնտեսական մեծ հեռանկարներ ունեցող Պաքուի մէջ հաստատուելով՝ վերոնշեալ ուսումնարանի շրջանաւարտ հայերը կը ներգրաւուին բազմաթիւ նախագիծերու մէջ։ Պաքուի մէջ գործունէութիւն ծաւալած հայ երիտասարդ ճարտարապետներէն առաւել յայտնի են Նիկոլայ (Նիկողայոս) Պաեւը, Վարդան Սարգսեանը, Յովհաննէս Տէր-Յովհաննիսեանցը։
Հայ ճարտարապետներու նախագիծերով կը կառուցուին մեծ թիւով բնակելի եւ հասարակական նշանակութեան շինութիւններ։ Վերոնշեալ երիտասարդներէն Ն. Պաեւը 1911-1918 թթ. եղած է Պաքուի գլխաւոր ճարտարապետ։ Իր ճարտարապետական իւրայատուկ ոճով ուշադրութիւն գրաւած է յատկապէս Ն. Պաեւի նախագիծով կառուցուած Մայիլովի թատրոնի շէնքը, ուր ներկայիս կը գործէ Ատրպէյճանի օփերայի եւ պալէի պետական ակադեմիական թատրոնը։ Ճարտարագիտական հետաքրքրական կառոյց է նաեւ անոր նախագծած Սապունչիի երկաթգծային կայարանի շէնքը։ Ն. Պաեւի նախագիծով նաեւ ստեղծուած է Պաքուի հայկական Էրմենիքենդ (Հայկաւան) թաղամասը։
Ն. Պաեւի նախագիծով կառուցուած նախկին Մայլիովի թատրոնի, ներկայիս՝ Ատրպէյճանի օփերայի եւ պալէի պետական ակադեմիական թատրոնի շէնքը
Հայ ճարտարապետները իրենց ներուժով ոչ միայն ստեղծած են հետաքրքրական ճարտարապետական լուծումներով շինութիւններ, այլեւ իրենց ձեռք բերած փորձը ներդրած են Ատրպէյճանի ԽՍՀ ճարտարապետներու տարբեր սերունդներ կրթելու գործին մէջ։ Այսպէս, Վ. Սարգսեանը ոչ միայն ներգրաւուած էր քարիւղագործներու աւաններուն մէջ բնակելի շինութիւններու նախագծման եւ կառուցման աշխատանքներուն մէջ, այլեւ կը կրթէր ատրպէյճանական ճարտարապետութեան նոր սերունդները՝ դասաւանդելով Պաքուի ճարտարագիտական համալսարանէն ներս։
Ճիշդ է, ժամանակի հայ ճարտարապետները մեծ մասամբ կրած են Ռուսիոյ մէջ տարածուած եւ զարգացած ճարտարաշինարարական ոճերու ազդեցութիւնը, այդուհանդերձ ստեղծած են նաեւ հայկական պատմական ճարտարապետական աւանդոյթներով նախագծուած շինութիւններ, մշակութային կոթողներ եւ այլն։ 1900թ. Գաբրիէլ Տէր-Միքէլեանը Պաքուի մէջ իր առաջին աշխատանքը՝ Իւզպաշեաններու երկյարկանի բնակելի տունը, ամբողջովին նախագծած է հայկական ոճով։
Ասոնք ընդամէնը օրինակներ են, որոնք ցոյց կու տան հայերու ներդրումը Պաքուի ճարտարապետական դէմքի ձեւաւորման գործին մէջ։ Պաքուի հայկական ճարտարապետական նմոյշներու շարքին մէջ կարեւոր տեղ ունին եկեղեցիները:
Հիմնական աղբիւրներ
Է. Տիգրանեան, «Հայ ճարտարապետների շինարարական գործունէութիւնը Անդրկովկասում 19-րդ դ. վերջ – 20-րդ դ. սկիզբ» http://lraber.asj-oa.am/4846/1/1987-9(30).pdf
Ա. Տէր-մինասեան, «Հայ Ճարտարապետների Դերը Բաքու Քաղաքի Ճարտարապետական Կերպարի Ստեղծման Գործում» http://armheritage.sci.am/rus-75.pdf
Ս. Կարապետեան, «Ադրբեջանը քաղաքակրթութիւնից դուրս»
http://www.ethno-kavkaz.narod.ru/rnazerbaijan.html
Գ. Ստեփանեան, «Համառօտ ակնարկ Բաքու քաղաքի հայկական եկեղեցիների պատմութեան», Հայոց պատմութեան հարցեր, Հ. 8։ Գիտ. յօդվ. ժող.
http://serials.flib.sci.am/openreader/hay_patm_harc_8/book/index.html#page/166/mode/2up
Գ. Ստեփանեան, Համառօտ Ակնարկ Բաքուի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցու Պատմութեան http://lraber.asj-oa.am/588/1/2009-3__45_.pdf
www.bakupages.com/enc-show.php?cmm_id=276&id=146913&c=1899&lang=ru
yerakouyn.com/2020/02/07/հայերու-ներդրումը-պաքուի-մշակութայի/