Հայերու Ներդրումը Պաքուի Մշակութային Կեանքին Մէջ (Բ) Հայերու Ներդրումը Պաքուի Մշակութային Կեանքին Մէջ (Բ)

1863-ին հիմնադրուած Պաքուի Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կը գտնուի քաղաքին կեդրոնը՝ Շատրուաններու հրապարակին մօտ՝ Նիզամի փողոցին վրայ

Հայերու Ներդրումը Պաքուի Մշակութային Կեանքին Մէջ (Բ) Հայերու Ներդրումը Պաքուի Մշակութային Կեանքին Մէջ (Բ)

10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

Armenpress.am-ը ներկայացուցած է Լուսինէ Պօղոսեանի ծաւալուն ուսումնասիրութիւնը՝ «Հայերու ներդրումը Պաքուի մշակութային կեանքէն ներս» վերնագրով, որ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը՝ արեւմտահայերէնի վերածած՝ պիտի ներկայացնէ քանի մը բաժինով.

Պաքուի հայկական եկեղեցիները

Հայաստանի բուն սահմաններէն դուրս գործող հայկական համայնքներու կեանքին մէջ եկեղեցին կը կատարէ ոչ միայն կրօնական, այլեւ ազգապահպան դեր, եւ, իբրեւ կանոն, գրեթէ բոլոր հայկական համայնքներուն մէջ կը գործեն առաքելական եկեղեցիներ:

Նախքան խորհրդային կարգերու հաստատումը Պաքու քաղաքին մէջ կը գործէր 5 հայկական եկեղեցի, որոնք տարբեր տարիներու դարձած են թաթարներու, ապա նոր ինքնութիւն որդեգրած ատրպէյճանցիներու վանտալիստական գործողութիւններու թիրախները։ Խորհրդայնացումէն ետք՝ ատրպէյճանական իշխանութիւնները իրենց հակահայկական գործողութիւնները կը սքօղէին ԽՍՀՄ իշխանութիւններու հակակրօնական քաղաքականութեան ներքոյ՝ տարբեր պատրուակներով հիմնովին կամ մասամբ քանդելով հայկական եկեղեցիները։ 1989-ի դրութեամբ Պաքուի մէջ կանգուն մնացած էր միայն 2 հայկական եկեղեցի՝ Սբ Աստուածածին եւ Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ: Այժմ պահպանուած է միայն Սբ. Գրիգոր Լուսաւորչի շէնքը՝ առանց խաչի՝ վերածուած գրապահոցի:

Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի

1863-ին հիմնադրուած Պաքուի Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կը գտնուի քաղաքին կեդրոնը՝ Շատրուաններու հրապարակին մօտ՝ Նիզամի փողոցին վրայ

1863-ին հիմնադրուած Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կը գտնուի քաղաքին կեդրոնը՝ Շատրուաններու հրապարակին մօտ՝ Նիզամի փողոցին վրայ։ Պաքուի մէջ հայերու 1990 Յունուարի զանգուածային ջարդերու նախօրէին ատրպէյճանցիներուն կողմէ վանտալութեան թիրախ դարձած են եկեղեցւոյ խաչն ու զանգակատունը, 1989 Դեկտեմբեր 25-ին ատրպէյճանցիները հրդեհած են եկեղեցին, որուն հետեւանքով այրած են արժէքաւոր գիրքեր, սրբապատկերներ եւ եկեղեցական ողջ գոյքը:

Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին դարձած է հակահայկական ալիքի թիրախ ոչ միայն 1990-ի ջարդերու, այլեւ՝ 1918-1920 թթ. հայ-թուրք/թաթարական կռիւներուն ժամանակ։ 1919 Յունիս 11-ին թուրք-թաթարական զօրքը շրջափակման մէջ վերցուցած էր եկեղեցին՝ այնտեղ զէնք-զինամթերք գտնելու նպատակով, իսկ չգտնելէ ետք՝ զինուորները հրացանազարկով վնասած էին եկեղեցւոյ պատերը։

Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ներայիս

1863-ին հիմնադրուած Պաքուի Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կը գտնուի քաղաքին կեդրոնը՝ Շատրուաններու հրապարակին մօտ՝ Նիզամի փողոցին վրայ

2001-ին Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ներառուած էր «Ատրպէյճանի տարածքին մէջ գտնուող պատմական յուշարձաններու ազգային գրանցամատեանի մէջ». Այս որոշումէն ընդամէնը մէկ տարի անց եկեղեցին վերածուած է գրապահոցի, որմէ ետք ներսը «վերանորոգման» աշխատանքներ եղած են. Ատրպէյճանի իշխանութիւնները հանած են եկեղեցւոյ գմբէթի եւ զանգակատան խաչերը, փայտեայ զարդաքանդակ դռները փոխարինած են երկաթեայ դռներով, պատած եկեղեցւոյ երկու պատուհանները, քերած հիւսիսային եւ հարաւային մուտքերու երկու կողմէն երիզուող զոյգ խաչքարերը, ջնջած հայերէն արձանագրութիւնները։ Այս ամէնը ատրպէյճանական քարոզչամեքենան կը քօղարկէ՝ տարածելով խեղաթիւրուած տեղեկութիւններ, իբր եկեղեցին երբեք չէ ծառայած հայկական համայնքին՝ իբրեւ եկեղեցի, այլ եղած է քաղաքական կեդրոն, ուր հակառուսական քարոզչութիւն վարած են:

Եկեղեցւոյ մէջ 90-ականներէն ետք հայկական աղօթք ու շարական հնչած է միայն 2010 Ապրիլին, երբ եկեղեցի այցելած էր հոգեւոր առաջնորդներու համաշխարհային գագաթնաժողովին մասնակցելու նպատակով Պաքու մեկնած Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ը։ 2019-ին կրկին Պաքուի մէջ իրականացուած 2-րդ գագաթնաժողովին՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը արդէն չէր մասնակցեր:

yerakouyn.com/2020/02/10/հայերու-ներդրումը-պաքուի-մշակութայի-2/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail