Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով 10 փետրուարին առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կ՛այցելէ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը
11 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով 10 փետրուարին առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կ՛այցելէ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը, որուն գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն անոր եղբայրը, Ալի պըն Հիւսէյնը, թագաւորին կրօնական ու մշակութային հարցերու խորհրդական եւ անձնական պատուիրակ Ղազի պըն Մոհամետը, Յորդանանի արտաքին գործոց եւ արտագաղթեալներու հարցերու նախարար Այման Սաֆատին, թագաւորի հաղորդակցութեան եւ համակարգման հարցերու խորհրդական Պիշեր Խասաւնեհը, արդիւնաբերութեան, առեւտուրի եւ մատակարարումներու նախարար Թարեք Համուրին:
Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ բարձրաստիճան հիւրերը դիմաւորուեցան Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի կողմէ:
Նշենք, որ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանն ու Յորդանանի թագաւորը հանդիպում ունեցած են ապրիլ 2019-ին Հայաստանի նախագահին Յորդանան տուած աշխատանքային այցելութեան ժամանակ, որուն ընթացքին վերջինը Յորդանանի թագաւորը հրաւիրեց Հայաստան:
www.aztagdaily.com/archives/464293