5 Ապրիլին Հայաստանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Հանրաքուէն

5 Ապրիլին Հայաստանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Հանրաքուէն

11 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ – Մենք Հայ ենք -ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ

Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ 6 փետրուար 2020-ին Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնելու մասին որոշման ընդունումէն եւ 7 փետրուարին Ազգային ժողովի նախագահին կողմէ զայն Հանրապետութեան նախագահին ներկայացնելէ ետք, ըստ սահմանադրութեան, Հանրապետութեան նախագահին գործառոյթները կը սահմանափակուին միայն հանրաքուէի օրը ճշդելով:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ 9 փետրուարին Հանրապետութեան նախագահը, ղեկավարուելով Սահմանադրութեան 206-րդ յօդուածով, ստորագրած է հրամանագիր Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն 5 ապրիլին կազմակերպելու վերաբերեալ:

Հրամանագիրին մէջ նշուեցաւ. «Ղեկավարուելով Սահմանադրութեան 206-րդ յօդուածով, ինչպէս նաեւ «Հանրաքուէի մասին» սահմանադրական օրէնքի 12-րդ յօդուածի առաջին մասով եւ հիմք ընդունելով Ազգային ժողովի 2020 թուականի փետրուարի 6-ի «Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւնների նախագիծը Հանրաքուէի դնելու մասին» ԱԺՈ-001-Ն որոշումը.

«1. Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն նշանակել 5 ապրիլ 2020-ին:

«2. Սոյն հրամանագիրը ուժի մէջ կը մտնէ պաշտօնական հրապարակման յաջորդող օրը»:

10 փետրուարին հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմը հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անհրաժեշտ նկատեց մամուլին մէջ տեղ գտած հրապարակումներուն եւ ընթացող քննարկումներուն լոյսին տակ պարզաբանում տալ Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած «Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնելու մասին» որոշման առնչութեամբ Հանրապետութեան նախագահի գործառոյթներուն մասին` «հետագայ շահարկումներէ, հակասական մեկնաբանութիւններէ եւ թիւրըմբռնումէ խուսափելու նպատակով»:

Ըստ պարզաբանումին` հանրապետութեան նախագահին ներկայացուած փաստաթուղթը օրէնքի նախագիծ չէ, օրէնք չէ, այլ Ազգային ժողովին կողմէ 6 փետրուարին ընդունուած եւ Սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնելու վերաբերող որոշում, որ հրապարակուած է Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքին մէջ:

«Վերոնշեալ որոշումին առնչութեամբ Հանրապետութեան նախագահի սահմանադրական գործառոյթները ընթացակարգային են եւ կը սահմանափակուին միմիայն ու բացառապէս, Սահմանադրութեան 206-րդ յօդուածի համաձայն, եռօրեայ ժամկէտով Հանրաքուէի օր նշանակելու մասին հրամանագիր ստորագրելով:

«Ընդ որում, համաձայն «Հանրաքուէի մասին» սահմանադրական օրէնքի 12-րդ յօդուածին, Հանրապետութեան նախագահին կողմէ վերոնշեալ եռօրեայ ժամկէտի ընթացքին հանրաքուէ չնշանակուելու պարագային հանրաքուէն կը նկատուի նշանակուած` սահմանուած ժամկէտի վերջին օրուան յաջորդող 65-րդ օրուան նախորդող կիրակի օրը:

«Հարկ կը նկատենք նշել նաեւ, որ հանրաքուէի օր նշանակելով կամ չնշանակելով, Հանրապետութեան նախագահը չ՛արտայայտեր իր վերաբերմունքն ու դիրքորոշումը Ազգային ժողովի կողմէ ընդունուած եւ հանրաքուէի դրուելիք Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու բովանդակութեան, ինչպէս նաեւ այդ որոշումի կայացման ընթացակարգերու վերաբերեալ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ – Մենք Հայ ենք – ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ

www.aztagdaily.com/archives/464291

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail