Սուրիոյ Բանակը Սուրիոյ Դրօշը Բարձրացուց Հալէպ-Դամասկոս Ճամբուն Վրայ
11 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Չաւուշօղլու. «Հարկ Եղածը Պիտի Ընենք, Եթէ Սուրիոյ Բանակը Շարունակէ Յարձակումները»
Սուրիոյ բանակը ազատագրեց Հալէպ քաղաքի արեւմուտքը գտնուող Ռաշիտին Արպահայի հարաւ արեւմուտքը գտնուող Քլարիա գիւղը եւ մուտք գործեց Պարքօ գիւղ` մօտենալով Հալէպ-Դամասկոս մայրուղիին Թալ Իսայի կողմէ անվտանգութեան ապահովման:
Այս մասին հաղորդեց «Մայատին»-ը, որ աւելի ուշ աւելցուց, թէ սուրիացի զինուորներ իրենց երկիրին դրօշը բարձրացուցած են նշեալ ճամբուն Թուրքիոյ հետ Պապ Հաուա սահմանային անցք տանող քառուղիին վրայ:
Սուրիոյ բանակը նաեւ իր վերահսկողութեան տակ առած է մայրուղիին վրայ գտնուող Զարպա գիւղը:
Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ զինեալ ուժերը շարունակած են Իտլիպի եւ Հալէպի մէջ իրենց յառաջխաղացքը` վնասազերծելու համար ահաբեկչական խմբաւորումները, որոնք քաղաքայիններուն դէմ իրենց յարձակումները աւելցուցած են:
Զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ Սուրիոյ զինեալ ուժերը ձեռքբերումներ արձանագրած են, եւ իրարու միացած են Իտլիպի արեւելեան գիւղական շրջանին ու Հալէպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ յառաջացող ուժերը:
Միւս կողմէ` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նշեց. «Ռուսիոյ յայտնեցինք, որ հարկ եղածը պիտի ընենք, եթէ սուրիական վարչակարգը շարունակէ իր յարձակումները, եւ ներկայ քննարկումներուն ընթացքին արդիւնքի չհասնինք:
«Վերսկսանք ռուսական կողմին հետ Իտլիպի հարցին շուրջ փոխհասկացողութեան գոյացման բանակցութիւններուն, եւ նոյնիսկ եթէ ատիկա (փոխհասկացողութիւն «Ա.») տեղի չունենայ, երկու երկիրներուն նախագահները կրնան հանդիպիլ»:
Թուրք պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ»-ի յայտնեցին, որ Սուրիոյ բանակը յարձակում կը գործէ Թաֆթանալի մէջ թրքական հսկողութեան տակ եղող կէտի մը վրայ, եւ թրքական բանակը կը հակադարձէ: Շատ չանցած, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ սուրիական բանակի կողմէ ռմբակոծման պատճառով սպաննուած են 5 թուրք զինուորներ, եւ 5 ուրիշներ վիրաւորուած են:
www.aztagdaily.com/archives/464326