Յորդանանի Ապտալլա Բ. Թագաւորը Հանդիպումներ Ունեցաւ Հայաստանի Նախագահին, Վարչապետին Եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Հետ
12 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
այաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ 11 փետրուարին տեղի ունեցաւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան տարբեր ոլորտներու մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան ներուժին առնչուած հարցեր, յատկապէս` զբօսաշրջութեան, կրթութեան եւ գիտութեան, արհեստագիտութիւններու, անվտանգութեան, գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ արդէն իսկ գործող ուսանողներու փոխանակման ծրագիրի ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ ուղիղ օդային թռիչքի բացումը երկու երկիրներու մայրաքաղաքներուն` Երեւանի եւ Ամմանի միջեւ:
Նախագահը նաեւ հաստատեց, որ Յորդանանի թագաւորին Հայաստան այցելութիւնը պատմական է. «Ես կը կարծեմ, թէ ասիկա պատմական այցելութիւն է ոչ միայն այն իմաստով, որ թագաւորը առաջին անգամն է, որ Հայաստան կ՛այցելէ, այլ նաեւ այն առումով, որ երկու երկիրներու, ժողովուրդներու բարեկամութիւնը հարիւրամեակներու, թերեւս հազարամեակներու պատմութիւն ունի: Ասիկա ինծի համար լաւ առիթ է իբրեւ հայ իմ երախտագիտութիւնս յայտնելու ձեր ժողովուրդին եւ ձեր ընտանիքին, որովհետեւ մենք բոլորս կը յիշենք, որ ձեր հօր մեծ հայրը 100 տարի առաջ արաբական աշխարհին ուղերձ յղեց` խնդրելով ապաստան տալ այն հայերուն, որոնք փրկուած էին Ցեղասպանութենէն: Կ՛ուզեմ խոնարհիլ ձեր ընտանիքին եւ ձեր նախնիներուն առջեւ, նաեւ կը փափաքիմ մեր ժողովուրդին կողմէ ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել», ըսաւ Արմէն Սարգսեան:
Նախագահը նաեւ լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ երկու երկիրներուն ժողովուրդները հին են, անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ քրիստոնէութիւնն ու իսլամութիւնը, բայց եւ այնպէս անոնք ոչ միայն լաւ յարաբերութիւններու մէջ են, այլ միասին շատ բան ընելու կարողականութիւն ու պատրաստակամութիւն ունին: Նախագահ Սարգսեան վստահութիւն յայտնեց, որ այն ներուժը, որուն ապագային կրնան հասնիլ երկու երկիրները, շատ աւելի մեծ պիտի ըլլայ, քան է այժմ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սարգսեան բարձրացուց Հայաստանի քաղաքացիներուն համար Յորդանան մուտքի արտօնագրային դրութեան վերացման, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ կրկնակի հարկումը բացառելու մասին պայմանագիրի ստորագրութեան հարցը:
Յորդանանի թագաւորը իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ երկու երկիրները կամրջուած են լաւ բարեկամութեամբ եւ պատմութեամբ` աւելցնելով, որ մեծ յարգանք կը տածեն ամէնէն հին քրիստոնեայ եկեղեցւոյ նկատմամբ, որ նաեւ ներկայութիւն է Յորդանանի մէջ` անցեալին, ներկայիս եւ ապագային:
«Մեր երկիրները եւ ժողովուրդները իրենց ուրոյն տեղը ունին ժամանակակից աշխարհին մէջ` մնալով հաւատարիմ իրենց ինքնութեան, մշակոյթին եւ հաւատքին: Յորդանանը, ինչպէս Հայաստանը, իր մարդկային դրամագլուխը վերածեց դէպի զարգացում տանող հիմնական շարժիչ ուժի: Մեր երկիրները համագործակցութենէն քաղելու շատ բան ունին, որպէսզի գործնականացնեն այս շատ խոստմնալից ներուժը», նշեց Յորդանանի թագաւորը:
Յորդանանի թագաւորը ընդգծեց, որ հազարաւոր յորդանանցիներ արմատներով Հայաստանէն են, նաեւ անոնք տարբեր երկիրներու մէջ պատիւ կը բերեն եւ կենսական դերակատարութիւն ունին արուեստի, կրթութեան, հանրային ծառայութեան, գործարարութեան եւ բազմաթիւ այլ ոլորտներու մէջ: «Անոնք կը հանդիսանան այն հենքը, որուն վրայ մեր բարեկամութիւնը կը շարունակէ զարգանալ», դիտել տուաւ ան:
Հանդիպում Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին Հետ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեսակցեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ` հաստատելով, որ այս այցելութիւնը պատմական բնոյթ կը կրէ եւ առիթ է տարբեր հարցերու քննարկման:
«Յորդանանի հետ յարաբերութիւնները մեզի համար շատ կարեւոր են, քանի որ ընդհանուր առմամբ` Միջին Արեւելքը եւ ձեր երկիրը մենք կը տեսնենք իբրեւ ռազմավարական գործընկերութեան ուղղութիւն: Ես շատ ուրախ եմ, որ մեր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կ՛աշխուժանան: Մենք արդէն յստակ արդիւնքներ ունինք, նաեւ` քանի մը առանձնայատուկ ուղղութիւններ, որոնք երկկողմանի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն: Ես նաեւ ուրախ եմ, որ ձեզի կ՛ընկերակցի գործարարներու պատուիրակութիւն մը: Կ՛ուզեմ շեշտել, որ մեր ժողովուրդը շատ դրական պատմական յիշողութիւն ունի ձեր երկրին կապուած, քանի որ ձեր երկիրը, ձեր ժողովուրդը մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած է Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածներուն նկատմամբ, եւ այս փաստը աւելի կը ջերմացնէ մեր վերաբերմունքը Յորդանանի եւ անոր ժողովուրդին նկատմամբ», շեշտեց Փաշինեան:
Ապտալլա Բ. թագաւոր յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ առանձնայատուկ բարեկամութիւնը, որ աւելի պայծառ եւ ջերմութեամբ շարունակուելու տուեալները ունի:
Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին հայ-յորդանանեան տնտեսական եւ մարդասիրական յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող շարք մը հարցեր:
Վարչապետ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ ներկայիս տնտեսութիւնը ունի զարգացման լաւ միտումներ, եւ ստեղծուած է բարենպաստ տնտեսական միջավայր` դիտել տալով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը շահագրգռուած է յորդանանեան գործարարութեան եւ դրամագլուխի ներգրաւմամբ` շեշտելով, որ փոխգործակցութեան լաւ հեռանկարներ առկայ են տնտեսութեան տարբեր ճիւղերուն մէջ: Անոր համաձայն, Հայաստան նաեւ յորդանանցի գործարարներուն համար կրնայ ծառայել իբրեւ մուտք դէպի Եւրասիական տնտեսական միութիւն:
Ապտալլա Բ. թագաւորը յայտնեց, որ իր երկրի կառավարութիւնը եւս շահագրգիռ է Հայաստանի հետ առեւտրական-տնտեսական կապերու զարգացմամբ, ու իրենք հետաքրքրուած են զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ այլ մարզերու մէջ համագործակցութեամբ:
Երկկողմանի յարաբերութիւններուն նոր ազդակ հաղորդելու պարունակին մէջ կողմերը կարեւոր նկատեցին նաեւ վիզային դրութեան դիւրացման ուղղութեամբ միացեալ աշխատանքներու իրականացումը:
Հայաստանի վարչապետը եւ Յորդանանի թագաւորը միտքեր փոխանակեցին նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վերաբերեալ: Կողմերը անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային գործընթացին եւ ընդգծեցին հարցը բանակցութեամբ լուծելու կարեւորութիւնը:
Հանդիպում Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Հետ
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ 11 փետրուարին հիւրընկալեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Բ.-ը:
Ողջունելով Յորդանանի թագաւորին այցելութիւնը Հայաստան եւ Ս. Էջմիածին` վեհափառը յոյս յայտնած է, որ անիկա աւելի պիտի զօրացնէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները` նպաստելով հետագայ սերտ գործակցութեան:
Զրոյցին ընթացքին վեհափառը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ժողովուրդի զաւակները կրցած են վերագտնել իրենց բնականոն կեանքը Յորդանանի մէջ` գալիքին հանդէպ յոյսով ու լաւատեսութեամբ իրենց օգտաշատ ներդրումը բերելով երկրի յառաջընթացին:
Իր կարգին, Ապտալլա Բ. թագաւորը ուրախութիւն յայտնեց հանդիպումին առիթով` խօսելով մասնաւորաբար քրիստոնեայ ու իսլամ ժողովուրդներու փոխյարաբերութիւններուն եւ այդ առնչութեամբ իր նախնիներուն դաւանած համոզումներուն մասին:
Անդրադառնալով հայ համայնքի կարեւոր դերակատարութեան Յորդանանի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ` թագաւորը յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի հետ կապերու զարգացումով պիտի զօրանայ նաեւ Յորդանանի հայ համայնքը: Յորդանանի թագաւորը վերահաստատեց նաեւ իր պատրաստակամութիւնը` շարունակելու զօրակցութիւնը հայոց եկեղեցւոյ եւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան:
aztagdaily.com/archives/464463