17 Փետրուարին Պիտի Սկսի Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Հանրաքուէի Քարոզարշաւը
12 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հաստատեց 5 ապրիլին տեղի ունենալիք Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի կազմակերպման եւ կայացման հիմնական միջոցառումներու ժամանակացոյցը, որուն համաձայն, Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի նախընտրական քարոզարշաւը պիտի սկսի 17 փետրուարին:
«Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին ներկայացուած է որոշում` հիմք ընդունելով նախագահին հրամանագիրը` Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն 5 ապրիլին կայացնելու վերաբերող: Ընտրական օրէնսգիրքի ու հանրաքուէի մասին օրէնքին համաձայն, մշակուած է ժամանակացոյց: Համաձայն հանրաքուէի մասին օրէնքին, հանրաքուէի քարոզչութիւնը կը սկսի հանրաքուէ նշանակելու մասին նախագահի հրամանագիրի պաշտօնական հրապարակումէն ետք 7-րդ օրը եւ կ՛աւարտի հանրաքուէէն մէկ օր առաջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ նախընտրական քարոզչութեան փուլը կը սկսի 17 փետրուարէն», բացատրեց յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան:
www.aztagdaily.com/archives/464462