Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Ընթացքին. Ապպաս. «Դարու Գործարք»-ը Պիտի Չընդունինք Եւ Գետնի Վրայ Դէմ Պիտի Դնենք Անոր Գործադրութեան»
12 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` ճնշում բանեցնելու իսրայէլեան կառավարութեան վրայ, որպէսզի դադրեցնէ իր բռնագրաւումի արարքները:
Նշելէ ետք, թէ քաղաքական լուծումը առաջնահերթ է, Ապպաս յայտարարեց, որ կը մերժէ «քաղաքական լուծումը փոխանակել տնտեսական օժանդակութիւններուն հետ»:
Ան իր խօսքը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին ուղղելով` ըսաւ. «Ամերիկեան ծրագիրը չի կրնար խաղաղութիւն ու անվտանգութիւն իրագործել, որովհետեւ ջնջեց միջազգային օրինականութեան բոլոր որոշումները:
«Ինծի չառաջարկուեցաւ բան մը, որ միջազգային օրինականութեան հիմամբ նուազագոյն արդարութիւնը կ՛ապահովէ», դիտել տուաւ ան:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը շեշտեց, որ պիտի չընդունին այս գործարքը եւ գետնի վրայ ատոր գործադրութեան դէմ պիտի դնեն` կոչ ուղղելով «զայն չօգտագործելու իբրեւ բանակցութեան հիմք, որովհետեւ անիկա ստեղծուած է պաղեստինեան դատին վերջ տալու համար»:
Նշենք, որ Թունուզ եւ Ինտոնեզիան, որոնք Ապահովութեան խորհուրդի անդամներ են, պատրաստած են Ապահովութեան խորհուրդի որոշումի նախագիծ մը, որ յանուն պաղեստինցիներուն կը պահանջէ դատապարտել «Թրամփի խաղաղութեան ծրագիրը»:
www.aztagdaily.com/archives/464481