Էրտողան. «Սուրիոյ Կառավարութիւնը Շատ Սուղ Գին Պիտի Վճարէ». Թուրքիան Պիտի Յայտարարէ Իտլիպի Մէջ Իր Որդեգրելիք Քայլերուն Մասին

Էրտողան Սպառնացած Է Ճանչնալ Ամերիկացիներու Կողմէ Կարմիր Հնդիկներու «Ցեղասպանութիւն»-ը. ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման

Էրտողան. «Սուրիոյ Կառավարութիւնը Շատ Սուղ Գին Պիտի Վճարէ». Թուրքիան Պիտի Յայտարարէ Իտլիպի Մէջ Իր Որդեգրելիք Քայլերուն Մասին

12 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

«««Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում»»»

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, թէ սուրիական կառավարութիւնը «սուղ գին պիտի վճարէ» թուրք զինուորներուն վրայ իր կատարած յարձակումին համար, որուն պատճառով թրքական բանակին մէջ 5 զոհ եւ 5 վիրաւոր արձանագրուեցաւ:

«Երէկ սուրիական կառավարութիւնը ուժեղ պատասխան մը ստացաւ: Պիտի շարունակենք այս ընթացքը: Անոնք սուղ գին պիտի վճարեն: Թուրքիոյ յաւելեալ քայլերուն մասին պիտի յայտնեմ վաղը խորհրդարանական նիստին ընթացքին», ըսաւ Էրտողան:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը մէկ օր առաջ հաղորդած էր, թէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ սուրիական բանակին կողմէ ռմբակոծման պատճառով սպաննուած են 5 թուրք զինուորներ, եւ 5 ուրիշներ վիրաւորուած են` աւելցնելով, որ թրքական ուժերը հակադարձելով հարուածած են սուրիական կառավարութեան 115 թիրախներ, քանդելով անոնցմէ 101-ը: Թուրք պաշտօնատարներ իրենց կարգին «Ռոյթըրզ»-ի յայտնած էին, թէ Սուրիոյ բանակը յարձակում գործած է Թաֆթանազի մէջ` թրքական հսկողութեան կէտի մը վրայ:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած էր` Իտլիպի եւ Հալէպի գիւղական շրջանին մէջ յաւելեալ ուժեր տեղակայելու Թուրքիոյ քայլին նկատմամբ կեցուածք որդեգրելու:

ARMENIAN GENOCIDE – DENIAL IS THE LAST ACT OF A GENOCIDE

Մինչ այդ, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ զինեալ ուժերը, ռուսական աջակցութեամբ, շաբաթներ տեւած զինուորական լայնածաւալ յարձակումէ մը ետք 8 տարուան մէջ առաջին անգամն ըլլալով ամբողջութեամբ իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Հալէպ-Դամասկոս ճամբան:

«Սփութնիք» հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը ահաբեկչական ուժերուն կողմէ անակնկալ յարձակումէ մը ետք, կարճ ժամանակով նահանջելէ ետք, վերատիրացած է Իտլիպի նահանգի Նայրապ գիւղին: Բանակը նահանջելէ մէկ ժամ ետք, հակայարձակումի դիմելով սկսած է վերականգնել գիւղին վրայ իրենց վերահսկողութիւնը:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ատկէ առաջ յայտնած էր, թէ Սուրիոյ բանակը լքած է գիւղը եւ կորսնցուցած ուղղաթիռ մը, որուն օդաչուները մահացած են, երբ ուղղաթիռը Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն հետ բախումներուն ընթացքին վար առնուած է:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց. «Պէտք է դադրեցնել սուրիական եւ ռուսական ուժերուն դէմ բոլոր ահաբեկչական յարձակումները»:

«Փութին եւ Էրտողան մտադիր չեն Իտլիպի մէջ կացութեան վատթարացման հարցին շուրջ հանդիպում ունենալու», աւելցուց ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Սուրիական բանակին կողմէ Իտլիպի շրջանին մէջ թրքական ուժերուն վրայ յարձակումները բոլոր սահմանները կը շրջանցեն»` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն կ՛աջակցի Թուրքիոյ` ՕԹԱՆ-ի մէջ իր դաշնակիցին:

ARMENIAN GENOCIDE – genocide erzeroum 1895

www.aztagdaily.com/archives/464480

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail