ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ – Հայախօսութեան Եւ Հայերէնագրութեան Ռազմավարութեան Եւ Մարտավարութեան Ի Խնդիր
12 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ԿԻԶԱԿԷՏ:
Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ) հայախօսութեան եւ հայերէնագրութեան նահանջի եւ կորուստի սպառնալիքի ենթակայ են, որ կը նշանակէ, ժամանակի գիծին վրայ տեղ մը հայերէնը տեսնել որպէս մեռեալ լեզու:
Հարցը կայ, անտեղեակ չեղող չկայ: Բայց ի՞նչ կ՛ընենք, հայաշխարհի մեծեր եւ պզտիկներ, հռչակաւորներ եւ շարքայիններ, երբ մեր կուրծքերը կ՛ուռեցնենք ըսելով, որ «մենք համաշխարհային ազգ ենք»:
Լեզու մը երբ չի խօսուիր, չի գրուիր եւ չի կարդացուիր, կը մեռնի, կը դադրի կենդանի լեզու ըլլալէ: Տարուած առօրեայով, հաւաքականութիւններ կան, որոնք չեն անդրադառնար, որ լեզուն կը նահանջէ, բազմաթիւ ազդակներ կը մաշեցնեն եւ կը կրծեն լեզուն: Այսպէս է մեր ժողովուրդի պարագան: Այս մտահոգութիւնը լաւ ապրելու իրաւունք նուաճելէ տարբեր որակ է:
Ի հարկէ, այս վտանգը յատուկ է արմատախիլ հաւաքականութիւններուն, մեծ ամբողջի մը մէջ գտնուող եւ տիրող մշակոյթի ազդեցութեան ենթակայ փոքրամասնութիւններուն, քաղաքական եւ տնտեսական տիրապետութեան տակ գտնուող ժողովուրդներուն: Այս է մեր ժողովուրդի կացութիւնը, երեք միլիոն կամ տասը միլիոն:
ՍՓԻՒՌՔ(ՆԵՐ)Ը
Եթէ առարկայական մօտեցում ունենանք Սփիւռք(ներ)ի հայերէնի կացութեան, պիտի նկատենք, որ խաբկանք մը կայ, մանրուքներով կը խանդավառուինք: Կը խորհինք, որ հայերէնը կը խօսուի եւ կը գրուի, ուրեմն կայ որպէս կենդանի լեզու: Հարց կու տա՞նք, թէ որոնք են խօսողները եւ գրողները, պատասխանը թէեւ անակնկալ չ՛ըլլար, բայց իրատես-յոռետես կը դարձնէ: Արդարեւ, հայերէն խօսողները եւ գրողները երէցներն էին, թէեւ այդ երէցներու սերունդը արդէն կը փոխուի, փոխուած է: Ներկայիս արդէն երէց են երէկի նորերը եւ անոնց ո՞ր բացառիկ տոկոսը հայերէն կը խօսի եւ կը գրէ: Յաջորդնե՞րը… Եւ ինչպիսի՞ հայերէն…
Փոքրամասնութիւն մը, որպէս վերջին պահակագունդ, կը պահէ խօսուող եւ գրուող հայերէնը:
Եթէ միայն վիճակագրական տուեալներ կարենայինք կազմել, կացութիւնը ճիշդ կը գնահատէինք եւ կը տեսնէինք, որ Սփիւռք(ներ)ի հայերէնի շուրջ օղակը կը սեղմուի: Վտանգին դիմաց, երկու տարբեր վերաբերում կը ճշդենք. կը շարունակենք լեզուն պահել սեղմուող շրջանակի մէջ, նոյնիսկ աղքատացած վիճակով, կամ կ՛եզրակացնենք, որ լեզուն հաղորդակցական միջոց է եւ պէտք է օգտագործել ընդունուած եւ մատչելի լեզուն, եւ հայերէնը, գործնապաշտական պատճառաբանութեամբ, կը փոխարինենք շրջապատի լեզուով:
Եւ հայերէնը կը մտնէ մեռեալ լեզու դառնալու ընթացքի մէջ, նոյնիսկ երբ շարունակուին հայերէն թերթի եւ գիրքի հրատարակութիւնը եւ խրախճանքներու ընթացքին հնչող հայերէն երգերը:
Կը տնտեսենք հայերէնի դանդաղ-արագ մահը, ինքնահաստատում փնտռելով այլ ճակատներու վրայ. տեղական ընկերաքաղաքական կեանքին մասնակցութիւն եւ դիրքի ձեռքբերում, Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ Հայաստանի օգնութիւն:
Այս է Սփիւռք(ներ)ի անհաճոյակատար պատկերը:
Մխիթարութեան ճանապարհ մը գտած ենք: Կայ Հայաստանը՝ ուր պիտի ապրի լեզուն, զարգանայ մշակոյթը եւ պահուի հայու ինքնութիւնը: Անկասկած կամ… դեռ:
Արգիլուած չէ խորհիլ, որ միամիտ լաւատեսութիւնը վերականգնումի եւ յառաջդիմութեան ազդակ չէ:
Կրկին եւ կրկին պէտք է յիշեցնել նախատեսութիւնները: Աշխարհի մէջ խօսուած շուրջ 6000 լեզուներուն կէսը պիտի կորսուի մինչեւ մեր դարուն վերջը: Եթէ հաւաքականութեան մը մաս կազմող պատանիները, 10-15 տարեկանները չեն խօսիր լեզուն, ան պիտի դադրի հաւաքականութեան միացման եւ ինքնութեան հասարակ յայտարար ըլլալէ, շաղախ ըլլալէ: Մեծ հայրիկի, մեծ մայրիկի, հայրիկի եւ մայրիկի յիշատակ պահել, զանոնք յարգել, ընտանեկան խնդիր է, յիշողութիւն, կարեւոր առաքինութիւն, անհատական, բայց ան չի շփոթուիր ազգային յիշողութեան հետ, ազգային-հաւաքական-պատմական:
Մարդիկ եւ ընկերութիւններ անմիջականօրէն չեն զգար լեզուի մաշումը եւ կորուստը, քանի որ ան տեղի կ՛ունենայ աստիճանաբար զարգացող սովորութեամբ. կ՛որդեգրուին օտար բառեր, գիտական, առօրեայ գործածութեան եւ պարզացման համար: Նոյնիսկ հայախօսներու եւ հայերէն թերթ կարդացողներու խօսած հայերէնին ուշադրութեամբ հետեւեցէ՛ք, պիտի նկատէք որ հոն այլեւս չկան կեանքի բառերը, ծառերու, բանջարեղէններու, հիւանդութիւններու, մարմնի մասերու անունները մոռցուած են, փոխարինուած են օտար բառերով:
Եւ լեզուն կը կծկուի: Կը փոքրանայ: Այնքա՜ն դիպուկ է Շաւարշ Միսաքեանի բանաձեւումը, կը մնայ «հաց պանիրի հայերէն» մը, այնքան՝ զոր կը լսենք նաեւ Միջին Արեւելքի քաղաքներու հայկական թաղերուն մէջ պտուղ եւ բանջարեղէն ծախողներէն, նոյնիսկ երբ անոնք հայ չեն:
Ճիշդ է, Սփիւռք(ներ)ի շարքային հայը, համեստները, անմիջականօրէն չեն անդրադառնար աղէտին, անդրադառնան անգամ անզօր են անոր առաջքը առնելու: Այս պատճառով ալ պէտք է դառնալ դէպի հարազատ մտաւորականութիւնը եւ ղեկավարութիւնները:
Պարզ իմաստութիւնը կը թելադրէ այն միտքը, որ մենք մեր լեզուն ենք, ենք այն, ինչ որ կը ստանանք այդ լեզուով, անով հասած է մեզի մեր մշակոյթը: Առանց այդ ամբողջին ժամանակ մըն ալ կը տեւեն յիշատակներ, եւ կը հասնի օրը, երբ «ծագումով հայ»ը կ՛ըսէ. «Իմ մեծ հայրս ալ հայ էր…»։
Այսօր Սփիւռք(ներ)ի հաւաքականութիւնները տէ՞ր են լեզուին եւ հայերէնը կը փոխանցուի՞ նոր սերունդին: Վերջին ովասիսները կանոն չեն: Առածը կ՛ըսէ, որ ծառը տեսողութենէ պէտք չէ ծածկէ անտառը:
Ինչպէ՞ս տէր ըլլալ: Պատասխանը պէտք չէ փնտռել միայն «Սփիւռք» կոչուած անբնականութեան մէջ:
Ուստի պէտք է խօսիլ լեզուի զարգացման բնական միջավայր հայրենիքի եւ հոն դեռ որպէս կեանքի լեզու ապրող հայերէնի գործածութեան եւ պաշտպանութեան մասին:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Անբնական չէ մէկէ աւելի լեզուներ գիտնալը: Մարդը, մանուկ կամ չափահաս, կրնայ բազմաթիւ լեզուներ գիտնալ, հաղորդակցելու համար իր միջավայրէն դուրս շրջանակներու հետ: Բայց պէտք է նաեւ որ ան գիտնայ ընտանիքի եւ ազգային լեզուն, որ ինքնութիւն կը կերտէ, կը փոխանցէ անցեալ, աւանդութիւններ, հոգեխառնութիւն: Աշխարհի վրայ բացուելու համար օգտակար լեզուն պէտք չէ խոչնդոտէ սեփական ինքնութեան լեզուի իւրացումը, այլապէս անձը կը դադրի հարազատի շարունակութիւն ըլլալէ, կը դառնայ տարբեր, կ՛ըլլայ նորի սկիզբ:
Ինքնութիւն եւ պատմութեան գիտակցութիւն կը փոխանցուին երգերով, կենցաղով, ճարտարապետական ժառանգութեամբ (տուն կամ այլ կառոյցներ), նաեւ, ինչո՞ւ չըսել, խոհանոցով: Բայց ինքնութեան կազմաւորման գլխաւոր առանցքը լեզուն է, որ սոսկ նշաններէ չի բաղկանար, այլ կը բերէ իմաստներ, պատկերներ: Ժողովուրդներու մշակոյթներ չեն վերանորոգուիր եւ չեն ապրիր, երբ լեզուն կը մեռնի: Թերեւս անհանգստացնող է ըսել, որ լեզուն ընդհանրապէս ազգային մշակոյթի պատուանդանն է, ոչ միայն գրականութեան: Միթէ՞ դժուար է հասկնալ, որ հայածնունդի օտարաբարբառ գրականութիւնը կը պատկանի այն ժողովուրդին, որուն լեզուով ան ստեղծուած կ՛ըլլայ, նոյնիսկ եթէ այդ գրականութիւնը կը ծառայէ մեր քարոզչութեան կամ կը յուզէ մեզ:
Համաշխարհայնացումը քաղաքական, քաղաքակրթական եւ մշակութային իրականութիւն է: Խնդիրը հետեւեալն է. վաղ թէ ուշ ան պիտի գերեզմանէ՞ բոլոր միւս լեզուները: Անգլերէնը որպէս երկրորդ լեզու գործածել ընդհանրական բնոյթ ունի, սպասելով, որ մէկ կամ երկու սերունդ ետք ան դառնայ աճող հասարակաց մայրենի լեզու:
Ըստ ուսումնասիրութիւններու, աշխարհի մէջ խօսուող լեզուներուն կէսը պիտի կորսուի մինչեւ ներկայ դարուն աւարտը:
Ի՞նչ են պատճառները լեզուի մը անհետացման: Այս հարցումը պէտք է ուղղել ընդհանրապէս, պէտք է ուղղել նաեւ մեր յատուկ պարագային համար:
Լեզուի մը անհետացման պատճառը, պատմութեան ընթացքին, ներխուժումները եւ բռնագրաւումներն էին: Այսօր այդ անհետացման պատճառը աւելի դիւրին կը սահմանուի մշակութային ազդակով:
Գաղութարարութիւնը ոչ միայն երկիրներու տիրապետութիւնն էր օտար ուժերու կողմէ ռազմավարական եւ տնտեսական նպատակներով, այլ նաեւ անոնց մշակոյթին դէմ նախայարձակում, հաստատելով գրաւող օտար ուժի մշակութային տիրապետութիւնը, որ փաստօրէն տեւեց եւ կը տեւէ այս կամ այն ձեւով տիրող ուժի հեռացումէն ետք ալ: Հետեւանքը այն եղած է, որ տիրապետուածի լեզուն ամբողջովին կը փոխարինուի տիրողի լեզուով, կամ կ՛այլասերի, կը ձեւազեղծուի օտար բառերու եւ անհարազատ շարահիւսութեան ներխուժումով: Օր մըն ալ ան կը դառնայ մեռեալ լեզու, քանի որ դադրած կ՛ըլլայ հաղորդակցական եւ կեանքի լեզու ըլլալէ, մանաւանդ երբ այդ լեզուն կը դադրի գրաւոր ըլլալէ, գրական ժառանգութիւն ստեղծելէ: Կը դառնայ գիտահետազօտողներու հետաքրքրութեան առարկայ, այսինքն՝ արխիւային լեզու:
Լեզուի անհետացման առաջքը կ՛առնուի, եթէ ան հնչէ մանուկներու շրթներէն: Անոնք աւելի դիւրին կը սորվին քան չափահասները: Հոգեբանական արգելք մը յաղթահարելու հարց կայ. տարբեր ըլլալու զգացումը ստորադաս ըլլալու զգացումով պէտք չէ խաթարուի:
Ի հարկէ, կարգ մը բազմազգ երկիրներու (կայսրութիւններու) պարագային, կեդրոնական իշխանութիւնները խորհած են եւ կը խորհին, որ տեղական-ազգային-փոքրամասնական լեզուները վտանգ են երկրի միութեան: Այս ըմբռնումը տիրող եղած է Խորհրդային Միութեան մէջ, այսօր՝ Ռուսիոյ, Չինաստանի:
Ինչ կը վերաբերի հայերէնին, պատմութեան ընթացքին տիրող իշխանութիւնները եւ Սփիւռք(ներ)ի պարագային անդիմադրելի ճնշում ներկայացնող շրջապատը հայերէնի տեւաբար խեղճացման եւ աստիճանական անհետացման պատճառ են: Կրկնութեան գնով ըսենք, որ Սփիւռք(ներ)ի հայերէնը աղքատացած լեզու է, իսկ Հայաստանի եւ ներքին կոչուած Սփիւռքի հայերէնը խճողուած է օտար բառերով եւ օտարաբանութիւններով:
ՎԵՐԱԿԱԳՆՈՒՄ՝ ԻՆՉՊԷ՞Ս
Եթէ վերականգնումի իսկական ճիգ մը չըլլայ, ի՞նչ կրնայ խոստանալ ապագան:
Հայերէնի պաշտպանութիւնը պիտի ուզե՞նք եւ պիտի կարենա՞նք վերածել համազգային անհաճոյակատար եւ աւաղումով չբաւարարուող օրակարգի:
Պետութեան եւ Սփիւռք(ներ)ի էսթէպլիշմընթները (կառոյցները-Խմբ.) եթէ այսօր չձեռնարկեն համակարգուած աշխատանքի, ոչ միայն լեզուաբաններով, այլ քաղաքական ծրագրերով, գործիչներով եւ ներդրումներով, պէտք է նախատեսենք, թէ ո՛ւր պիտի հասնի հայերէնը մինչեւ դարուն վերջը, ի՛նչ կրնան ըլլալ հետեւանքները ազգի եւ պետութեան ամրացման տեսակէտէ:
Մասնակի եւ մխիթարական նախաձեռնութիւնները կը ծառայեն գիտակից բջիջներու հոգեկան բաւարարութիւն տալու:
Պատահա՞ծ է, որ «զուարճանաք» հայերէնի մէջ տուն-տեղ եղած օտար բառերու ցանկը կազմելով: Անոնք բազմահարիւր են, թերթերու, ժողովուրդի եւ ղեկավարներու լեզուին մէջ: Քանի՞ բառ պէտք է գիտնալ այս կամ այն լեզուով հաղորդակցելու համար: Կ՛ենթադրեմ՝ շուրջ վեց կամ եօթը հարիւր: Հայերէնի մէջ «սիթիզըն» (քաղաքացի-Խմբ.) եղած օտար բառերը շատ աւելի են… Ենթադրե՞նք, որ նոր լեզու կը ծնի… ոմանք այդ կը յամարեն յառաջդիմութիւն…
Թերեւս պէտք է կրկնել, ի հարկին ցոյց կազմակերպել, «ակցիա», ծնունդ տալու համար իրաւասութիւններով եւ միջոցներով օժտուած համայկական, Հայաստան-Սփիւռք(ներ) մարմնի մը, որ նախատեսէ, ուսումնասիրէ, գործադրէ կիսամիջոցներով չգոհացող, ներքաղաքական մրցակցութիւններէ, փառասիրութիւններէ եւ շահադիտական ցանկութիւններէ վեր՝ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԳԱՅԱԿԵՐՏ ԳՈՐԾԸ:
Ամէն գոյնի հայ իրաւ ղեկավարները եւ մտաւորականները, Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ), ֆրանսացի մեծ պատմաբան Ժիւլ Միշըլէի խօսքը, իր ժողովուրդին համար ըսուած, պիտի կարենա՞ն փոխադրել մեր մէջ, այդ իմաստութեամբ առաջնորդուիլ եւ առաջնորդել: Ժիւլ Միշըլէ ըսած է. «Ֆրանսայի պատմութիւնը կը սկսի ֆրանսական լեզուով: Լեզուն ազգութեան գլխաւոր յատկանիշն է»:
Ինչպէ՞ս պիտի աւարտի Հայոց պատմութիւնը, եթէ հայերէնը կորսնցնենք: Հարցում է:
Աժան խանդավառութեան համար յաճախ կը յիշենք Խաչատուր Աբովեանը, բայց կը մոռնանք ինչ որ ան ըսած է. «Լեզուն որ չըլնի մարդ ընչի՞ նման կ՛ըլնի…»։
Պետական եւ քաղաքական գործիչ, գրող, լրագրող, կրօնական եւ բարերար, կրնա՞ն հայու պատասխան տալ Խաչատուր Աբովեանին:
Այսօ՛ր, եւ առանց ճապկումի:
6 Փետրուար 2020
asbarez.com/arm/363792/Հայախօսութեան-Եւ-Հայերէնագրութեան-Ռ/