Օսմանեան Կայսրութեան Կատարած Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Եւ Դատապարտման Սուրիոյ Խորհրդարանի Որոշումը

Հինգշաբթի, 13 փետրուար 2020-ին, Սուրիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ քուէարկեց ի նպաստ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման

Օսմանեան Կայսրութեան Կատարած Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Եւ Դատապարտման Սուրիոյ Խորհրդարանի Որոշումը

13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

Հինգշաբթի, 13 փետրուար 2020-ին, Սուրիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ քուէարկեց ի նպաստ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման Սուրիական-հայաստանեան խորհրդարաններու բարեկամութեան միութեան ներկայացուցած բանաձեւին։

Բանաձեւին մէջ կը յիշուէր.

«Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան խորհրդարանը, հինգշաբթի, 13 փետրուար 2020-ին իր գումարած նիստին ընթացքին կը ճանչնայ եւ կը դատապարտէ 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան ծրագրած եւ իրագործած Հայոց ցեղասպանութիւնը։
«Խորհրդարանը կը դատապարտէ ցեղասպանութեան ուրացման եւ պատմութեան նենգափոխման իւրաքանչիւր փորձ եւ կը հաստատէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ ի գործ դրուած ամէնէն դաժան ոճիրն է։

«Խորհրդարանը կը բաժնեկցի հայ բարեկամ ժողովուրդին ցաւը եւ կը հաստատէ, որ Սուրիոյ ժողովուրդին բաղադրիչներուն մաս կազմող հայեր, ասորիներ, սուրիանիներ եւ այլ ազգեր այդ տարիներուն զոհը դարձան օսմանցի թուրքերուն կողմէ ծրագրուած եւ իրագործուած ցեղասպանութեան։

«Խորհրդարանը կոչ կ՛ուղղէ աշխարհի խորհրդարաններուն եւ միջազգային ընտանիքին՝ ճանչնալու եւ դատապարտելու Հայոց ցեղասպանութիւնը»։

ARMENIAN GENOCIDE – genocide erzeroum 1895
GÉNOCIDE ARMÉNIEN – LE DÉNI EST LE DERNIER ACTE D’UN GÉNOCIDE
Armenian Genocide

www.aztagdaily.com/archives/464685

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail