ԵԱՀԿ Երկիրներու Դեսպաններուն Ներկայացուեցաւ Հանրաքուէի Կայացման Հանգամանքները
13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ ԵԱՀԿ անդամ երկիրներու հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Հանդիպումի ընթացքին վարչապետը մանրամասն անդրադարձաւ Սահմանադրական դատարանին շուրջ առկայ իրավիճակին, սահմանադրութեան փոփոխութիւններու յառաջիկայ հանրաքուէին եւ անոր գործադրութեան հանգամանքներուն:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներու լայն օրակարգին, տեղի ունեցող ժողովրդավարական փոփոխութիւններուն, փտածութեան դէմ կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեան մասին:
Վարչապետը պատասխանեց նաեւ դեսպանները հետաքրքրող տարբեր հարցումներու:
www.aztagdaily.com/archives/464630