Նախարար Զոհրապ Մնացականեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Բարձրաստիճան Անձնաւորութիւններու Հետ
13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Աշխատանքային այցելութեամբ Աւստրիա գտնուող արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 12 փետրուարին հանդիպում ունեցաւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսիի հետ:
Նախարար Մնացականեան նշեց, որ Հայաստան, հանդիսանալով խաղաղ նպատակներով հիւլէական ուժանիւթի օգտագործման ջատագով, կարեւոր կը նկատէ միջազգային գործակալութեան հետ համագործակցութիւնը: Կողմերը բարձր գնահատեցին Հայաստանի ու Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան միջեւ առկայ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին միացեալ ջանքեր գործադրելու փոխգործակցութեան նոր հորիզոններու ուղենշման եւ առկայ ներուժի լիարժէք օգտագործման ուղղութեամբ:
Զրոյցին ընթացքին կողմերը անդրադարձան փոխգործակցութեան օրակարգի շարք մը հարցերու, յատկապէս` Մեծամօրի կայանի աշխատանքի ժամկէտներու ու անվտանգ գործունէութեան, հիւլէական ուժանիւթի զարգացման եւ անվտանգութեան հարցերուն: Ռաֆայէլ Կրոսի բարձր գնահատեց այս մարզին մէջ անվտանգութեան բարձրացման ուղղութեամբ Հայաստանի կողմէ իրականացուող շարունակական բարեփոխումները:
Հիւլէական ուժանիւթի խաղաղ նպատակներով օգտագործման պարունակին մէջ միտքեր փոխանակուեցան նաեւ միջազգային ու շրջանային զարգացումներու շուրջ:
Վիեննայի մէջ նախարար Մնացականեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի գրասենեակի ղեկավար, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ, ՄԱԿ-ի Թմրեցուցիչի եւ յանցագործութեան դէմ պայքարի գրասենեակի նորանշանակ գործադիր տնօրէն Ղատա Ֆաթի Վալիի հետ:
Կողմերը գոհունակութեամբ արձանագրեցին Հայաստանի եւ ՄԱԿ-ի թմրեցուցիչի եւ յանցաւորութեան դէմ պայքարի գրասենեակին միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ գործընկերութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին գործնական քայլերու ձեռնարկելու անոր առաւել ամրապնդման ուղղութեամբ: Նախարար Մնացականեան նշեց, որ գրասենեակի լիազօրութիւններու ծիրին մէջ ընդգրկուած մարտահրաւէրներու հասցէագրումը եւ կայուն զարգացման օրակարգի յառաջմղումը Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւններու շարքին է:
Մնացականեան զրուցակցին ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան իրականացուցած լայնածաւալ բարեփոխումներու շրջանակը: Զրուցակիցները ընդգծեցին Հայաստանի իշխանութիւններու յանձնառութիւնը` փտածութեան դէմ պայքարի մէջ` ընդգծելով այդ պայքարի կարեւորութիւնը թէ՛ ազգային մակարդակի, եւ թէ տարբեր երկիրներու հետ փորձի փոխանակման միջոցով:
www.aztagdaily.com/archives/464629