Ֆրանսա – Արցախ Բարեկամութեան Շրջանակը Պատրաստ Է Աջակցելու Արցախին Առնչուող Ծրագիրներուն

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւն

Ֆրանսա – Արցախ Բարեկամութեան Շրջանակը Պատրաստ Է Աջակցելու Արցախին Առնչուող Ծրագիրներուն

13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան շրջանակի անդամները ողջունեցին գործնական ծրագիրներ իրականացնելու մասին Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին առաջարկը եւ մտադիր են կապ հաստատելու շահագրգիռ նախարարութիւններուն հետ` ուսումնասիրելու անոնց իրականացման պայմանները:

29 յունուարին Ֆրանսայի նախագահը այս առաջարկին մասին խօսեցաւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ «մարդկային արժանապատուութիւնն ու համերաշխութիւնը անբաժանելի են», այնուհետեւ անդրադարձ կատարեց Արցախի ինքնորոշուած հանրապետութեան իրավիճակին: Յիշեցնելով Ֆրանսայի` իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկրի պատասխանատուութիւնը, Էմմանուէլ Մաքրոն նշեց, որ Փարիզ «նախապատուութիւնը կու տայ ժողովուրդներուն ի սպաս գործող իրաւունքին»:

Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Կի Թեսիէն այս առիթով նախ երախտագիտութիւն յայտնեց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներուն, նախագահ Մաքրոնին` դիտել տալով, որ արցախցիները արդար ակնկալութիւն ունին Ֆրանսայէն, որովհետեւ զայն կը նկատեն հեղինակաւոր երկիր, որ հանդէս կու գայ որպէս ժողովուրդներու պաշտպան եւ մարդու իրաւունքներու հիմնարար հարցերու պարագային` անզիջող երկիր:

Հանրապետութեան նախագահը մանրամասն անդրադարձ կատարեց նաեւ Ֆրանսայի եւ Արցախի քաղաքներուն միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան հռչակագիրներուն, որոնց մեծ մասը չեղարկուած է վարչական դատարաններուն կողմէ: Կամենալով հանդարտեցնել իրավիճակը` Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց, որ «օրէնքի կիրարկումը չի բացառեր երկխօսութիւնը», եւ դիտել տուաւ, որ այսուհետեւ «պիտի ընթանան իրատեսական եւ արդիւնաւէտ ճամբով»:

Մաքրոն շեշտեց. «Ուղղակի երկխօսութիւն պիտի հաստատուի մէկ կողմէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց եւ ներքին գործոց նախարարութիւններուն, միւս կողմէ նման մտադրութիւն ունեցող տեղական իշխանութիւններուն միջեւ, որպէսզի այս հարցին մէջ մենք մէկս միւսս չհակասենք եւ կարենանք աւելի արդիւնաւէտ միջոցներ գտնել»:

Մանրամասնելով իր գաղափարը` նախագահը առաջարկեց «աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ քննարկենք, որպէսզի այն տեղական իշխանութիւնները, որոնք կ՛ուզեն օժանդակութիւն ցուցաբերել (Արցախի) բնակչութեան, կարենան տալ արդիւնաւէտ եւ իրաւական առումով համապատասխան որոշումներ: Եթէ նպատակը մշակութային կամ մարդասիրական օժանդակութիւնն է, մենք պիտի գտնենք զանոնք իրականանալի դարձնելու իրաւական շրջանակը», նշեց Մաքրոն:

Բարեկամութեան շրջանակը գոհունակութեամբ ընդունեց նախագահին դիրքորոշման նման յառաջընթաց եւ պիտի հետեւի անոնց իրագործման: «Իմ նպատակս ինքնին Արցախի հետ կրթական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ զարգացման իրական ծրագիրներու իրականացումն է», յայտնեց շրջանակի անդամ, Ֆրանսայի Առնուվիլ քաղաքի քաղաքապետ Փասքալ Տոլ, որուն կողմէ ստորագրուած Բարեկամութեան հռչակագիրը չեղարկուած է վարչական դատարանին կողմէ: «Յառաջիկայ շաբաթներուն շրջանակի բազմաթիւ անդամներ եւ ես ինքս կապ պիտի հաստատենք ներքին գործոց նախարարութեան հետ` ուսումնասիրելու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է գործնականին մէջ նման համագործակցութիւն իրականացնել` յարգելով օրէնքի գերակայութիւնը եւ Հանրապետութեան արժէքները», ընդգծեց Առնուվիլի քաղաքապետը:

Բարեկամութեան շրջանակը պատրաստ է խթանել Արցախի տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն հետ հաստատուած համագործակցութիւնը` հետեւելով նախագահական վերջին այս նախաձեռնութեան, եւ զարգացնել Ֆրանսայի եւ Արցախի միջեւ կառուցողական յարաբերութիւնները:

ARMENIAN GENOCIDE – genocide erzeroum 1895

www.aztagdaily.com/archives/464614

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail