Հայաստան-Գերմանիա Յարաբերութիւնները Բուռն Կերպով Կը Զարգանան. Մերքել
13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստան-Գերմանիա յարաբերութիւնները կը զարգանան բաւական բուռն կերպով։ Armenpress.am-ը կը հաղորդէ, թէ Պեռլինի մէջ ԶԼՄ-ներու համար եղած յայտարարութեան ժամանակ, այս մասին նշած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը։
«Հայաստանի մէջ կատարուած են մեծ փոփոխութիւններ։ Փոփոխութիւններ կը կատարուին այսօր իրաւական համակարգի մէջ։ Մենք համոզուած ենք, որ ատիկա դիւրին գործ չէ, եւ Հայաստանին յաջողութիւն կը մաղթենք այդ գործին մէջ»,- ըսած է Անկելա Մերքել։ Ան վերյիշած է իր այցելութիւնը Հայաստան եւ ընդգծած, որ տպաւորուած էր «ԹՈւՄՕ» կեդրոն այցելութեամբ։ Այդ այցելութիւնը իր արդիւնքը տուած է, եւ Անկելա Մերքել տեղեկացուցած է, որ աշնան Պեռլինի մէջ եւս պիտի բացուի «ԹՈւՄՕ» կեդրոն։ Ան նշած է, որ բուռն համագործակցութիւնը կը շարունակուի տարբեր ոլորտներու մէջ։ Նկատած է, որ Հոկտեմբերին Գերմանիոյ մէջ կայացած է տնտեսական համաժողով, որ նոր էջ բացած է հայ-գերմանական յարաբերութիւններուն մէջ։
Անկելա Մերքել կարեւոր համարած է Աֆղանիստանի մէջ Հայաստանի խաղաղապահներու առաքելութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած ատոր համար։ Ան նշած է, որ Հայաստանի իր գործընկերոջ հետ հանդիպումը պիտի շարունակուի յագեցած օրակարգով, անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։
yerakouyn.com/2020/02/13/հայաստան-գերմանիա-յարաբերութիւնները/