Գերմանիան Հայաստանի Համար Խորհրդարանական Կառավարման Կարեւոր ու Յաջող Օրինակ է. Փաշինեան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան

Գերմանիան Հայաստանի Համար Խորհրդարանական Կառավարման Կարեւոր ու Յաջող Օրինակ է. Փաշինեան

13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

2018-էն Հայաստանը անցած է խորհրդարանական կառավարման համակարգի եւ Գերմանիան Հայաստանի համար շատ կարեւոր եւ յաջող օրինակ է խորհրդարանական կառավարման առումով: Այս մասին, Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով, յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ Պեռլինի մէջ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ լրատուամիջոցներու համար համատեղ յայտարարութեան ընթացքին:

«Կ՝ուզեմ ընդգծել մեր հետաքրքրութիւններուն եւս մէկ կէտ Գերմանիոյ հետ յարաբերութիւններուն գծով: Գիտէք, որ 2018-էն Հայաստանը անցած է խորհրդարանական կառավարման համակարգի եւ Գերմանիան մեզի համար շատ կարեւոր եւ յաջողած օրինակ է խորհրդարանական կառավարման առումով: Ըլլալով արդիւնաւէտ, ուժեղ պետութիւն, Գերմանիոյ մէջ յստակ կը գործեն հակակշիռներու եւ փոխզսպումներու մեքենականութիւնները, ուր ժողովրդավարութիւնը շատոնց այլեւս կասկածի տակ չէ եւ անշրջելի է պատմականօրէն: Այս առումով՝ Գերմանիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները շատ կարեւոր են եւ տիկին վարչապետի հետ պիտի խօսինք ներկայիս Հայաստանի մէջ ընթացող զարգացումներուն մասին, մեր բարեփոխումներու օրակարգին մասին»,- ընդգծած է վարչապետ Փաշինեան:

ARMENIAN GENOCIDE – genocide erzeroum 1895

yerakouyn.com/2020/02/13/գերմանիան-հայաստանի-համար-խորհրդարա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail