Սուրիոյ Ժողովուրդը 100 Տարիներ Առաջ Արդէն Իսկ Ճանչցած Էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը Իր Հողին Վրայ Ընդունելով Ցեղասպանութեան Վերապրողները. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Սուրիոյ Ժողովուրդը 100 Տարիներ Առաջ Արդէն Իսկ Ճանչցած Էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը Իր Հողին Վրայ Ընդունելով Ցեղասպանութեան Վերապրողները. Արամ Ա. Կաթողիկոս

13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԻՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

Քիչ առաջ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշար Ալ Ասատին ուղղած իր նամակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ջերմօրէն ողջունեց Սուրիոյ Հանրապետութեան Խորհրդարանին կողմէ, այս առաւօտ, ցեղասպանութեան առնչուած իր առած որոշումին համար:

«Վստահ ենք, որ Դուք եւ Ձեր հայրը կարեւոր դեր ունեցաք ցեղասպանութեան դատապարտումի գծով եւ Ձեր հրապարակային կեցուածքներուն ճամբով անցնող տարիներու ընթացքին: Այս առիթով, կ’ուզենք նաեւ շեշտել, որ Սուրիոյ ժողովուրդը իր բաղկացուցիչ տարրերով՝ իր պետութեամբ ու բոլոր կառոյցներով արդէն իսկ 100 տարիներ առաջ ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, երբ իր հողին վրայ ընդունած էր ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ ժողովուրդի ողջ մնացած զաւակները:

Դուք ցեղասպանութիւնը ճանչցած եղաք եւ ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր զաւակներուն հետ Սուրիոյ ժողովուրդը կիսեց իր հացն ու ջուրը, ահա թէ ինչու մեր ժողովուրդը Սփիւռքին մէջ յատուկ ուրախութեամբ կ’ողջունէ Սուրիական Խորհրդարանի այս որոշումը: Մեր բարձր գնահատանքը կ’ուզենք յայտնել Սուրիոյ Խորհրդարանին, Ձեր վսեմութեան եւ Սուրիոյ ժողովուրդին:

Այս առիթով, Սուրիական հայրենիքին կը մաղթենք խաղաղ եւ բարգաւաճ օրեր»:

ARMENIAN GENOCIDE – genocide erzeroum 1895
Armenian Genocide

yerakouyn.com/2020/02/13/սուրիոյ-ժողովուրդը-100-տարիներ-առաջ-արդէ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail