ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Պետրոս (Պետօ) Ղեւոնդեան (1964-1994) Եթէ մեռնելու ենք, աւելի լաւ է մեռնենք կռուելով ու պատուով

Պետրոս (Պետօ) Ղեւոնդեան (1964-1994)

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Պետրոս (Պետօ) Ղեւոնդեան (1964-1994) Եթէ մեռնելու ենք, աւելի լաւ է մեռնենք կռուելով ու պատուով

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Յուշատետր

Պետրոս (Պետօ) Ղեւոնդեան (1964-1994)․
«Եթէ մեռնելու ենք, աւելի լաւ է մեռնենք կռուելով ու պատուով»

Ղարաբաղեան շարժման երրորդ տարին էր: Կարծես պատմութեան գիրկը կ՚անցնէին այն փոթորկայոյզ օրերը, երբ հրապարակները ալեկոծող ծով բազմութիւնը միահամուռ ձեռք բերած էր «Ղարաբաղ», «Միացում» բառերը:

Ստեղծուած էր այնպիսի իրավիճակ, ուր ժողովուրդի հոգւոյն մէջ աստիճանաբար կը խամրէր ուժգնութիւնը այն պայքարին, որ ցայտուն կերպով դրսեւորուած էր շարժման առաջին օրերուն ու ամիսներուն: Իսկ բուն պայքարը ահաւոր ծանր ու երկարատեւ պիտի ըլլար, եւ միայն զոհաբերութեան պատրաստակամ, Ղարաբաղի ազատագրման հաւատարիմ, եւ այդ պայքարը կեանքի ու ապրելու գերխնդիր դարձուցած մարդը կրնար յաղթահարել դէպի յաղթանակը տանող բազում խոչընդոտներով լեցուն ճանապարհը:

Տուեալ ժամանակահատուածին ատիկա ամենակարեւոր ճշմարտութիւնն էր, որու արժէքն ու իմաստը խորապէս ըմբռնած էր Հայ Դատի նոր-նոր զինուորագրուած պռօշեանցի երիտասարդ Պետոն:

1964 թուականի Յունուարի 30ին ծնած, Երեւանի Պետական Համալսարանի ռատիոֆիզիքայի ուսանող Պետոն մարտի դաշտին վրայ շատ արագ Լ․Ղ․ի մայոր (հազարապետ – Խ․) Պետրոս Ղեւոնդեան դարձաւ, ընտրուեցու Շուշիի առանձնակի գումարտակի փոխ-հրամանատար: Ոչ միայն մշակեց Օմարի լեռնանցքի գրաւման դժուարին ծրագիրը, այլեւ իր գումարտակով, առանց զոհ տալու, իրականացուց զայն:

Շահումեանի շրջանին մէջ իր անցուցած առաջին իսկ օրերէն, Պետոն աչքի ինկած էր մարդոց հետ աշխատելու իր բացառիկ վարուելակերպով, մարդոց հասկնալու կարողութեամբ:
1991 թուականի Ապրիլ 18ին, պռօշեանցիներու խումբն ուղղաթիռով Շահումեանէն մեկնած էր Գետաշէն ու, տեղ հասնելուն պէս, Պետոն ու իր ընկեր Կարօտը անմիջապէս ներկայացած էին Թաթուլ Կրպէյեանին` քննարկելու համար իրենց ջոկատի հետագայ ընելիքներուն մանրամասնութիւնները: Ատիկա Թաթուլի, Պետոյի եւ Կարօտի առաջին եւ, ցաւօք, վերջին հանդիպումն էր:

Մալիպէյլիի գրաւման ժամանակ, գրոհը սկսելէն վայրկեաններ անց, Պետոն՝ գործելով հարուածային ջոկատի կազմին մէջ, վիրաւորուեցաւ ուսէն։ Վէրքը թեթեւ էր եւ ապաքինումն ալ կ՚անցընէր աննկատ, եւ ինչպէս կ՚ըսեն ` ոտքի վրայ:

Մահը բազմիցս անցած է Պետոյի կողքով, սակայն ան Ղարաբաղի ամէնէն օրհասական օրերուն, անգամ Գետաշէնի, Մարտունաշէնի ողբերգական անցքերէն յետոյ, երբեք չապրեցաւ պարտուողի հոգեբանութեամբ․ անոր դաւանանքը «միայն յաղթանակ»ն էր:
Անգամ Շահումեանի դէպքերուն ողբերգական ընթացքն ու Պետոյի մարտական ընկեր-հրամանատար Կարօտի անհետանալու վիշտը խանգարող պատճառ չեղան, որպէսզի ան կորսնցնէր իր վճռակամութիւնն ու անսասան ոգին:

Իսկ յաղթանակի կարեւորագոյն պայմանը, ինչպէս բազմիցս կը նշէր Պետօ, անմնացորդ նուիրումն է, ազնիւ ու վճռական պայքարը:
Ան մէկանգամընդմիշտ ընտրած էր այդ ուղին եւ պէտք էր երթար մինչեւ վերջ:

Ու ան գնաց մինչեւ վերջ, մինչեւ յաղթանակ:

1994 թուական. Փետրուարի 14. թուրք-ատրպէյճանական ուժերը՝ ղարաբաղեան զօրամիաւորումներու հարուածներէն մազապուրծ, կը լքեն իրենց դիրքերը եւ, անցնելով Օմարի լեռնանցքը, Լ․Ղ․Հ․ բանակի մարտիկներու տնօրինութեանը կը յանձնեն լեռնաշղթայի ամրակուռ բարձունքները:

Լեռնալանջերուն դիրքաւորուած հայոց մարտիկներուն անհրաժեշտ էր ժամանակին ապահովուիլ սնունդով ու տաք հագուստով: Թիկունքն առաջաւոր դիրքին կապող ասֆալտապատ միակ ճամբան, որ կ՚անցնի Եանշաղ եւ Ղամիշլի գիւղերով, ձիւնին պատճառով տեղ-տեղ դեռ խցանուած էր:

Անհրաժեշտ էր բանալ այդ ճամբան եւ ժամանակին լուծել դիրքերուն մէջ ամրակայուած զինուորներու մատակարարման խնդիրները: Պետոն այդ նպատակով Եանշաղից կ՚իջնէ Ղամիշլի, ապա՝ կը շարժի դէպի Գեանճա (Գանձակ)-Քեալբաջար ճանապարհահատուածի խաչմերուկին ուղղութեամբ: Գեանճա տանող ճանապարհին, խաչմերուկից 6-7 քմ. հեռաւորութեան վրայ, կը հանդիպի շտապօգնութեան մեքենայի եւ անոր շուրջ խմբուած զինուորներու պատմածներէն կը տեղեկանայ, որ անոնց յանձնարարուած է մարտադաշտէն դուրս բերել հոն ինկած-մնացած Լ․Ղ․Հ․ի բանակի վիրաւոր զինուորներէն մէկուն: Բայց քանի որ ճամբան թուրքերու կողմէ ականապատուած էր, շտապօգնութեան մեքենայի սպասարկող անձնակազմը՝ երկիւղելով ողբերգական հետեւանքներէն, չէր համարձակուէր առաջ շարժիլ, իսկ մարտադաշտին վրայ անոնց օգնութեան կը սպասէր վիրաւոր զինուորը:

Պետոն, չնայած սպառնացող ստոյգ վտանգին, չէր կրնար անտարբեր մնալ զինակիցներէն օգնութիւն հայցող, մարտադաշտի վրայ միայնակ մնացած մարտիկին նկատմամբ: Պետօ՝ վարորդին փոխարէն, անվարան կը նստի շտապօգնութեան մեքենայի ղեկին եւ միայնակ կը շտապէ վայրկեան առաջ մարտադաշտէն դուրս բերելու վիրաւոր մարտիկին:

Մի քանի ակնթարթ անց կը լսուի պայթիւնը, եւ ականի բեկորներէն խոցուած` Պետոն կը կնքէ իր մահկանացուն, իսկ համրուած վայրկեաններ անց՝ այդ նոյն ճամբով անցնող մեքենաներով, արդէն անարգել կը տեղափոխուէին ղարաբաղեան բանակի զինուորները:
Լ․Ղ․Հ․էն դէպի Մռաւ եւ Օմարի լեռնանցք երկարող մայրուղին բաց է…

Պետոյի գործին միակ չափանիշը անմահութիւնն է, քանզի մահն անգամ անոր չբաժնեց իր ժողովուրդէն. Արցախի հերոս, ազատամարտիկ, հրամանատար Պետրոս Ղեւոնդեանը 1996 թուականին Լ․Ղ․Հ․ի կողմէ յետ-մահու պարգեւատրուեցաւ «Մարտական խաչ» շքանշանով: Նոյն թուականին, Հ․Հ․ի կողմէ յետ-մահու պարգեւատրուեցաւ «Արիութեան» շքանշանով, աւելի ուշ՝ ստացաւ «Ոսկէ արծիւ» շքանշանը` արժանանալով «Արցախի հերոս» կոչումին: Պետոյի անունով են կոչուած Պռօշեանի, Եղէգնուտի եւ Քաշաթաղի շրջանի Տիգրանաւան գիւղի միջնակարգ դպրոցները: Իսկ 2007 թուականին անոր հարազատ համալսարանական հիմնարկին մէջ բացուեցաւ «Պետրոս Ղեւոնդեան» անունը կրող լսարան:

– – – – – – – – – – – – – – – – – – – – –

Պետրոս (Պետօ) Ղեւոնդեան (1964-1994)

Յաւերժ Փա՛ռք Քեզ, Պետրոս Ղեւոնդեան…

Հրամանատար Պետոյին
(Պետօ Ղեւոնդեանի յիշատակին)

Մեծ Մռովից մինչ Հորատիզ
Փառքի ճամբայ ես անցել
Ու այդ ճամբին քո համբաւից
Մեր ձորերն են թնդացել:
Հրամանատար անվախ ընկեր,
Դաշնակցական քաջ զինուոր,
Քո քաջ բազկի հուժկու զարկից
Թուրքն էր ընկնում ամէն օր:
Դէպ Օմար սար, դէպ մեծ ճամպազ,
Դէպի կարօտ սուրբ երդում,
Ուր Օմարում յաղթած վայրում
Լուսէ խաչն է իր կերտում:
(Կրկներգ)
Հրամանատար….
Զինուորն ընկաւ, քաջ ֆետային,
Մեծ Մռովը սարսռաց
Ու երկնքից ձմրան կէսին
Անձրեւ տեղաց` որպէս լաց:
Գնաց Պետոն, մեծ երամին
Մի նոր արծիւ միացաւ,
Փա՜ռք քեզ, Պետօ՛, փա՜ռք երամիդ,
Հայոց սրտերն դառնացան:
Դաշնակցական դու քաջ զինուոր,
Հրամանատար մեր ընկեր,
Քո բազուկի հուժկու զարկից
Քանի թուրքեր են սատկել:
(Կրկներգ)
Հրամանատար…

Պետրոս (Պետօ) Ղեւոնդեան (1964-1994)

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

//diarioarmenia.org.ar//

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail