Նամակ երկրէն – ԵՍ ԵՄ ՁԵՐ ՏԷՐ ԴԱՏԱՒՈՐԸ, ԻՆՁՄԷ ԶԱՏ ԱՅԼ ԴԱՏԱՒՈՐ ՉՈՒՆԵՆԱՔ – Րաֆֆի Տուտագլեան
03 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ//:
Նամակ երկրէն
«ԵՍ ԵՄ ՁԵՐ ՏԷՐ ԴԱՏԱՒՈՐԸ, ԻՆՁՄԷ ԶԱՏ ԱՅԼ ԴԱՏԱՒՈՐ ՉՈՒՆԵՆԱՔ»
Վերջին օրերուն, հայաստանեան իրադարձութիւններով հետաքրքրուող սփիւռքահայ հայրենակիցներ նամակներ կը գրեն ինծի եւ կը հարցնեն Ապրիլ 5-ի հանրաքուէին մասին: Հեռուէն, կ’ըսեն անոնք, դժուար է պատկերացնել ու հասկնալ Սահմանադրական Դատարանին ու Ապրիլին կայանալիք հանրաքուէի շուրջ ծագած վէճը:
Իրաւունք ունին հեռուէն Հայաստանի իրադարձութիւններուն հետեւող ընթերցողները, որովհետեւ ո՛չ միայն արտասահմանի, այլեւ Երեւանի սրտին մէջ իսկ ապրող քաղաքացիներու մեծամասնութեան համար հասկնալի չէ քաղաքական բեմը ողողած իրաւագիտական ճոռոմաբանութիւնը: Իսկ ծիծաղելին այն է, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը գրած կամ Սահմանադրութիւնը մեկնաբանող մարդիկ յաճախ Եւրոպական Խորհուրդի Վենետիկի Յանձնաժողովին կը դիմեն, իրենց իսկ գրած ու ժողովուրդին պարտադրած Սահմանադրութեան մասին յստակացումներ ու բացատրութիւններ աղերսելով:
«Արա՛, չհասկացայ, էս Սահմանադրութիւնը գրողները չգիտե՞ն ինչ են գրել: Ամէն փոքր բանի համար դիմում են Վենետիկի Յանձնաժողով: Դե միանգամից էդ մարդկանց Վենետիկից բերեք ու դարձրեք Սահմանադրական Դատարանի դատաւորներ, սաղ հարցերին լուծում տան, մենք էլ ազատուենք էս անհեթեթութիւնից», սուրճի հերթական հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին կատակով դիտել տուաւ ընկերներէս Հուսիկը:
Վենետիկի Յանձնաժողովն ալ յստակ բան ըսած չունի: Թէ՛ այս, թէ միւս կողմին խրատներ կը բաշխէ, եւ այնպիսի՜ խրատներ, որ ով ինչպէս կ’ուզէ, այդպէս ալ կը մեկնաբանէ: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս եւրոպացիները կ’ընէին իւրաքանչիւր ընտրութենէ յետոյ: Անոնք իրենց եզրակացութեան մէջ կ՛ըսէին, որ ընտրութիւնները քայլ մը առաջ էին, բայց խախտումներն ու լծակներու օգտագործումն ալ՝ անպակաս: Եկուր ու հասկցիր այս մարդոց բացատրութիւնը…
Բայց եթէ կատակը մէկ կողմ դնենք, մտահոգուելու բազմաթիւ պատճառներ ունինք: Սահմանադրութիւնը կ’ըսէ, որ Սահմանադրական Դատարանի մասին յօդուածներուն մէջ փոփոխութիւն կարելի չէ ընել՝ առանց Սահմանադրական Դատարանի հաւանութեան: Այսինքն, Սահմանադրութեան մէջ Սահմանադրական Դատարանի մասին ոեւէ փոփոխութիւն տեղի կրնայ ունենալ նոյն Սահմանադրական Դատարանի օրհնութիւնը ստանալէ ետք միայն: Այս տեսակի օրէնք գոյութիւն չունէր 1995-ին որդեգրուած եւ 2005ին փոփոխութեան ենթարկուած Սահմանադրութիւններուն մէջ:
2015-ին, սակայն, նախագահ Սերժ Սարգսեանի իշխանութիւնը երկարաձգելու համար, սուտ հանրաքուէով եւ ամենայն ամբարտավանութեամբ ժողովուրդին պարտադրուած նոր Սահմանադրութիւնը, գրուած նոյնինքն՝ Սահմանադրական Դատարանի այսօրուան նախագահ Հրայր Թովմասեանի ղեկավարած յանձնաժողովին կողմէ, խախտեց այս սկզբունքը: Եւ այսպէս, նոր Սահմանադրութեամբ, Սահմանադրական Դատարանը ինքն իրեն վերապահեց իր՝ Սահմանադրական Դատարանի մասին գրուած յօդուածներուն մէջ փոփոխութիւնները ընդունելու կամ չընդունելու իրաւունքը:
Եւ դեռ աւելին, նոր Սահմանադրութեամբ որոշուեցաւ, որ Սահմանադրական Դատարանի անդամ դատաւորները իրաւունք ունին մինչեւ 70 տարեկան իրենց պաշտօնին վրայ մնալու, եթէ անոնք Սահմանադրական դատարանի անդամ ընտրուած են Մարտ 21, 2016 թուականէն առաջ: Մարտ 1, 2016-ին, գարնանամուտի տխրահռչակ այս օրը, Սահմանադրական Դատարանի օրուան նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանը հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, յաջորդ օրն իսկ հրաժարականը ընդունեցաւ Ազգային Ժողովի նախագահին կողմէ եւ նոյն ամսուն Սահմանադրական Դատարանի նախագահ ընտրուեցաւ Հանրապետական կուսակցութեան կառկարուն դէմք, նախապէս նաեւ այլ կուսակցութիւններու անդամակցած, արդարադատութեան նախկին նախարար Հրայր Թովմասեանը:
Այսպէսով, Հրայր Թովմասեանը իրաւունք ստացաւ ոչ միայն մինչեւ 70 տարեկան Սահմանադրական Դատարանի նախագահ մնալու, այլ նաեւ՝ իրաւունք ստացաւ որոշելու (ընդունելու կամ մերժելու) Սահմանադրական Դատարանի վերաբերեալ օրէնքի ոեւէ փոփոխութիւն:
«Այ մարդ, պարզւում ա, որ էս մեր նոր Սահմանադրութիւնը ոչ թէ Սերժ Սարգսեանի, այլ Հրայր Թովմասեանի համար ա գրուած: Ամէն ինչ իրա հագով ա ձեւել ու կարել: Ես տեղը լինէի, մի հատ էլ յօդված կ’աւելացնէի Սահմանդրական Դատարանի նախագահի աթոռը զաւակիս փոխանցելու մասին», ըսաւ Հուսիկ, երբ մեր իրաւաբան ծանօթներէն մէկը, սուրճի մեր հանդիպումի ընթացքին մանրամասն բացատրեց Սահմանադրական Դատարանի մասին օրէնքը փոխելու խնդրի էութիւնը:
Իսկ Հայաստանի խորհրդարանը՝ Ազգային Ժողովը, անցեալ շաբաթ որոշեց առանց Սահմանադրական Դատարանին դիմելու Հանրաքուէ կազմակերպել եւ քուէարկողներու որոշումով՝ փոխել Սահմանադրական Դատարանի մասին օրէնքը: Հրայր Թովմասեանը կը համարուի նախկին ռեժիմի սպասարկուն եւ որքան ալ փորձէ հանրութեան համոզել, որ ինք անկախ դատաւոր է եւ իր որոշումները կապ չեն ունեցած ու չունին իր անցեալի քաղաքական գործունէութեան հետ, հանրութեան եւ հայաստանեան քաղաքական բեմը գրաւած նոր ուժերուն համար անհասկնալի եւ անընդունելի պիտի ըլլայ Սերժ Սարգսեանի կողմէ իրեն շնորհուած Սահմանադրական Դատարանի նախագահի դերը:
Իսկ անոնք, որոնք ստանձնած են Հրայր Թովմասեանի պաշտպանութիւնը եւ դէմ կ’արտայայտուին Ապրիլ 5-ի հանրաքուէին, նոյն մարդիկն են, նոյն ուժերը, որոնք անցեալին իշխանական դիրքերէ ոչ միայն տարիներով բռնաբարած են մարդոց իրաւունքները, ոչ միայն դատարանները վերածած են կոռուպցիայի բոյներու, այլեւ տարիներ շարունակ, մէկ ընտրութենէն միւսը, մէկ հանրաքուէն միւս հանրաքուէ՝ լլկած են ժողովուրդի քուէն ալ, արժանապատւութիւնն ալ:
Այս մասին երբ կը խօսէինք սուրճի մեր հանդիպումին, կատակասէր Հուսիկին սուր դիտողութիւնը չուշացաւ.
«Եղբայր, եթէ էդ մերժուածները ուզում են Նիկոլը ձախողուի, լաւ կը լինի կողմ արտայայտուեն հանրաքուէին: Սրանք չե՞ն հասկանում, որ ինչ էլ ասեն՝ ժողովուրդը հակառակն ա անելու: Երեւի դեռ չեն հասկացել, թէ մարդիկ ի՞նչ կարծիք ունեն իրանց մասին…»:
Ես չեմ գիտեր ժողովուրդը ի՞նչ պիտի ըսէ Ապրիլ 5-ին՝ Այո թէ՞ Ոչ: Ինծի համար մէկ բան յստակ է: Հայաստանի մէջ ոչ միայն քաղաքական, այլեւ դատական իշխանութիւնը մենաշնորհի վերածելու աւանդութիւնը այլեւս վերջ պիտի գտնէ: Ո՛չ ոք իր իշխանութիւնը յաւերժացնելու իրաւունք պէտք է ունենայ: Հանրաքուէով, թէ առանց հանրաքուէի:
Րաֆֆի Տուտագլեան
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com