ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ – ՍԱ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՉԷ ԱՅԼԵՒՍ – ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ – ՍԱ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՉԷ ԱՅԼԵՒՍ

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ – ՍԱ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՉԷ ԱՅԼԵՒՍ – ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ – ՍԱ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՉԷ ԱՅԼԵՒՍ

10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՆԵՐՔԻՆ ԿԵԱՆՔ: Կարդալ նաեւ՝ «Լուսաբանուելու համար»

Իսկական իրաւական պետութիւնը կը բաղկանայ երեք իշխանութիւններէ – Օրէնսդիր իշխանութիւն, Գործադիր իշխանութիւն, եւ Դատական իշխանութիւն։ Այս երեք իշխանութիւնները կը գոյատեւեն ու կը գործեն իրարմէ անջատ՝ իբրեւ անկախ թեւերը իրաւական պետութեան։

Օրէնսդիր իշխանութեան բնագաւառը օրէնքի մշակումն ու որդեգրումն է։ Գործադիր իշխանութեան բնագաւառը որդեգրուած օրէնքի գործադրութիւնն է։ Դատական իշխանութեան բնագաւառը օրէնքի մեկնաբանումն է։ Շնորհիւ իրենց վերապահուած սեփական բնագաւառներուն, երեք իշխանութիւնները զիրար կը հակակշռեն, որպէսզի պետութիւնը շարունակէ մնալ իրաւական։

Երբ մեր օրէնսդիր իշխանութիւնը՝ ազգային ժողովը կը մշակէ ու կ՚որդեգրէ սահմանադրական փոփոխութեան օրէնք, մեր դատական իշխանութեան պարտաւորութիւնն է մեկնաբանել այդ օրէնքը՝ ըստ ՀՀ Սահմանադրութեան տրամադրութեանց եւ հաստատել կամ մերժել այդ օրէնքի օրինականութիւնը եւ սահմանադրականութիւնը։

Երբ մեր գործադիր իշխանութեան պետը՝ նախագահը, որ ՀՀ Սահմանադրութեան պահապանն է, կը հաստատէ այդ օրէնքը՝ այսինքն հանրաքուէն, առանց Սահմանադրական Դատարան դիմելու, ան կը խախտի երեք իշխանութիւններու գոյութեան իմաստը։ Տեղի կ՚ունենայ հակասահմանադրական գործ՝ իրաւական պետութեան վերացումով եւ գործադիր իշխանութեան բռնատիրութեան հաստատումով։

ՀՀ նախագահը թերացաւ իր սահմանադրական պարտաւորութեան մէջ։ Սատարեց երկրի մէջ բռնատիրական ռեժիմի կայացման։ Ալ այս պետութիւնը իրաւական պետութիւն չէ, իսկ քաղաքացինե՞րը…

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

//www.facebook.com/seto.boyadjian-FEBRUARY 10, 2020

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail