Լուսաբանուելու համար – ըսելիքը իմ ճակատէն սկսեալ, բացէ ի բաց լուսաբանուելու համար ըսեմ
16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՆԵՐՔԻՆ ԿԵԱՆՔ: Կարդալ նաեւ՝ «ՍԱ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՉԷ ԱՅԼԵՒՍ»
Ներողութիւն կը խնդրեմ իմ բոլոր Ընկերներուն, բարեկամներուն եւ հարազատներուն:
Ըսելիքը իմ ճակատէն սկսեալ, բացէ ի բաց լուսաբանուելու համար ըսեմ:
Առաջին: Իսկական իրաւական պետութիւնը կը բաղկանայ երեք իշխանութիւններէ – մինչեւ հոս շատ լաւ:
Երկրորդ: Օրէնսդիր իշխանութեան բնագաւառը օրէնքի մշակումն ու որդեգրումն է – մինչեւ հոս շատ լաւ:
Երրորդ: Երբ մեր օրէնսդիր իշխանութիւնը՝ ազգային ժողովը կը մշակէ ու կ՚որդեգրէ սահմանադրական փոփոխութեան օրէնք – մինչեւ հոս շատ լաւ:
Չորրորդ: Հարցումը, կ՛ուզէի լուսաբանուիլ Յարգելի Սեդօ Պոյաճեան, Դատական իշխանութեան, Սահմանադրական Դատարանի մեծեն փոքր պաշտօնեաներու ով պիտի սաստէ եւ որ օրէնքով, մինչեւ հիմայ ինչ որ մաշկի վրայ տպաւորութիւն կրել ենք,
անձնական մենատիրութեան օգտագործել Սահմանադրական Դատարանի պաշտօնեաներու կողմէ անձնական շահերու համար:
Ով պիտի սաստէ, ես, դուն, ան, կուսակցութիւնները, եկեղեցականները, վարչապետը, նախագահը կամ օրէնքը:
Ով պիտի սաստէ, Սահմանադրական Դատարանի պաշտօնեաներուն, ազգին եւ պետութեան ազգային վնաս հասցնելու համար:
ինծի համար ճիշտ ուղղի կայ, Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազցային Ժողովի որոշումը՝ 05 ապրիլ 2020-ի տեղի ունենալիք հանրաքուէն: Այսինքն ժողովուրդային հանրաքուէով ժողովուրդի զանգուածը պիտի տայ որոշումը եւ ոչ մենատէր մը:
Շատ հստակ է, Օրէնսդիր իշխանութիւնը, Գործադիր իշխանութիւնը, լաւ ընդացքի մէջ են, իսկ Դատական իշխանութիւնը, մենատիրութեամբ զբաղուած են,
Դատական իշխանութիւնը անկախ հունի մէջ մտնելու համար, ներկայ իշխանութիւնը պէտք ունի ժողովուրդի որոշումին:
Եթէ 05 ապրիլ 2020-ին ժողովուրդը հանրաքուէով վճրեց Սահմանադրական Դատարանի պաշտօնեաներուն պաշտօնազրկուիլը,
դատական համակարգը պիտի ունենայ հաաւասարակշրուած, անկողմնակալ, անկուսակցական եւ երիտասարդ անձնաւորութեամբ սահմանադրական դատարանի պաշտօնեաներ,
Եթէ 05 ապրիլ 2020-ին ժողովուրդը հանրաքուէով վճրեց, այսօրուայ իշխանութիւնը իրաւականօրէն աւելի ուժի եւ թիկունքի կը տիրանայ բնականաբար,
Իսկ 05 ապրիլ 2020-ին ժողովուրդային հանրաքուէն, ժողովուրդի ձայնը լսելու ընդդիմացողները, միայն ընդդիմախօս պիտի ըլլան ոչ աւելի ոչ պակաս:
Հարմանտայեան Արմենակ 16 Փետրուար 2020 Փարիզ
Գրեցէք ինծի՝
harmandayan.armenag@hotmail.fr